Փոխարժեքներ
11 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.15 |
EUR | ⚊ | € 423.5 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.97 |
GBP | ⚊ | £ 506.82 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.07 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին եւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդականին ու Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան կարելիութեան վերաբերեալ:
«Միջազգային օրէնքի ականաւոր մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատաւոր, Հարվըրտ եւ Եէյլ համալսարաններու դասախօս Լուիս Մորենօ Օքամփօ իր կարգին մասնագիտական տեսակէտ հրապարակեց` ընդառաջելով Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) նախագահի դիմումին` եզրակացնելով, որ Արցախի ազրպէյճանական շրջափակումը իսկութեան մէջ ցեղասպանութիւն է:
«Օքամփօ իր զեկուցումին մէջ նշեց. «Արցախ անունով ծանօթ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 հազար հայերու դէմ շարունակուող հաւաքական ցեղասպանութիւն կայ: Ազրպէյճանական ապահովական ուժերուն կողմէ Լաչինի դէմ հաստատուած շրջափակումը, որ սնունդի, բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարումը կը խոչընդոտէ, ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի 2(գ) յօդուածին համաձայն, ցեղասպանութիւն է»: