կարևոր
1603 դիտում, 1 ամիս առաջ - 2024-12-15 15:19
Քաղաքական

Խորհրդաժողովն իր մասնագիտական բարձր որակով թե´ ընգծեց թուրքական սպառնալիքները, թե´ առաջարկեց լուծման ուղիներ. Վաչե Բրուտյանը` Հայաստան֊Թուրքիա հարաբերություններին նվիրված կոնֆերանսի մասին

Խորհրդաժողովն իր մասնագիտական բարձր որակով թե´ ընգծեց  թուրքական սպառնալիքները, թե´ առաջարկեց լուծման ուղիներ. Վաչե Բրուտյանը` Հայաստան֊Թուրքիա հարաբերություններին նվիրված կոնֆերանսի մասին

Հասարակական, քաղաքական գործիչ, մտավորական Վաչե Բրուտյանը անդրադարձել է «Հայաստան-Թուրքիա հարաբերություններ. մարտահրավերներ և հնարավորություններ» խորագրով խորհրդաժողովին՝ նշելով.

«Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024ին, Երեւանի Կոնգրես հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք թէ հնարաւորութիւն» խորագրով խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան գիտաշխատողներ եւ քաղաքական դէմքեր Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆէն, Իրանէն եւ Լիբանանէն։

Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ։

Ներկայ էին մեծ թիւով քաղաքական դէմքեր, նախկին դիւանագէտներ եւ այլ հրաւիրեալներ։

Խօսք առնող մասնագէտները ընդգծեցին փան-թուրանիզմի իրական վտանգները Հայաստանի, հայութեան եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու համար։ Ընդգծուցաեւ, թէ ՀՀի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քաղաքականութիւնը ՀՀի դիրքերը ուժեղացնող անհրաժեշտ բաղադրամաս է մեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ։ Ընդգծուեցաւ, թէ Թուրքիան նպատակ ունի տիրել Հայաստանին, իսկ ՀՀ իշխող վարչախումբը ոչ միայն բացարձակապէս ի վիճակի չէ դիմագրաւելու թուրք-ատրպեճանական վտանգը, այլեւ լծուած է այդ առանցքի թեզերը մեր երկէն ներս տարածելու գործին։ Այս իմաստով ալ, առաջարկուեցաւ համահայկական հանրաքուէ կազմակերպել, որպէսզի համայն հայութիւնը իր կեցուածքը ճշդէ վարչախումբի ներկայ վարքագիծին նկատմամբ։ Համապատասխան հիմնաւորումներով նշուեցաւ, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար պէտք է նախապայման դնել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Գաղափար արտայայտուեցաւ, թէ Հայաստան-Սփիւռք խօսոյթը պէտք է փոխարինել ազգային ուղղութեան թեր-դէմ տրամաբանութեամբ։

Գալով տնտեսական խնդիրներուն, մասնագէտները ընդգծեցին, թէ ուժեղ տնտեսութիւն ունեցող Թուրքիոյ համար ընդամէնը մի քանի տարի է անհրաժեշտ, որ ամբողջութեամբ կլանեն ու փոշիացնեն Հայաստանի տնտեսութիւնը ու եթէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի, մեր երկրի տնտեսութիւնը բացարձակապէս պատրաստ չէ դիմագրաւելու թրքական ներխուժումը։ Ընդգծուցաեւ նաեւ, թէ հաղորդակցութեան ուղիներու հասանելիութեան իմաստով, Թուրքիան գերիշխող դիրք ունի, իսկ Հայաստանը ամբողջութեամբ մեկուսացած է։ Ոչ միայն այդ, այլեւ տնտեսական ոչ մէկ տրամաբանութիւն ունի ՀՀ ներկայ վարչախումբին կողմէ առաջ քաշուող «խաչմերուկ»ը։

ՀՀ ներկայ իրավիճակին մէջ, այս խորհրդաժողովը հայ քաղաքական միտքի ցայտուն արտայայտութիւնը կարելի է համարել։ Մինչ ՀՀ վարչախումբը լծուած է ներքին բռնաճնշումներու, ու միաժամանակ՝ հանրութիւնը անարժէք ու ապակողմնորոշող տեղեկատուական աղբով զբաղեցնելու դաւադիր վարքագծին, այս խորհրդաժողովը, իր մասնագիտական բարձր որակով ընդգծեց այն իսկական վտանգները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր երկիրն ու համայն հայ ազգը, միաժամանակ լուծման ուղիներ առաջադրելով։

ՀՀ ներքին քաղաքական դաշտին մէջ լրջութիւն ու հայութեան դիմագրաւած իրակա՛ն խնդիրները, իսկակա՛ն օրակարգը ընդգծող այս խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ միտքեր խթանելու, նոր խօսոյթ ու առաջադրանքներ տարածելու մեր հանրային միտքի տարածքէն ներս, հեռու՝ ամբոխավարութենէ ու մակերեսայնութենէ»:

 

Խորհրդաժողովի տեսագրությունը՝ այստեղ: