Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ «Ասպարէզ»-ի
Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը, ինչպէս յաճախ Արամ Ա. կաթողիկոս կը շեշտէ, սովորական դատ մը չէ. անիկա մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի՛ն դատն է: Հետեւաբար, կաթողիկոսութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ յիշեալ դատի զարգացումներուն մասին տեղեակ պահել հայ ժողովուրդի զաւակները:
Նկատի ունենալով, որ ներկայ դատով, Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք առաջին իրաւական քայլն էր որ կ՛առնուէր՝ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն եւ յատկապէս բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներուն ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած կալուածներուն վերադարձը արգիլող թուրք կառավարութիւններուն կողմէ առնուած յաջորդական որոշումները եւ կաթողիկոսարանի վերադարձի թղթածրարին քաղաքական բնոյթը՝ դատին իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը դիւրին չեղաւ: Անցած շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, Թուրքիոյ եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի օրէնքներու մասնագէտներ երկար պրպտումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ պատրաստեցին այս դատական թղթածրարը՝ իր պատմական ու իրաւական երեսներով, ու զայն Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին Ապրիլ 27, 2015ին, ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք:
Դատի ներկայացման թուականէն մինչեւ օրս, հետեւեալ զարգացումները արձանագրուեցան.
ա. Դատը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուելէն շուրջ երկու ամիս ետք, դատարանը փաստաթուղթեր պահանջեց՝ վեհափառին դատ բանալու իրաւական կարգավիճակը հաստատող: Օրին, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը փոխանցուեցան դատարան:
բ. Մարտ 1, 2016ին, կաթողիկոսարանի փաստաբանը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին յուշագիր մը յղեց՝ պահանջելով դատական ունկնդրութեան նիստ:
Թրքական Սահմանադրական դատարանի լռութեան դիմաց, վեհափառին առաջարկով եւ նախագահութեամբ, Մարտ 5ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ դատի իրաւական խմբակի հանդիպումը, որուն հիմնական նպատակն էր մէկ կողմէ՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատի գործընթացը արագացնող կարելիութիւնները քննարկել, իսկ միւս կողմէ՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ուղղութեամբ քայլեր առնելու կարելիութիւնները յստակացնել՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ որդեգրուելիք հաւանական մօտեցումներուն լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ մեր դատին քննարկումը արագացնելու նպատակով, ժողովը լսեց թուրք փաստաբաններուն եւ յանձնախումբին փոխանցուած՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի գործունէութեան մօտէն ծանօթ երկու մասնագէտներու տեսակէտները: Այս ծիրէն ներս պարզուեցաւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի սեղանին վրայ մեծ թիւով քննարկուելիք թղթածրարներ կան, մինչեւ իսկ՝ 2012էն մնացած:
Մեկնելով այն իրողութենէն, որ դատարանը իրաւունք ունի իր հայեցողութեամբ դատական քննութեան համար թղթածրարներու առաջնահերթութիւն հաստատելու, եւ նկատի ունենալով ներկայացուած դատերուն բնոյթն ու անմիջականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Սիսի կաթողիկոսարանի վերապահանջման դատին քաղաքական բնոյթը եւս, դատը Սահմանադրական դատարանին կողմէ կրնայ նկատուիլ «ո՛չ առաջնահեր»չ, եւ դատարանը կրնայ որդեգրել ձգձգումի քաղաքականութիւն:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ կատարուած մեկնաբանութիւններուն լոյսին տակ, կաթողիկոսարանի դատին իրաւական խմբակը եզրակացուց հետեւեալը.
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ մեր կողմէ լիազօրուած փաստաբանը պէտք է շարունակէ յիշեցման յուշագիրներ ներկայացնել դատարանին.
Յուշագիրները ստանալէն ետք, դատարանը կրնայ երեք հաւանական մօտեցումներ որդեգրել՝
ա. Լուռ մնալ.
բ. Պարզապէս յուշագիրներ ստացած ըլլալը հաստատել.
գ. Յայտնել, թէ հարկ է թղթածրարի քննարկման համար դատարանին կողմէ ճշդուելիք թուականին սպասել:
Սահմանադրական դատարանին յիշեալ հաւանական մօտեցումները փաստօրէն կ՛ենթադրեն դատի քննարկման ձգձգում: Այս պարագային անհրաժեշտ է՝
ա. «Տրամաբանական ժամանակ» մը սպասել եւ ապա դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որուն կանոնագրութեան 6րդ յօդուածին համաձայն՝ որեւէ դատի գծով յատկացուած «տրամաբանական ժամանակ»ի խախտումը իրաւունք կու տայ ընդունելու իրեն ներկայացուած դատ մը:
բ. Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ կատարուելիք հետապնդումներուն զուգահեռ, պատրաստել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան ներկայացուելիք դատի թղթածրար մը՝ յարաբերաբար Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին որդեգրելիք հաւանական մօտեցումներուն կամ որոշումներուն:
Ժողովի աւարտին, իրաւական յանձնախումբը պատրաստեց անգլերէն հաղորդագրութիւն մը, զոր ստորեւ կու տանք՝ թարգմանաբար.
«Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող եւ եզակի նշանակութիւն ունեցող դատին առնչուած աշխատանքներու ծիրէն ներս, Արամ Ա. կաթողիկոս Մարտ 5ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յիշեալ դատով զբաղող իրաւական յանձնախումբին հետ: Հանդիպումին նպատակն էր քննել 27 Ապրիլ 2015ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած դատին ներկայ հանգրուանը: Յիշեալ դատով, կաթողիկոսարանը կը պահանջէ Սիսի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատումը: Արդարեւ, միջազգային օրէնքին ու 1923ի Լօզանի դաշնագիրին համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է կաթողիկոսարանի կալուածը վերադարձնել, որպէսզի գործածուի կրօնական պաշտամունքի համար: Յիշեալ դատին քննութիւնը արագացնելու նպատակով, կաթողիկոսարանի փաստաբանը վերջերս յուշագիր մը ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ դատական ունկնդրութեան նիստ պահանջելով: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամաւորապէս չվերադարձնէ Սիսի կաթողիկոսարանը, եւ կամ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը չորոշէ վերադարձնել կաթողիկոսարանը, ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոս նախապէս յայտարարած է, յիշեալ դատը պիտի ներկայացուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որուն արձակած վճիռը Թուրքիան պարտաւոր է գործադրել»: