կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-07 11:45
Հասարակություն

ՀՅԴ լիբանանյան կառույցների բազմահավաք ցույցը՝ ի զորակցություն Արցախի (ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ)

ՀՅԴ լիբանանյան կառույցների բազմահավաք ցույցը՝  ի զորակցություն Արցախի (ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ)

«Միշտ ձեր կողքին» կարգախօսին ներքեւ երէկ երեկոյեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական երիտասարդական հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ):

Նախքան հաւաքը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ «Սարդարապատ» ակումբէն` հասնելով մինչեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, որ ողողուած էր երիտասարդներով եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեամբ:

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգով, երգեցողութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ խումբ մը պատանիներու:

ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով Փաթրիսիա Խորշիտեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ նախորդ հինգ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք թէ՛ մտահոգիչ էին եւ թէ՛ հպարտութիւն ներշնչող` ի տես եւ ի լուր իրենց կեանքին գնով հայրենիքի սահմանը պաշտպանող զինուորներուն ցուցաբերած նուիրումին եւ մարտունակութեան: Ան դիտել տուաւ, որ հպարտութեան զգացումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ դաշնակցական կամաւորական գունդեր եւս ուղղուեցան սահման` ոգեւորելով համայն հայութիւնը եւ ցոյց տալով, որ դաշնակցական պատանին միայն անցեալի փառքերով հպարտանալու պատճառներ չունի, այլ նաեւ այսօր եւս ոգեւորող ու գօտեպնդող են հայոց բանակին ու կամաւորներուն ցուցաբերած խիզախութիւնն ու հայրենիքին սիրոյն մինչեւ մահ պայքարելու պատրաստակամութիւնը: Փ. Խորշիտեան դիտել տուաւ, թէ այսօր տեղի ունեցածը անգամ մը եւս փաստեց, որ դաշնակցական դպրոցէն անցած մեր ֆետայական շարքերը, զինեալ պայքարի հերոսները, արդարութեան բռունցքները եւ Արցախի մարտիկները իրենց յիշատակով մեր նորօրեայ հերոսներուն դիմաց դէպի յաղթանակ ճամբան կը հարթեն:

Փ. Խորշիտեան ապա նշեց, որ լիբանանահայ պատանին եւ երիտասարդութիւնը եւս չէր կրնար Արցախին իր զօրակցութիւնը յայտնելու նախաձեռնութեան չդիմել: «Հայ դաշնակցական պատանին բնաւ պիտի չմոռնայ, թէ Խանասորէն, Լիզպոնէն, Շուշիէն մինչեւ Մարտակերտ եւ Գետաշէն ի՛նքն է պաշտպանը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ գոյութեան: Հայ դաշնակցական պատանին քաջ պիտի գիտակցի, որ Վազրիկին նման ի՛նք պիտի ըլլայ միշտ պատնէշի վրայ` անվախ ու կայտառ: Մեր դաշնակցական պատանին հաստատ պիտի գիտնայ, որ այս ազգին ապագան ի՛նք է, ի՛նք է ժառանգորդը մեր անցեալին ու ներկային, մեր ազգի անվեհեր ու անձնուրաց քաջերուն», եզրափակեց Փ. Խորշիտեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ կ՛անդրադառնար նախորդ օրերուն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի գործած լայնածաւալ յարձակումին եւ անոր դէմ հայկական հզօր հակահարուածին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մթնոլորտին, բանակայիններուն բարձր կորովին, սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ Արցախի զօրակցական ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարբեր համալսարաններուն մէջ ԶՈՄ-ի գործադրած արշաւին:

Ապա «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Շահէն Արապօղլեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Իմ հարեւաններին» բանաստեղծութիւնը:

Պատանիին խօսքը ներկաներուն փոխանցեց «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ Սեւատա Անտոնեան, որ տպաւորեց հաւաքին ներկայ հայորդիները` իր քաջ խօսքով ու վճռակամ շեշտով գրաւելով ժողովուրդին ուշադրութիւնը:

«Հայոց պատմութեան վերջին շրջանին կերտուած ամէնէն պանծալի յաղթանակին եւ պատմութիւն կերտած ժողովուրդի նորագոյն սերունդին իբրեւ կրտսերագոյն ներկայացուցիչներ, Մամիկին ու Պապիկին, անցեալին ու ներկային պահապան ջահակիրներ, կը բողոքենք վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն ուղղութեամբ շղթայազերծուած պատերազմին դէմ: Կը բողոքենք 1994-ին ստորագրուած զինադուլի այս խախտումին դէմ: Զօրակցութիւն կը յայտնենք հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքերը զոհաբերող զինուորներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն: Մեր հպարտութիւնն է Արցախը: Մեր հպարտութիւնը պիտի մնայ ան մեր պապերու հողին վրայ: Զօրակցի՛նք Արցախի ժողովուրդին, որովհետեւ արցախցիները պատիւ բերին հայութեան: Հզօրացնե՛նք Արցախը, արեամբ կերտուած հայրենի հողը», ըսաւ ան:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը:

ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Յարութ Լափաճեան, որ մէջբերեց հայրենի հարազատ հողին համար իր վճռակամութեան լիովին կառչած եւ յաղթանակին իսկապէս հաւատացող զինուորի մը խօսքը` ուղղուած իր մօր, նշելով, որ այս խօսքերը լաւագոյնս կը ներկայացնեն հայ զինուորին արի, հայրենասէր ու անձնուէր նկարագիրը: Ան ողջունելի նկատեց Պետոներու, Վիգէններու եւ Մհերներու նահատակութենէն 28 տարիներ ետք անոնց ցանած սերմերուն ծլարձակումը` միեւնոյն հերոսական հողին վրայ` նոյն անձնուիրումի խիզախ ապրումով, նոյն վճռակամութեամբ, պողպատեայ նոյն կամքով:

Ան աւելցուց, որ մեր հերոսներուն դիմաց վախկոտ ազրպէյճանցին կամ վարձկան թուրքը չեն կրնար դիմանալ, որովհետեւ անոնք պիտի ջախջախուին բախելով հայ զինուորին ապառաժեայ կամքին:

«Չկայ աշխարհի մէջ ուժ մը, որ կարենայ զգետնել հայ զինուորին կամքն ու վճռակամութիւնը: Միեւնոյնն է, որքան ալ թանկ ըլլայ զոհողութիւնը, յաղթանակը ապահովուած է, երբ գործը վստահուած է հայ զինուորին: Իսկ երբ այդ զինուորը զգայ, որ իր թիկունքին կանգնած է ամբողջ ազգ մը, այն ատեն այդ զինուորին ուժը կը հազարապատկուի: Տեսէք Հայաստանէն մինչեւ Արցախի ամէն մէկ գիւղ, մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւններ, հայ ազգը ինչպէ՛ս իբրեւ մէկ մարդ ոտքի կանգնած է ու մէկ ձայնով կը պահանջէ կռիւի արդար աւարտ եւ յաղթանակ, մէկ սրտով կը տրոփէ եւ կը զգայ ճակատումի վտանգը, մէկ ոգիով կը կանգնի միասին յանուն ազգային հաւաքական շահին», յայտնեց Յարութ Լափաճեան:

Ան հպարտութիւն յայտնեց ի տես այս բոլորին` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ պատիւ կը զգայ հայ ազգի զաւակ ըլլալուն համար եւ պարտի արժանի ծառան դառնալ հայութեան, անսակարկ կերպով նուիրուիլ հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին` իբրեւ ներշնչման աղբիւր ունենալով հայ զինուորն ու անոր սխրանքները, նաեւ միասնական հայութիւնը:

Ասմունքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ական Ռիթա Սարգիսեան, որ ներկայացուց Շահանդուխտի «Արցախեան մահարշաւ»-ը:

ԶՈՄ¬ի խօսքը արտասանեց Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, որ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի յաճախակի խախտումներուն, որոնց դիմաց միջազգային ընտանիքը լուռ կը մնայ, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները սովորաբար ոչ վճռակամ կեցուածքներ կ՛որդեգրեն: Անդրադառնալով 1-2 ապրիլի գիշերը շղթայազերծուած ազրպէյճանական յարձակումին` ան դիտել տուաւ, որ այդ քայլին ետին կանգնած է Թուրքիան` իր քաղաքական եւ ռազմական բոլոր կառոյցներով, իսկ Ազրպէյճան այսպիսով փաստեց, որ կ՛ուզէ ձախողեցնել արցախեան հարցի լուծման խաղաղ հոլովոյթը:

Ան հաստատեց, որ ապատեղեկատուութիւն են ազրպէյճանական այն լուրերը, թէ հայկական կողմը նախայարձակ եղած է, այլ անիկա պատասխանած ու արձագանգած է թշնամիին յարձակումին, որովհետեւ սահմաններուն վրայ գիշեր-ցերեկ հսկող տղաքը բնականաբար չէին կրնար լուռ մնալ ազրպէյճանական¬թրքական այս ոտնձգութեան դիմաց:

Այո՛, ունեցանք նահատակներ:

Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան ըսաւ, որ, թէեւ հայկական կողմը տուաւ նահատակներ, որոնց մեծութեան առջեւ պէտք է խոնարհիլ, սակայն անոնք իրենց իմացեալ մահով անմահացան եւ գացին մաս կազմելու Պետոներու, Շահէններու, Դուշմաններու, Վիգէններու եւ Մհերներու փաղանգին: Արցախի բանակի հզօրութեան ու հայ զինուորներուն վճռակամութեան մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ անոնք եկան փաստելու, որ հայը կրնայ վստահիլ իր իսկ ուժերուն, որովհետեւ ունի պատրաստուած ու արդիական բանակ, բանակին կողքին ունի մարտունակ ժողովուրդ եւ ամբողջ սփիւռք մը, Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա, Եւրոպայէն մինչեւ Սուրիա: Սփիւռք մը, որ միշտ իր հայրենիքին կողքին է եւ միշտ պատրաստ` օժանդակելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Լիբանանահայ երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն անունով Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` լուռ չմնալու արցախեան հարցին վերաբերեալ, պէտք եղած միջամտութիւնը կատարելու եւ վերահաստատելու կայուն զինադադարը, որ այնքան էական չէ, որքան այդ զինադադարի բացարձակ գործադրութեան հետեւիլը` պատժական տնօրինում սահմանելու համար միջազգային խաղաղասիրական եւ մարդկային սկզբունքները ոտնակոխած Ազրպէյճանի պետութեան դէմ:

«Երկրորդ, կու գանք դէմ դնելու ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն եւ նշելու, թէ արցախեան հողը օրհնուած է մեր սուրբ նահատակներու արեամբ, եւ մենք պատրաստ չենք այդ հողէն զիջելու, ոչ իսկ ափ մը հող պիտի զիջինք` ո՛չ բանակցային հոլովոյթով, ո՛չ ալ պատերազմական գործողութիւններով: Մենք համոզուած ենք, որ կարելի չէ արցախեան հարցը կապել շրջանային ու միջազգային այլ հաշիւներու հետ: Ղարաբաղը մերն է եւ չի կրնար հայկականէ զատ ուրիշ բան ըլլալ», դիտել տուաւ ան:

Իր խօսքի աւարտին Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան լիբանանահայ երիտասարդութեան անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայոց բանակին ու հայ սահմանապահ զինուորներուն, խոնարհեցաւ հերոսածին մայրերուն դիմաց` հայ զինուորին եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն հաստատելով, որ իրենք միշտ պիտի մնան անոնց կողքին:

Հաւաքի աւարտին Շաքէ Պաղտասարեան մեկնաբանեց «Ղարաբաղ» երգը, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի:

Հրապարակին վրայ հնչեց նաեւ յեղափոխական երգերու շարք մը` մեկնաբանութեամբ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեանի:

Արցախի զօրակցական հաւաքը աւարտեցաւ «Մեր հայրենիք»-ով:

Տեսանյութը՝ այստեղ: