Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Համակարգիչին դիմաց ֆէյսպուքահար նստած եմ, քիչ ետք լոյսը կը բացուի… «Առաւօտ լուսոյ»-ի փոխարէն, չարութեամբ եւ հայհոյանքով լեցուած, ես ալ չեմ գիտեր այլեւս, սե՞ւ, սպիտա՞կ, թէ՞ մանիշակագո՜յն հոգիս այնքան լեցուած է զայրոյթով, յուսահատութեամբ եւ կացութենէն բան մը փոխելու անզօրութեանս պատճառած ցաւով, որ ո՛չ կրնամ հայհոյել, ո՛չ ալ ողբալ…
Վե՛րջապէս յաղթանակած ժողովո՛ւրդ մը ամբողջ, ի՜նչ մեծ տանջանք-զրկանքով… Զիրար կը բզկտէ:
Ո՛չ սովորական յաճախակիօրէն մեր պատմութեան մէջ բազմիցս կրկնուած բարոյակա՜ն յաղթանակ է սա… Տասնամեակներ տեւած, ազերին ծունկի բերած, թուրքը լրջօրէն մտահոգած, աշխարհը զարմացուցած, իսկակա՛ն, շօշափելի՜, մեզ կարգին արժանապատիւ ազգի մակարդակին բարձրացուցած, Շուշին ու Քարվաճառը ազատագրած, արդարի՛ն, բարիի՛ն, ազնիւի՛ն, ճշմարիտի՛ն, աստուածայինի՛ն տեղն ու դերը այս նեխած աշխարհին մէջ հաստատած, միւռոնաբո՜յր, արեւահա՜մ, խոստմնալի՜ց, որոտացո՛ղ յաղթանակ է սա…
Մենք որքա՜ն շուտ մոռցանք մեր ոչ հեռու թշուառական անցեալը: Ցեղասպանութեան ահռելի իրողութենէն նոր սթափած, պարտուածի, հալածուածի, անզօրութեան ու խեղճութեան բարդոյթները նոր յաղթահարած, աշխարհացրիւ ու պոլշեւիկեան բիրտ վարչակարգով տառապող հայրենաբնակ հայութեամբ` բաժան-բաժան ազգ մըն էինք: Սփիւռքահայ մեր սերունդը ողջ հայ զինուոր չէ՛ր տեսած … Մեզմէ նոյնիսկ ամէնէն բախտաւորները իրենց ամէնէն համարձակ արշալոյսի երազներուն մէջ անգամ չէի՛ն ժպրհեր պատկերացնել թնդանօթի վրայ պարզուած եռագոյն դրօշ:
Հայաստան քիչե՜ր կ՛այցելէին, անոնց վերադարձին սրտատրոփ կը սպասէինք, մեծ երկիւղածութեամբ կը դիմաւորէինք հայրենիքէն վերադարձած «սուրբերը», Սեւանի ջո՜ւր պիտի բերէ՜ … Հայաստանի հո՜ղ պիտի բերէ՜…
Երբ 1988-ի արցախեան պահանջատիրութիւնը բռնկեցաւ, «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի զոյգ կայաններուն լուրերու հաղորդման ընթացքին խումբով կը մտնէինք հեռատեսիլի պաստառին մէջ` ստուգելու համար, թէ ցոյցերու ընթացքին պարզուած դրօշները եռագո՞յն էին, թէ՞ կարմիր, կապոյտ, կարմիր…
Լաւ կը յիշեմ, երբ «Թայմ» շաբաթաթերթին մէջ որսորդական զէնքերով երեւցան մեր նորօրեայ ֆետայիները, երբ «Ղարաբաղի ազատութեան մարտիկներ»-ը հրթիռակոծեցին հայկական գիւղերը պատուհասող ազրպէյճանական կրակակէտէրը… Մասունքի պէս կը պահէինք այդ գունաւոր նկարները, սահիկներու կը վերածէինք, որ անընդհատ ցուցադրենք, շնչե՛նք, ապրի՛նք, գոյատեւե՛նք:
Կը յիշեմ` ինչպէ՛ս մեր ԼԵՄ-ի առաջին ժողովին ընկերուհի Մարկոն բարձրաձայն լացա՛ւ եւ ուշաթափ եղաւ, երբ ցուցադրուող վիտէօ-երիզին մէջ ազատամարտիկ մը վիրաւորուեցաւ…
Կը յիշեմ` ընկեր Արան ինչպէ՛ս խլեց, Ցեղասպանութեան զոհերը սգացող լացակումած ծերուկ խաղցող ընկեր Սագոյին ձեռքէն մոմերը` ներկայացուող կենդանի պատկերին ընթացքին: «Մենք այլեւս կռիւ պիտի պարե՛նք»… Եւ սրահը թնդա՛ց ծափահարութիւններով, կրտսեր պատանիի մեր աչքերը լեցուեցան արցունքներով, զորս մեծ ճիգով կը փորձէինք զսպե՛լ: Այո՛, այսպէս խե՜ղճ էինք մենք…
Իսկ հիմա… Յաղթանակած Հայաստան ու հայ ժողովուրդ զիրար կը բզկտենք, առայժմ` դեռ միայն խօսքով:
Երեք ազգընտիր նախագահ ունեցանք, որոնց ո՛չ մէկուն թագաւորութեան շրջանին հող կորսնցուցինք, պատի՛ւ մեր քաջերուն: Թալանը շարունակուեցաւ, երկիրը թալանեցին: Կռուող քաջերը մնացին անգործ` իրենց ազատագրած երկրին մէջ, մեկնեցան խոպան: Մարտնչող ժողովուրդը դարձաւ թշուառական անկա՛խ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Հերոսական մեր ժողովուրդը աղքատացաւ, իսկ քաղաքական ընտրանին մի՛շտ հարուստ է…
Սա ո՞ր իզմ-ին թելադրանք էր, յարգելի՛ քաղաքական ընտրանի, կարճատե՛ս, յղփացա՛ծ, անամօ՛թ քաղաքական ընտրանի: Սա ո՞ր առաւելումին պարտադրանք էր, մեծահարո՛ւստ նախագահներ ու վարչապետներ:
Սթափէ՛, յաղթանակա՛ծ ազգ, սա ներքին գզվռտուքը քու կռիւդ չէ՛ արդէն:
Հնչող բոլո՜ր իզմ-երուն մէջ Արմէն-իզմ-ն է մեզի պէտք եղողը, մնացեալը համեմունք է:
ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ
Արագած – Պէյրութ