|
Փոխարժեքներ
09 07 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 367.12 |
| EUR | ⚊ | € 419.32 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.8216 |
| GBP | ⚊ | £ 491.61 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.38 |
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Հանդիպումը կը վերաբերէր Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագօտիին վրայ 1-5 ապրիլին, Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակին:
Ներկայացուցիչները վարչապետ Սալամին փոխանցեցին տեղեկութիւններ Արցախի վերաբերող զինուորական եւ քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն մասին: Շեշտեցին այս բոլորին մէջ Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու իրողութիւնը եւ պատերազմական գործողութիւններուն դիմելու մերժուած եղանակը` յայտնելով, որ հայկական կողմը կը մնայ ամուր իր համոզումին մէջ, թէ տագնապին լուծումը բացառապէս քաղաքական եւ խաղաղ բանակցային բնոյթ կրնայ ունենալ միայն:
aztagdaily.com