Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սոյն յայտարարութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը կու գայ իր զօրակցութիւնը յայտնելու «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման եւ որպէս ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնող գիտակից սերունդներ թրծող միութիւն, կը հաստատէ՝ եթէ Հայրենիքի համար կռուիլն ու մեռնիլը գերագոյն զոհաբերութիւն է, ապա անոր համար ապրիլը գերագոյն նպատակ։
Ուստի, միանալով Տաւուշի Առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեան Սրբազանի եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» ժողովրդային շարժման պահանջին՝ միութիւնս իր կարգին կը պահանջէ ազգակործան քաղաքականութիւն վարող կառավարութեան ներկայացուցիչի՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Առ այդ, Դէպի նորանոր Մայիս 9-եր, յաղթանակներ եւ փայլուն ապագայ։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն