Այս բոլոր պատահածները, բոլոր քահանաներու ստորագրութեամբ թագրիր մը ներկայացուցինք կառավարիչին, որուն պատճէնը արդէն յղեցինք փերդ Սրբազանութեան մարտ 20 թուակով: Գիրը կարդալ է յետոյ, կառավարիչը ըսաւ.-Ինչ± իրաւունքով այսպիսի գիր մը կը գրէք: Կը պատասխանեք, թէ ոչ ապաքէն բարեխնամ կառավարութիւնը հայոց առանձնաշնորհում տուած է, որով արտօնեալ ենք հանրութեան վերաբերեալ խնդիրներու մասին թագիրի գրել եւ խնդրանք ընել: Կը պատասխանէ կառավարիչը, թէ հիմա երիտասարդ կառավարութիւն է, որ ձեզի առանձնաշնորհում չի կրնար տալ, հետեւաբար իրաւունք չունիք գիր տալու, դիտողութիւն ընելու,կառաւորութիւնը ինչ ուզէ, կ’ընէ: Եթե ուզեմ այս գրով ձեզ կը յանձնեմ ընդհանուր Դատախազին եւ դուք ալ բանտ կ’երթաք գիւղացիներու քովը: Պեյ էֆ. Ըսինք, չենք ուզեր կառաւորութեան գործերուն խառնուիլ, միայն թէ ոստիկան մը ինչ իրաւունքով հինգ անգամ կը ծեծէ քահանայ մը մեռցնելու աստիճան. նոյնիսկ կը ծեծէ կիներ, պզտիկ տղաքներ եւ աղջիկներ անոնցմէ պոմպա պահանձելով: Անոնք ինչ± գիտեն պոմպան ինչ է: Հեռնէն բռնեցիք գիւղացիները, որ զինուած քաղաք կը բերէք ժողովուրդը գրգռելու համար: ան պատսախանեց.-ցարդ երկրին վաճառականութիւնը ձեր ձեռքն էր, յետ այսու քմէն բան պիտի առնէնք ձեր ձեռքէն. Ես առաջնորդարանը չեմ ճանչնար, իբրեւ կրօնաւոր լոկ կրօնական գործերու կը խառնոիք, ակնից անդին գործ չունիք, եւ այլն:
Ե.- Մեղուացիք գիւղի մէջ, յիսնապետ Սիւլէյմանը, օժանդակ ունենալով գիւղին չարագործ միւտիրը` Ատելե, նոյն վերաբերմունք կ’ունենայ; Նախ դրամ կը հաւաքեն, յետոյ խուզարկութիւնը ապարդիւն ըլլալ, կը ստիպեն գիւղացիները, որ դրացի թուրքերէն զէնք գնեն: Սաստիկ ծեծի տակ գիւղացիները կը պարտաւորուին իրենց ինչքը ծախելու եւ թուրքերէն զէնք գնելու: այս բոլորէն յետոյ, քահանան քանի մը գիւղացիներու հետ, կը ղրկեն Կարին:
Մեղուացիքէն յետոյ կ’երթան Արկան գիւղը. Հոս ալ աւելի զարգացած կերպով նոյն մեթոտները կը դնեն. 60 ոսկի առնելէ ետքը, խուզարկութեան պատրուակով կիներու զարդեղէնները կը կողոպտեն: Ծեծը զարհուրելի չափի կը հասնի, մէկը ոտքերուն, միւսը գլխուն վրայ կւ նստի, խեղճ դատապարտեալը 200 հարուած կ’ուտէ, կրկին ու կրկին սթափեցնելէ ետքը: Քանի մը կիները ծեծի տակ մարեցան: Սիւլէման կ’ըսէ, մինչեւ հիմա զէնք ունենալու իրաւունք ունէիք, հիմա իրատէ (պետական հրաման) ունիմ ձերբակալելու, զէնքերը ուզած ձեւովս ձեզմէ առնելու: Այս գիղին մէջ չլսուած բան մըն ալ պատահեր է: Մոլլա գիւղէն Աւետիս Ղենիկեան եւ մխթար Համբարձում Ծետրոսեան, որոնց ոստիկանները միասին տարած էին, երբ ծեծէն բոլորովին կը նուաղին, կը քաշեն արտաքնոցը եւ հոն վրանին երկու կերպ աղտոտելէն ետքը, առուի ջուրը կը նետեն: Ասկէ զատ միւտիր Ատելը, Շաէիրը եւ Ուղղամը 3-4 ժամ հայ կնոջ մը տունը կ’երթան, կը մնան: Յետոյ կինը ծեծի տակ մեռաւ: Քանիներ ալ հիւանդ են տակաւին:
Մեծ Ագարակ գիւղին մէջ, խուզարկութիւններ կը կատարեն սոյն խուժդուժ միջոցներով, 90 ոսկի կ’առնեն եւ 6 հոգիկը ղրկեն Կարին պատերազմական ատեանին: Մոլլա գիւղը նոյն բախտին կ’արժանանայ: Տաճըկի մէջ չէթէները պատւոյ խօսքեր կ’ըսեն, որով հարս ու աղջիկ լեռը կը փախչին: Դեպք տեղի կ’ունենայ Զատկի ճրագալոյսին: Չէթէները եկեղեցի կը խուժեն, ժողովուրդը լեղապատառ կը փախչի: Պատարագը կ’ընդհատուի, քահանան կը խոշտանգուի:
Զ.- Մահմուտ Պէքիր գիւղին մէջ, նախ մեղմ կը վարուին, երեք հոգի բռնելով, քաղաք կը տանին: Սիւլէյմանը այդ երեէն 15 ոսկի կը պահանջէ, որպէսզի չբանտարկէ: Դրամը առնելէ յետոյ, կը տանին բանտ, անկէ կը անեն ու կը տանին Սիւլէյմանին տունը, ուր օթելճի Հաֆըզ, Ճեռալ օղլու Շաքիր եւ ուրիշ իժեր սարսափելի կը ծեծեն. Երեքն ալ կը նուաղին, ու երբ կը սթափին, կը տանին արտաքնոց եւ վրանին կը միզեն: Երկար ատեն հոն մնալէն ետքը նորէն կը տանին Սիւլէմանին տունը ու կը սկսին աքցանով եղունգները քաշել, մէկուն ալ երկու մատը աքցանով կը թրցնեն: Կը հարցնեն, զէնքերու տեղը, դաշնակցականներուն անունները, եթէ չըսէք ձեզ կը ստկեցնենք: Պատասխան չառնելով, կը սկսին մատներնեն կտրել, միսերնին աքցանով փրցնել, ոտքերով կոխկռտել, վերջապէս չտեսնուած եւ ճլսուած բաներ: Դիմեցի կառավարչին, որ խոստացաւ պատժել եւ բանտարկել Ճեռօղլուն եւ Շաքիրը: Քաջալերուած նորէն դիմեցի երկու գիւղի մէջ ծեծէն մեռած կնոջ մը համար, խնդրելով որ դիազննութիւն կատարուի: Ասոր վրայ կատղած գազանի պէս, պոռռաց երեսիս.- Ալ մեզի չէք կրնար խաբել, ալ ձեր դիմաց կառավարութիւն մը չլայ եւ այլն: Հիմա ձեռքերդ կապուած Կարին կը ղրկեմ քեզ, ասոր նայէ, Կ’ամբաստանէ, որ խտրութիւն կը դնենք: Կէս ժամ մաքառելէ յետոյ, յուսահատ, երկու քահանայ առնելով դիմեցի իւլեմաներուն, պէյերուն, բայց անօգուտ: Բոլորն ալ կը վախնան կառավարիչէն… կը մեղքնան…. Շեյխին մէկը խորհուրդ տուավ համբերել: Երեք չարագործ ոստիկանները ոչ միայն մեր բողոքին վրայ, այլ իրենք իսկ ըսած են, թէ գիւղերէն 300 ոսկի առած են եւ միայն 180 ոսկի տուած են կառավարութեան: Ասկէ զատ ալ, գրաւած զէնքերու մեծ մասն ալ իւրացուեցան են: Այս երեքը ատեանին չյանձնուեցան, ազատ արձակուեցան:
Աղբիւր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արխիւ¸ Պոստոն¸ ԱՄՆ