կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-10-28 11:41
Հասարակություն

Դաշնակցությունը համազգային ուժ է. ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի անդամ

Դաշնակցությունը համազգային ուժ է. ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի անդամ

Yerkir.am-ը ներկայացնում է ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի անդամ Մելիք Գարագավորյանի՝  Արթիկում Դաշնակցության 129֊ամյակին նվիրված միջոցառման ժամանակ ելույթը՝ ամբողջությամբ։

Աւանդութեան վերածուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները ամէնուրեք տեղի կ՛ունենան այս հանգրուանին, իւրաքանչիւր տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի առաջին հերթին Դաշնակցութիւնը առիթը ունենայ կատարուած աշխատանքին հաշուետուութիւնը ներկայացնելու հայ ժողովուրդին։ Միասնաբար քննելու համաշխարհային եւ տարածաշրջանային խնդիրները եւ մեր քաղաքական դիրքորոշումները, ազգային քաղաքականութիւնը, ընկերատնտեսական, համահայկական եւ պետականաշինութեան անցած մեր ուղին, ու ապա միասնաբար վերլուծելու, արժեւորելու եւ համապատասխան ներուժով եւ մարտավարութեամբ դիմագրաւելու հայ ժողովուրդի ժամանակակից խնդիրները եւ մարտահրաւէրները։

Փաստօրէն, հաւաքուած ենք այսօր ազգովին ոչ թէ միայն տօնակատարելու 129-ամեակը Դաշնակցութեան, այլեւ՝ միասնաբար խորհրդածելու եւ խօսելու համար մեր ըրածին ու մեր ընելիքին մասին։ Եւ ոչ թէ՝ ինչպէս ոմանք կ՛ընեն՝ չիրականացուած միթինկային, ամբոխավարական սին խոստումները արդարացնող մէկ այլ նոր քանակութեամբ խոստումներով եւ զիրար հակասող ու հրմշտկող պետական, տնտեսական եւ այլ թուանշաններու ելոյթներով եւ երկար մամլոյ ասուլիսներով ներկայանալով։  

Որովհետեւ այս մէկութեան մէջ կը կայանայ մեր դիմադրողականութեան եւ անպարտելիութեան գրաւականը։ Այս մէկութեան մէջ կը կայանայ մեր ուժին գաղտնիքը, եւ ոչ թէ ժողովուրդը շերտաւորելու եւ դասակարգելու, ներքին դաւադրութիւններ եւ թշնամիներ որոնելու վարքագիծին մէջ։

Արդարեւ, աւելի քան 129 տարի առաջ հիմնադրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն միշտ առաջնորդուած է ազգային միասնականութեան եւ ազգային գերագոյն շահերու գերադասման գաղափարական սկզբունքով, եւ փաստօրէն անոր քաղաքական եւ յեղափոխական կենսափորձը կարելի չէ անջատել հայ ժողովուրդի ազատատենչ երթէն։

Այո՛, զուգորդուած են հայ ժողովուրդի եւ Դաշնակցութեան պատմութիւնները, առնուազն վերջին 130 տարիները եւ մինչեւ մեր օրերը։

Հակառակ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած բոլոր շինծու մեղադրանքներուն, զրպարտութիւններուն եւ ըսի-ըսաւներուն, ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ հայ ժողովուրդը անդրդուելի ներքին ապահովութիւն մը ունի անտարակոյս, թէ բոլոր վճռական, ճակատագրական, պատմաքաղաքական անկիւնադարձային հանգրուաններուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ առաջատար դիրքերու վրայ եղած է իր անվտանգութեան եւ իր գերագոյն շահերուն ի խնդիր։

Դժբախտաբար այդ ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն սրբազան փոխ յարաբերութեանց երկար տարիներու վրայ հիւսուած, ամրագրուած վստահութեան եւ ներքին ամուր կապի համոզումի փճացման վարքագիծի մը ականատեսը կը հանդիսանանք այսօր ընդամէնը, ինչ որ կը տկարացնէ համայն հայութիւնը եւ ոչ թէ սոսկ Դաշնակցութիւնը։

Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը համազգային ուժ է, համազգային արժէք է եւ այս մէկը բոլորին վկայութեամբ՝ իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն։

Ամէն պարագայի Դաշնակցութեան հաշուետուութեան այս օրը նաեւ կը յատկանշուի եւ կը պարտաւորեցնէ մեր կուսակցութեան, որ ամբողջ տարուան ընթացքին ազգային կեանքին հետ կապուած ձեր արդար բոլոր մտահոգութիւններուն, հարցադրումներուն եւ ակնկալիքներուն կապակցաբար մենք մեր արտասանած խօսքին մէջ պարտինք ըլլալ իրապաշտ, կառուցողական, գործնական, զուսպ եւ ճշմարիտ, բնաւ չտարուինք ամբոխավարութեամբ եւ մանիբուլացիայով, որպէսզի առկայ խնդիրներուն, մտահոգութիւններուն կարենանք սպառիչ ու ճշգրիտ բացատրութիւն տալ եւ գործնական լուծումներ յայտարարել։

Եւ ի հարկին խոստովանիլ հոն ուր տակաւին թերի է գործը կամ ծրագիրը։ Վերջապէս Դաշնակցութեան հաշուետուութեան օրը արտասովոր նշանակութիւն ունի մեզի համար եւ կը տարբերի տարուան մը մնացեալ բոլոր միջոցառումներէն այն հանգամանքով, որ ան կը հանդիսանայ կարեւորագոյն հանգրուանը՝ ժողովուրդ-կուսակցութիւն անխորտակելի կապը վերստին ամրագրելու եւ վերանորոգ կամքով ազգովին ուղղուելու դէպի Հայ դատի ընդհանրապէս, եւ Արցախի հարցի մասնաւորաբար արդար կարգաւորման, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման տեսքով, առանց ներքաշելու տուեալ սրբազան օրակարգը ներկուսակցական, ներքաղաքական շահարկումներու եւ անհատական անհեթեթ վիճարկումներու մէջ։

Մեզի համար կենսական առաջադրանքներ են Հայաստանի հզօրացումը, անվտանգութեան ամրագրումը, արդար կայունութեան արմատաւորումը, տնտեսական եւ ներդրումային թիրախաւորուած ծրագիրներու կենսագործումը, բոլորովին անկախ այն հանգամանքէն թէ ո՞վ է կանգնած երկրի իշխանութեան ղեկին ու ապա ամբողջական Հայաստանի կերտման։ Որովհետեւ մեզի համար իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ հայրենիքը, պետութիւնը ու ազգային պետական անվտանգութիւնը եւ շահը՝ մնայուն։

Հաստատենք անմիջապէս, որ մենք բնաւ տարօրինակ չենք գտներ համակիր եւ ոչ համակիր, նոյնիսկ խիստ հակադրուող զանգուածի մեր կուսակցութեան հանդէպ խստապահանջ ըլլալը. սուր սակայն քաղաքակիրթ քննադատութիւններն ու հնչեցուած մտահոգութիւնները, երբ ատոնք անշուշտ հիմնաւորուած եւ արդար են։ Շատ բնական կը նկատենք մեր հոծ համակիր զանգուածներու պահանջկոտ ըլլալու իրողութիւնը, անոնք առաւելագոյն չափով ակնկալութիւն ունենալու իրաւունքը ունին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը 129 տարի միանշանակ հանդիսացաւ հայկական իրականութեան մէջ այն կուսակցութիւնը, որ համահայկական, համագաղութային եւ հայկական զոյգ Հանրապետութեանց պետական խնդիրներու ամէնէն ծանր բեռը միշտ ալ ինքն իր վրայ վերցուց, երբ այլոք զբաղած էին եւ տակաւին կը շարունակեն իրենց սուղ ժամանակը սպանել ամբոխավարութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, զրպարտութեամբ եւ բիւզանդական մտավարժանքներով, հաւաքաբար կատարենք պատմական վերաքաղ մը եւ պիտի տեսնենք, որ ըսուածը ճշմարտութիւն է։

Դաշնակցութիւնը նաեւ հանդիսացաւ հայկական իրականութեան մէջ միակ կուսակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն բնաւ չսահմանափակեց իր աշխատանքային ծիրը եւ տարածքները։ Փաստօրէն ան գործեց եւ կը գործէ ինչպէս հայրենիքէն ներս, այնպէս ալ ամէնուրեք, ուր հայկական հաւաքականութիւն գոյութիւն ունի, ուր կարելիութիւնը կայ նպաստելու հայկական ընդհանուր դատին Հայաստանի պետականութեան եւ Արցախի անվտանգութեան։ Մէկ խօսքով, իրապէս Դաշնակցութիւնը սովորական հասկացողութեամբ դասական քաղաքական կուսակցութիւն մը չէ, Դաշնակցութիւնը համազգային կազմակերպութիւն է։ 

Եւ իր գոյութիւնը, անհրաժեշտութիւնը հայրենիքի ծառայութեան ի խնդիր բնաւ չէ պայմանաւորուած համապետական ընտրութիւններով։ Դաշնակցութիւնը հայկական իրականութեան մէջ պարբերաբար յայտնուող ընտրութիւններէ ընտրութիւն եւ յանկարծ անհետացող կազմակերպութիւն մը չէ, ինչ որ է պարագան շատ շատերու։ Անհամեստութեան չվերագրուի ու սխալ չընկալուի, այն՝ որ այս կուսակցութիւնը իր պատմութեան ողջ ընթացքին վայելած է աշխարհով մէկ հայութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը եւ համակրանքը, շնորհիւ ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանութեան իր անձնուրաց փաղանգին եւ իր անսասան յեղափոխական երթին՝ Խանասորի ու Կուկունեանի արշաւանքէն սկսած մինչեւ ներկայ ժամանակները։ Այս կուսակցութիւնը 1890-ին իր ծնունդով, իր հիմնադրութեամբ, շրջեց հայութեան պատմութիւնը, հարուածեց ճակատագրապաշտութիւնը, վերականգնեց հայութեան վճռակամութիւնը, արժանապատուութիւնը, համախմբեց հայութիւնը, վերակազմակերպեց հայկական քաղաքական եւ հողային իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը, կերտեց համայն հայութեան մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ անկախութիւնը։ Առաջատար ազատամարտիկը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրական պայքարի ամբողջ ընթացքին։     

Հայոց նորագոյն պատմութեան որոշ հանգրուաններուն ալ հատուածներ յայտնուեցան, որոնք ի զուր ամբաստանեցին, զրպարտեցին Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, գաղափարաբանութիւնը, այպանեցին ու մեղադրեցին, որ ազատութիւն, պահանջատիրութիւն եւ անկախութիւն քարոզեցինք, այպանեցին ու մեղադրեցին, որ սերունդներ պատրաստեցինք ու դաստիարակեցինք, նորէն այպանեցին՝ Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան եւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման քաղաքականութիւն ծաւալելու համար։

Ականատես ենք այսօր նոյնանման աւելորդաբանութիւններու եւ անհեթեթութիւններու որոշ «լուսաւոր» գաղափարներ ունեցող նորելուկներու կողմէ շղթայազերծուած հակադաշնակցական ապատեղեկատուական քարոզչութեան։

Ինչո՞ւ արդեօք. որովհետեւ Դաշնակցութեան համար գերագոյն արժէ՞ք է ազգ, հայրենիք եւ պետութիւն հասկացողութիւնները։

Ինչո՞ւ. որովհետեւ մենք այս զգայուն ռազմաքաղաքականացած իրավիճակներուն ի տես կողմնակի՞ց ենք Արցախի անկախութեան եւ վերջ, կողմնակի՞ց ենք զոյգ Հանրապետութեանց միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքման։

Որովհետեւ մենք կո՞ղմ ենք ազգային միասնականութեան եւ դէմ ենք ժողովրդի պառակտման, անհանդուրժողականութեան։

Որովհետեւ մենք դէ՞մ ենք հարկերու համահարթացման եւ օտար սեփական ընկերութիւններու մօտ պահելու պարտադիր կուտակային մեքանիզմին։

Մենք վճռական կերպով դէմ ենք կառավարութեան կողմէ դատական իշխանութիւններու զաւթման եւ ԶԼՄ-ները հակակշռելու վարքագիծին։

Մենք դէմ ենք սփիւռքի, գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու փակման եւ կցորդացման, որոնք Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար անվտանգութեան եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունին։

Մենք անվերապահօրէն կողմ ենք Հայաստանի արդարադատութեան բարեփոխման, կաշառակերութեան,  փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարին։ Ինչպէս նաեւ կողմ ենք յափշտակուած եւ իւրացուած գումարներու օրինաւոր կերպով վերադարձին դէպի պետական սնտուկները եւ ոչ թէ՝ կամայական կարգադրութիւններու ոճին։

Բոլորովին կողմ ենք օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման, յանցագործ աշխարհի բոլոր մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու, սակայն որպէսզի քաղաքական հետապնդումի եւ հաշուեյարդարի իրավիճակ  չստեղծուի խիստ անհրաժեշտ է, որ տուեալ գործընթացը ընթանայ սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու ծիրէն ներս, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային հասարակական համերաշխութիւնը ու երկխօսութեան կարելիութիւնը, որովհետեւ հիմնական բացական այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ազգային երկխօսութիւնն է։

Մեր համոզումն է, որ այս բոլոր անհրաժեշտ գործընթացները տեղի պէտք է ունենան եւ կրնան ունենալ առանց քաղաքական ցնցումներու, առանց վրէժխնդրութեամբ, առանց քաղաքական հաշուեյարդարի, առանց քաղաքական հետապնդումներու, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու հասարակութեան համերաշխութիւնը եւ քաղաքական կայունութիւնը։ Որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան արտաքին ու ներքին անվտանգութեան սպառնացող բոլոր տեսակի վտանգները եւ մարտահրաւէրները դիմակայելու ի խնդիր անհրաժեշտ է ազգային միասնականութեան ամէնէն անկեղծ եւ բարձր մակարդակը։ Որովհետեւ այլապէս ոչ պատմութիւնը եւ ոչ ալ մեր հակառակորդ թէ բարեկամ հարեւանները պիտի խնայեն մեզ։ 

 

Սիրելի հայրենակիցներ եւ հարազատներ,

Մենք այս դիտարկումները չենք կատարեր ինքնանպատակ կերպով ներկայ իշխանութեան հասցէին քաղաքական կէտ արձանագրելու համար։ Մեր կատարած բոլոր դիտարկումներուն եւ քննադատութիւններուն կապակցաբար, մենք՝ հայկական իրականութեան մէջ, թէեւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւն, միակ կուսակցութիւնն ենք, որ իր մասնագէտներու համապատասխան գրասենեակներու ու Գերագոյն Մարմինի կողմէ տեւաբար սերտուած եւ ուսումնասիրուած բոլոր ոլորտներու առնչութեամբ հանդէս կու գանք զանազան առաջարկութիւններով եւ այլընտրանքային տարբերակներով։ Մենք, իրօք, միակ կուսակցութիւնն ենք որ Հայաստանի Հանրապետութեան ելեկտրականացած ներքաղաքական դաշտին մէջ, քաղաքական բոլոր կողմերը ազգային օրակարգի շուրջ համախմբելու կարողութիւնը ունինք, ինչպիսին էր օրինակ վերջերս, Արցախի եւ Հայաստանի ռազմավարական դաշինքի կնքման, եւ միջազգային քաղաքական բարեկամներու զօրակցութեան ‎Ֆորումները, որոնք տեղի ունեցան Ստեփանակերտի մէջ։   

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր որպէսզի ներկայ իշխանութիւնները հեղինակազրկենք, վարկաբեկենք կամ անոր ժողովրդականութեան հարուածենք։ Մենք այդ արուեստով չենք զբաղիր։ Ընդհակառակը՝‎ մեր խորին փափաքն է, որ ան յաջողի, որպէսզի երկիրը, ժողովուրդը եւ մենք՝ բոլորս, յաջողինք։ Ինչի համար 2018-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անվերապահօրէն զօրակցեցաւ ներկայ իշանութիւններուն ծրագիրներներուն, աշխատանքներուն եւ մաս կազմեց առաջին կառավարութեան՝ իր նախարարներով, մարզպետներով եւ  մասնագէտներով եւ իր ամբողջ կենսափորձով, յանուն 2018-ի համաժողովրդային շարժման նպատակադրած յոյսերուն արդարացման։ 

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր, որպէսզի ներքաղաքական մթնոլորտ կամ քաղաքական իրավիճակներ ստեղծենք, մենք մեզի ատոր իրաւունքը չենք տար, մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք։

Ամբողջ ըսել ուզուածը այն է, որ այսօր անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութիւն, միասնականութիւն, քաղաքական կայունութիւն եւ պետականաշինութեան նպաստող քաղաքականութիւն։

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք հերթական անգամ յուշելու, որ Հայաստանը մենիշխանութեամբ ղեկավարելը ճակատագրական սխալ է։ Եթէ կը հաւատանք ժողովրդավարութեան, ուրեմն բառին բուն իմաստով անհրաժեշտ է ներքաղաքական կեանքէն եւ Ազգային Ժողովէն ներս իսկական եւ ուժեղ ընդդիմութիւն ունենալը։

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք ըսելու համար, որ մենք պէտք է դադրինք վհուկներու որսը, պէտք է դադրինք տեւաբար անցեալով արդարացնելու այսօրուան բացթողումները, սխալները եւ անկարողութիւնները՝ գործը գլուխ հանելու, պէտք է դադրինք անցեալին մէջ երկիրը պահելու, ապրեցնելու եւ անցեալի հոգեկերտուածքով հայրենիքը ղեկավարելու վարքագիծէն։

Պէտք է ներկայ իշխանութիւնները սանձեն այն մթնոլորտն ու միտումները, որոնք կը հարուածեն ազգային արժէքային համակարգը, մեր ազգային աւանդութիւնները՝ ազգ, ընտանիք, եկեղեցի, բանակ, եւ հերոսի, ազատամարտիկի, հայրենիքի նահատակութեան հասկացողութիւնները։

Պէտք է դադրին Արցախի հարցի կարգաւորման գծով յարափոփոխ կեցուածքները եւ յայտարարութիւնները, մանաւանդ՝ վերելակային, խուսափողական, Արցախեան օրակարգը, ներընտրական ու ներքաղաքական շահարկումներու ծառայեցնելու սայթաքումները, դիւանագիտական հարթակին վրայ կը տկարացնեն բանակցային մեր դիրքերը։ Մեզի կը մտահոգեն ընկերատնտեսական, եկամտահարկային մօտեցումները, ներդրումային, սփիւռքահայութեան, հայրենադարձութեան եւ յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան ու յարաբերութեանց ոլորտներու առնչութեամբ տիրող անորոշութիւնը։ Որպէսզի 2018-ի Ապրիլ Մայիսի համաժողովրդային շարժումի ստեղծած յոյսը, խանդավառութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայի նկատմամբ ստեղծուած համահայկական վստահութիւնը նոյնիսկ եթէ խամրած է այսօր, սակայն պէտք չէ ձգել որ ան հերթական անգամ մղձաւանջի վերածուի։

Վերջապէս սոյն դիտարկումները կատարեցինք, որպէսզի ազգովին ուշքի գանք, համախմբուինք, հզօրանանք, զարգանանք, առանց զիջելու։ Ներազգային եւ տարածաշրջանային անկիւնադարձային ճակատագրական այս օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր համահայկական եւ աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ դատի գրասենեակներով ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կորիզը հանդիսացող այսօրուան Հանրապետութիւնը բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները ունենայ իր անվտանգութեան, հզօրացման, կայունացման ու բարգաւաճման համար։

Մեզի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայ ժողովրդի գոյատեւման եւ զարգացման գլխաւոր երաշխիքն է։ Անոր անվտանգութիւնը, անկախութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ է։

Ընկերային արդարութիւնը, քաղաքացիին օրապահիկը, Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղացիին եւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը եւ խնդիրներու կարգաւորումը, սահմանամերձ շրջաններու անվտանգութիւնը եւ կենցաղի ապահովումը մեր ամէնօրեայ գործունէութեան առանցքն է, կիզակէտը։

Հարկաւոր է աւելի ազդու գործիքակազմ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ փտածութեան, կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարին մէջ։

Վերջապէս պէտք է որդեգրել այնպիսի ընկերատնտեսական քաղաքականութիւն, որոնցմով կը բացառուի ընկերային բեւեռացումները եւ կը հաստատուի ընկերային ու դասակարգային արդարութիւն հասարակութեան մէջ։

Առանց այս նախադրեալներու ապահովման պիտի դժուարանայ արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացումը, պիտի դժուարանայ հայրենիքը արիւնաքամ դարձնող արտագաղթի կասեցումը։

 

Սիրելի հարազատներ,

Աշխարհը այսօր արտակարգ դրութեան մէջ է եւ մենք պէտք է առաւելաբար վստահինք մեր սեփական ուժերուն՝ ապաւինելով համահայկական ընդհանուր ներուժին, ապահովելու համար հայութեան ու հայրենիքի անվտանգութիւնը։

Ներկայիս կ՛ապրինք բաւական հակասական եւ անկանխատեսելի ժամանակահատուածի մէջ, յատկապէս այսօր մէկ կողմէ մեր տարածաշրջանը՝ մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական իրավիճակները, Իրանի դէմ բանեցուող պատժամիջոցները, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն յարափոփոխ եւ անկանխատեսելի փոխյարաբերութիւնները եւ միւս կողմէ Եմէնի, Իրաքի եւ յատկապէս Սուրիոյ արիւնահոսութիւնը, Թուրքիոյ ծաւալապաշտութիւնը, եւ վերջերս ռուս-թրքական մերձեցումը պէտք է մեզի մղեն յաւելեալ համախմբուածութեան։ Այս իրադրութիւնները անյապաղ պէտք է մղեն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բոլոր կողմերուն հետ վարելու չափազանց խոհեմ եւ հաւասարակշռուած ոսկէ միջինը հանդիսացող եւ-եւ քաղաքականութիւնը, որով կարելի է շրջանային թէ միջազգային բոլոր դերակատարներուն հետ գործակցութեան եզրեր գտնել։ Առաջին հերթին հարկ է Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական եւ տնտեսական անփոխարինելի դաշնակից Ռուսաստանի հետ արդիւնաւէտ եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործակցութեան թափ տալ, զարգացնելով եւ խորացնելով փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս զսպելով անհատական եւ քաղաքական նախապաշարումները աւելի ընդլայնելով գործակցութիւնը հնարաւոր բոլոր բնագաւառներուն մէջ։

Հայաստանի հարաւային հարեւան Իրանի հետ, հակառակ միջազգային շահադիտական ճնշումներուն պէտք է զարգացնել բարեկամական, տնտեսական եւ գործնական փոխյարաբերութիւնները վերջապէս Իրան կը մնայ շրջանային կարեւորագոյն ազդեցիկ ուժերէն մէկը։

Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասարակշռուած ոսկէ միջինը հանդիսացող եւ-եւ քաղաքականութեամբ պէտք է շարունակել Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան խիստ կենսական գործընթացը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը պէտք է շարունակել յանուն շրջանի տնտեսական եւ այլ մարզերու զարգացման համարկման կառուցողական գործընթացը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը մնան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի թիւ 1 թշնամիները։ Թուրք-ազրպէյճանական թանտեմը կը շարունակէ մեծ թափով, բոլոր ճակատներու վրայ, հարուածել հայութեան կենսական շահերը եւ դիրքերը՝ Տնտեսական, դիւանագիտական, յարաբերական, ապահովական եւ ռազմավարական։

Թուրքիա բռնագրաւուած կը պահէ Արեւմտահայաստանը, շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը, կը շարունակէ ժխտողական քաղաքականութիւնը 1915 ցեղասպանութեան կապակցաբար, կը ծաւալէ բոլոր ճակատներու վրայ անխնայ հակահայ լայնածաւալ քարոզչութիւն, կ՛օժանդակէ եւ կը հրահրէ ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը։

Այսուհանդերձ, մենք բնաւ չենք ժխտած հայ-թրքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն հայ-թրքական տագնապը պէտք է լուծել ըստ էութեան, այսինքն՝ Սեւրի դաշնագրի պայմանաւորուածութեանց համաձայն, ինչ որ կ՛ենթադրէ ամբողջութեամբ ընդունիլ զայն եւ վճռակամութեամբ ստանձնել անոր քաղաքական եւ իրաւական պատասխանատուութիւնը։

Դաշնակցութիւնը, ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը դէմ է նախապայմաններու տրամաբանութեամբ հայ-թրքական ցանկացած ձեւաչափի երկխօսութեան, ինչպէս որ օրին կտրուկ դէմ էր Ժընեւի մէջ կայացած հայ-թրքական արձանագրութեան։

Քաղաքական այս կեցուածքներուն գինը ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ, Դաշնակցութիւնը բնաւ պիտի չի զիջի Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութենէն, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն։ Բնաւ պիտի չի զիջի Արցախի անկախութենէն, ազատագրուած տարածքներով եւ անվտանգութեան անհրաժեշտ երաշխիքներէն։ Միջազգային հանրութիւնը ինչ կ՛ուզէ թող ըսէ կամ ընէ մենք ենք մեր սարերը, մենք մեր սեփական ուժերով պէտք է պաշտպանենք մեր ինքնութիւնը, մեր սահմանները, արժանապատուութիւնը եւ զոյգ հանրապետութեանց անկախութիւնը։ Սա է Դաշնակցութիւնը։ 

 

Դաշնակցութեան համար՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար, հեռանկարային առումով, նոյնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հայկական Ջաւախքը համայն հայութեան զօրակցութեան կարիքը ունի այսօր եւ մենք՝ իբրեւ կազմակերպութիւն, կը փորձենք հնարաւոր բոլոր միջոցներով արձագանգել այդ կարիքներուն, թէեւ այսօր՝ թաքուն, գոյութիւն ունի հայաթափման յատուկ ծրագիր եւ Ջաւախքի պատկերը դիմափոխելու քաղաքական յստակ պատուէր։

Պէտք է ըսել, որ՝ դժբախտաբար, մեր բարեկամ Վրաստանի իշխանութիւններու կողմէ շարունակուող անբարենպաստ քաղաքականութիւնը, ընկերային տնտեսական ծանր պայմանները եւ ընկերային անարդարութիւնները, վերջաւորութեան կը միտին հայկական Ջաւախքը դատապարտելու Նախիջեւանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական ճակատագրին։

Ջաւախքահայութեան սպառնացող այս կացութիւնը դիմակայելու համար անհրաժեշտ է համազգային եւ համապետական ընդհանուր զօրաշարժ։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցի կարգաւորման, բանակցային գործընթացին, անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ այս հանգրուանին անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման, հերթական անգամ հաստատենք որ Արցախահայութիւնը ի՛նք որոշած է եւ ձեւակերպած է իր քաղաքական ճակատագիրը եւ ի՛նք յստակ պատկերացում ունի իր սեփական ապագայի գծով, ինչի համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամբողջական կերպով կը զօրակցի եւ ի սպաս կը դնէ իր համակուսակցական, համահայկական, կազմակերպական ամբողջ կարողականութիւնը։

 

Սիրելի Հայրենակիցներ

Դաշնակցութեան համար Հայ դատի պայքարին մէջ առանցքային նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Դաշնակցութիւնը՝ ելնելով տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ իրավիճակներէն եւ  անորոշութիւններէն, այսօր, անհրաժեշտ կը նկատէ եւ կը հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմավարական դաշինքի անյետաձգելի կնքումը։  

Առաջին հերթին իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք, երկրորդ նաեւ որպէս պատգամ միջազգային հանրութեան եւ ամէնէն կարեւորը իբրեւ յստակ կեցուածք թուրք-ազրպէյճանական ռազմատենչ նկռտումներուն եւ յաճախակի զինադադարի խախտումներով խափանարարական գործողութիւններուն։

Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ եւ այս մէկը կանուխէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լրիւ մասնակցութիւնը իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ։ Արցախի բանակցութիւններուն հայկական կողմը պէտք է առաջնորդուի Արցախի ժողովուրդի 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով ամրագրուած կամարտայայտութեամբ։ 

Ներքին ճակատի վրայ կը գտնենք անյետաձգելի եւ իբրեւ ամէնէն ազդու պատասխանը մեր բոլոր հակառակորդներուն, հազարաւոր ազատամարտիկներու արեան գնով ազատագրուած Արցախի վերաբնակեցման նպատակային կերպով աշախատանքը։ Արցախի ամբողջական վերականգնումը տնտեսական աշխուժութիւնը, զբօսաշրջութեան զարգացումը, եւ ամէնէն կարեւորը՝ միասնականութիւնը եւ ներքին քաղաքական կայունութիւնը։ 

Հայ ժողովուրդը կտրականապէս կը մերժէ որեւէ զիջում, կը մերժէ բոլոր այն քաղաքական եւ բանակցային տարբերակները, ըլլան անոնք Մատրիտեան« Քազանեան սկզբունքներ կամ որեւէ այլ փլան, որոնք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան կարգավիճակի կարգաւորումը« անքակտելիօրէն չեն պայմանաւորած Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրումով, կը մնան անընդունելի եւ անհեթեթ` հայկական կողմին համար« որովհետեւ մենք գործ ունինք այնպիսի երկրի մը ահաբեկչական քաղաքական ղեկավարութեան հետ« որ իր անձնական ու ընտանեկան նեղ հաշիւներուն եւ ներքին ընտրական ու քաղաքական սպառումներուն համար կրնայ որեւէ ատեն« անկանխատեսելի քաղաքական եւ պատերազմական արարքներով, ինչպիսին էր 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը, խնդրոյ առարկայ դարձնել Արցախահայութեան անվտանգութիւնը« Հայաստանի անդորրութիւնը եւ ապակայունացնել տարածաշրջանը:

Ի դէպ« Արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու շեշտադրումը կը կատարենք եւ կը գերադասենք, որովհետեւ վերջին  20-ամեակին մէկ կողմէ Ազրպէյճանի ցուցաբերած ռազմատենչ եւ պատերազմական քաղաքականութիւնը, իսկ միւս կողմէ` համաշխարհային աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական փորձը ցոյց կու տան, որ երբեմն նոյնիսկ որոշ երկիրներ, որոնք օժտուած են միջազգային ճանաչումով եւ քաղաքական կարգավիճակով, զանազան մեծապետական հաշիւներու բերումով կրնան խորտակուիլ ու կորսնցնել երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, եթէ օժտուած չեն անվտանգուծեան գօտիով։ Այսինքն պէտք է բացառել որեւէ տարածքային զիջում։ Մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ մենք դարձեալ ճաշակեցինք մեր հակառակորդին տեսակը, սակայն երբ մենք նաեւ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած են, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակում, ի՛նչ տեսակ գերարդիական եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր ալ գործածելու ըլլան մեր թշնամիները:

Արդարեւ, մենք պէտք է հզօրանանք, զարգանանք առանց զիջելու քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ, որպէսզի անվերադարձ կորուստներ չարձանագրուին, որպէսզի կարենանք կանխել պատերազմական սպառնալիքները եւ աւելի արդար ու հաստատ հիմերու վրայ դրուի ենթադրեալ բանակցային թէ խաղաղութեան գործընթացը։

Իսկ վերջապէս, Սփիւռքը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց համար, Սփիւռքի հզօրացումը, արդիականացումը եւ քաղաքական դերակատարութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունին արտաքին ճակատի վրայ զոյգ Հանրապետութեանց դիրքերու ամրապնդման ի խնդիր։ Սփիւռքեան համայնքներու կերտած տարիներու քաղաքական փորձը, տնտեսական եւ յարաբերական ներուժը, պէտք է ամբողջութեամբ հունաւորել դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Պէտք է կարենալ, երկուստեք, Հայաստան Սփիւռք փոխ յարաբերութեան ընդմէջէն ստեղծել այնպիսի ենթահող մը, որ Սփիւռքեան բոլոր հատուածները ներգրաւուին Հայաստանեան քաղաքական, տնտեսական, պետականաշինութեան բոլոր գործընթացներուն մէջ։ 

Սփիւռքը՝ հակառակ ներկայ դժուարութեանց, հակառակ Միջին Արեւելքի մեր աւանդական գաղութներու դիմագրաւած պատերազմական քաղաքական ու տնտեսական սուր տագնապներուն, հակառակ տուեալ գաղութներու թիւի ու մարդուժի նօսրացման, Հայկական Սփիւռքը կը մնայ առաջատար դիրքերու վրայ իր պատմական առաքելութեանց մէջ՝ Հայ դատի, Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անկախութեան, Ջաւախքի եւ համահայկական բոլոր խնդիրներու օժանդակութեան եւ կարգաւորման առումով։ Սփիւռքը՝ առաջին իսկ օրէն, պայմանաւորած է իր էութիւնը, գոյութեան իմաստը, նշանակութիւնը, Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան եւ զարգացման։ 

Սիրելի համաքաղաքացիներ,

Սա է Դաշնակցութիւնը այսօր՝ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Սփիւռք. ահաւասիկ Դաշնակցութեան էութիւնը, կազմաւորումը, նպատակը եւ առաքելութիւնը։

Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը.

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը.

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը.

Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

 

  Մելիք Գարագաւորեան