Փոխարժեքներ
22 02 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 394.41 |
EUR | ⚊ | € 412.67 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.4576 |
GBP | ⚊ | £ 498.77 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.79 |
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 փետրուար 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Ժողովը նախ անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան պայմաններուն եւ ողջունեց երկրի պետական հաստատութիւններու աշխատանքային բնականոն հուն վերադարձը: Ժողովականները այս առիթով ընդգծեցին նաեւ երկրի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներու գերադաս համարումը եւ անոնց հիման վրայ պետութեան հետագայ աշխատանքին ընթացքին անհրաժեշտութիւնը:
Յատուկ օրակարգով հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները որոշեցին միասնաբար նշել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը` կեդրոնական եւ երիտասարդական ձեռնարկներով: Այս առումով ծրագրումի համար նախատեսուած են խորհրդակցական հանդիպումներ:
ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց բողոքը արձանագրեցին Պաքուի մէջ ընթացող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարական բեմադրութեան, կեղծ մեղադրանքներուն, մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, դատավարութեան փակ բնոյթին եւ միջազգային օրէնքներ խախտող բոլոր երեւոյթներուն դէմ: Անոնք միջազգային ընտանիքէն պահանջեցին նաեւ ճնշում բանեցնել միջազգային բոլոր օրէնքները խախտած եւ Արցախի ղեկավարութիւնը ապօրինաբար բանտարկած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` ազատ արձակելու համար Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները:
Նիստին վերջին բաժինով ժողովականները դատապարտեցին նաեւ Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները, որոնք ոտնձգութիւններ կը կատարեն իրերայաջորդ արարներով, բռնագրաւելու համար Հայոց պատրիարքարանին պատկանող դարաւոր իրաւունքներն ու կալուածները: