Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ձախ հասկացողութեան, մերօրեայ կեանքին մէջ անոր դերակատարութեան, ընկերվար գաղափարախօսութեան, Դաշնակցութեան կողմէ անոր ընկալման, երիտասարդ սերունդին համար այս բոլորին կարեւորութեան մասին Զաւարեանական էջը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ։
ԶՈՄ.- Ինչպէ՞ս կը սահմանէք/բացատրէք «ձախ» հասկացողութիւնը:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Պատմականօրէն «ձախ» հասկացողութիւնը ծագած է Ֆրանսական յեղափոխութեան նախօրեակին Ազգային ժողովին մէջ թագաւորական կարգերու ընդդիմադիր քաղաքական ներկայացուցիչներու աթոռներու գտնուած տեղին հետեւումով՝ Ազգային ժողովի նախագահին ձախ կողմը: 19-րդ դարուն, սակայն, յղացքը առնչուեցաւ աշխատաւորական շարժումի շահերու պաշտպանութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու ընդլայնման եւ հակա-ռազմատենչական/խաղաղասէր քաղաքականութեանց յանձնառութեան, որ ամէնէն աւելի բիւրեղացաւ ընկերվարութեան տեսութեան եւ գործին ընդմէջէն: Ատով հանդերձ, «Ձախ»-ի հասկացողութեան մէկ բանաձեւում չկայ: Պատմափիլիսոփայական տարբեր աշխարհահայեացքներ իրենց սահմանումը տուած են եւ կու տան «ձախ» հասկացողութեան: Քաղաքական գործի իմաստով «ձախ»-ի սահմանում/հասկացողութիւնը միշտ ալ տեղադրուած է պատմական հոլովոյթի, պատմական տուեալ ժամանակի եւ աշխարհագրական ընկերատնտեսական որոշակի պայմաններու մէջ: Առանց երբեք որ այդ պայմանները իրե՛նք պարտադրեն «ձախ»-ի սահմանում/հասկացողութիւն մը, որ անյարիր ըլլայ այն սկզբունքներուն, արժէքներուն եւ նպատակին, որոնք «ձախ»-ին կու տան գաղափարախօսական համընդհանուր սահմանում/հասկացողութիւն մը՝ անկախ իր տարբեր բանաձեւումներէն: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար «ձախ»-ի հասկացողութիւնը ընկերվարութիւնն է, որ կը ձգտի, ինչպէս բանաձեւուած է ՀՅԴ-ի Ծրագիրին մէջ, «ազատ մարդու, ազատ քաղաքացիի եւ ազատագրեալ աշխատանքի» ընկերատնտեսական համակարգի մը կառուցման՝ ե՛ւ տեղական/ազգային, ե՛ւ համաշխարհային/համամարդկային մակարդակներով:
ԶՈՄ.- Ո՞ւր է ձախը այսօր միջազգային գետնի վրայ:
Խ. Տ. Ղ.- Հետեւելով նախորդ պատասխանիս մէջ բանաձեւած տրամաբանութեանս՝ «ձախ»-ի մասին որեւէ խորհրդածութիւն կամ վերլուծում նկատի պիտի ունենայ պատմական հոլովոյթը եւ ժամանակի ընկերատնտեսական համակարգային ոլորտը տեղական, տարածաշրջանային թէ համաշխարհային մասշտապներով: Այս իմաստով, «ձախ»-ի մասին այսօր խորհրդածելու համար կը կարծեմ նկատի պէտք է ունենալ մէկ կողմէ Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Լատինական Ամերիկա ձախակողմեան շարժումներու նուաճումներն ու ձախողութիւնները (ոչ միայն իշխանութեան վրայ ըլլալու կամ չըլլալու իմաստով), եւ, միւս կողմէ, դրամատիրութեան վերջին տագնապին՝ 2008-ի ֆինանսական փլուզման երեք ամենակարեւոր հետեւանքները. հարստութեան խիստ կեդրոնացում -«1 տոկոս եւ 99 տոկոս»ի թէզը, բնասպանութիւն, ընդ որում՝ կլիմայական ջերմացում, եւ կրօնական, ազգային, ցեղապաշտական եւ կենտերային ամէն բնոյթի խտրականութեան վերադարձ քաղաքական բեմ: Ընդհանուր առմամբ, «ձախ»-ը դեռ չէ յաջողած դուրս գալ մէկ կողմէ խորհրդային փորձառութեան սնանկացման, եւ միւս կողմէ, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ, չէ կրցած ամբողջովին ձերբազատիլ 1990-ականներուն Պլէրներու ձեռամբ ընկերվար այլընտրանքի անճանաչելի դառնալու աստիճան աղաւաղման հետեւանքներէն: Միակ յառաջընթացը 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին Հարաւային Ամերիկայի մէջ «Ձախ թեքում» երեւոյթն է, հակառակ անոր որ անիկա իր լրումին չհասած, 2015-էն ետք, տեղի տուաւ աջին առաջ եւ այսօր ինքնաքննադատական վերատեսութեան փուլին մէջ կը գտնուի: Այնուամենայնիւ Լատինական Ամերիկայի «Ձախ թեքումը» իր անդրադարձը կամ արձագանգը առաւել կամ նուազ չափով ունեցաւ թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ ալ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ՝ ի մտի ունենալով ի միջի այլոց Սիրիզայի փորձառութիւնը կամ Պըրնի Սանտըրզի քաշողականութիւնը երիտասարդութեան համար, հակառակ առաջինին ընտրական վերջին ձախողութեան եւ Սանտըրզի որոշումին՝ նախագահական ընտրապայքարէն քաշուելու:
Պատմական ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն գծով ըսեմ, որ համայն մարդկութեան եւ աշխարհի ապագային համար վերը նշուած երեք մեծագոյն սպառնալիքներուն դէմ յանդիման, «ձախ»-ի քաղաքական գործը հիմնականին մէջ աշխատաւորական շարժումի եւ արտադրողական ու սպառողական համակարգէն դուրս շպրտուած զանգուածներուն («աշխատող աղքատներ», ժամանակաւոր գործերով վերապրողներ, գործազուրկեր, գաղթականներ…) վերակազմակերպումը, անոնց «ձախ»-էն հեռանալու, «ձախ»-ի այլընտրանքէն օտարանալու պատճառներու ախտաճանաչումն ու անցեալի սխալներու եւ բացթողումներու վերացումը պիտի ըլլայ: Այլապէս այս զանգուածները ամենայետադիմական պահպանողական եւ, մանաւանդ, ծայրայեղ աջի թակարդը պիտի իյնան: Այս աշխատանքը, հարկ է կրկին ու կրկին յիշեցնել, պէտք է տանիլ տեղական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներով:
ԶՈՄ.- Այսօրուան դրամատիրական աշխարհին մէջ ուսանողութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է/կրնայ պահպանել իր ձախակողմեան սկզբունքները:
Խ. Տ. Ղ.- Ամէն ուսանողութիւն անպայման ձախակողմեան սկզբունքներու չի դաւանիր: Ընդհակառակը, աշխատանքային շուկայի մէջ վայրագ մրցակցութեան ի տես, շատ հաւանաբար ուսանողներուն մեծ մասը հիմնականին մէջ միայն իր անձնական ապագային մասին կը մտածէ: Հարցումը, ուրեմն, կը մեկնաբանեմ ի մտի ունենալով ձախակողմեան հակում ունեցող կամ յանձնառութիւն վերցուցած ուսանողութիւնը, որ, ի տարբերութիւն անցեալ դարու 1960-70-ական թուականներուն, երբ ձախակողմեան գաղափարները կը տիրապետէին համալսարաններուն մէջ, ականատես վկայ է հետզհետէ աւելի անհատականացուող, աւելի պահպանողական եւ մինչեւ իսկ յետադիմական, արժեհամակարգի մը ներշնչած մթնոլորտի տիրապետման: Ինչ որ կրնայ հիասթափեցնել զինք եւ առաջնորդել անտարբերութեան: Պարզունակ պատասխան մը պիտի ըլլայ ըսել՝ տեղի չտալ, պայքարը շարունակել, բայց հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ ինչպէ՞ս այդ մէկը ընելն է -այդպէս ալ կը մեկնաբանեմ հարցումը: Համալսարանները միշտ ալ գաղափարներու փոխանակման, քննադատական մտածողութեան մշակման եւ պայքարի ստեղծագործ միջոցներ որոնելու միջավայրեր եղած են: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ձախակողմեան սկզբունքներու յանձնառու ուսանողը պիտի գիտակցի երկու բանի: Առաջին, «1 տոկոս եւ 99 տոկոս»-ի թէզը իրականութիւն է նաեւ համալսարանական կեանքին մէջ, ուր շատ աւելի է թիւը այն ուսանողներուն, որոնք 99 տոկոսին մաս կը կազմեն եւ իրենց ուսումի ծախսերը գոցելու համար, մանաւանդ երբ համալսարանը սեփական է, մեծ ճիգի ու զոհողութեան պէտք ունին: Շատ աւելի քան ուսանողութեան այն ստուար թիւը, որ 1 տոկոսին կը պատկանի: Առաւել, ուսանողներու այդ 99 տոկոս ոչ մէկ երաշխիք ունի, որ իր համալսարանական վկայականը այսօր իրեն լաւագոյն կեանք մը պիտի կարենայ ապահովել աշխարհի մը մէջ, ուր հարստութեան այս պոռնկագրական անհաւասարութիւնը անխուսափելիօրէն կը սնանէ յաւերժական պարտքը, գործազրկութիւնը, անապահով աշխատանքը… մէկ խօսքով՝ աշխատանքի բիրտ շահագործումը: Այս, կը կարծեմ, ամենահիմնական մեկնակէտն է, որ ձախակողմեան ուսանողութեան պիտի մղէ ուսանողութեան կազմակերպումի եւ զօրաշարժի նախաձեռնութեան: Երկրորդ, այդ զօրաշարժը, ուր քննադատական գաղափարներու համոզիչ փոխանցումը կենսական է, առաջ պիտի տարուի ստեղծագործ միջոցներով: Պատճառներէն մէկը, որ ծայրայեղ աջը, ի մասնաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ, կրցաւ գործազուրկ դարձած աշխատաւոր զանգուածները ներգրաւել այնքան որ անոնք քուէ տան իրենց թշուառութեան պատասխանատու միլիառատէրներու, կամ կոյր գործիքը դառնան խտրական ատելութեան, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու կարեւորութեան շատ աւելի կանուխ անդրադառնալն է: Այս մէկը չի նշանակեր, որ համացանցի կամ ընկերային ցանցերու գործածութիւնը անպայմանօրէն «ստեղծագործ» կը դարձնէ ձախակողմեան քաղաքական գործը: Փաստօրէն, ստեղծագործութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է այդ ցանցերուն մէջ, որպէսզի աւելի ազատ, արդար ու հաւասար աշխարհի մը գաղափարն ու յանձնառութիւնը հասնի զանգուածներուն:
ԶՈՄ.- ՀՅԴ Ծրագիրի վերամշակման տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններ կրած է ընկերվարական գաղափարախօսութեան սահմանումը:
Խ. Տ. Ղ.- Նախ յստակ է, որ ՀՅԴ Ծրագրի վերամշակումը երբեք չէ նշանակած ընկերվարութեան ժխտումը կամ անկէ հեռացումը: Ոչ իսկ ստալինեան հակադաշնակցական հալածանքներու եւ ապա, Պաղ Պատերազմի առաջին քսանամեակին, Դաշնակցութեան հակախորհրդային դիրքորոշման տարիներուն, երբ շեշտը դրուած է կուսակցութեան ազգային յանձնառութեան վրայ եւ անտեսուած են Ծրագրի ընկերային դրոյթները: Այնքան, որքան ուսումնասիրած եմ Ծրագիրի վերամշակման հոլովոյթը՝ հինգ հիմնական պահեր կան ընկերվարութեան սահմանումի վերանայման իմաստով: Առաջինը առաջին ծրագիրի խմբագրումն է, ինչպէս կը նշուի յաճախ՝ իր շեշտուած համարեայ «մարքսիստ» ձախ համոզումներով ծանօթ Ռոստոմին կողմէ, եւ այդ փաստաթուղթի մէջ տեղ գտած աշխարհահայեացքի ու պատմափիլիսոփայութեան վերամշակումն է, որ հետագային տեղի ունեցած է: Երկրորդ պահը 1907-ի Ընդհանուր ժողովն է եւ անոր որոշումը՝ Դաշնակցութեան ընկերվարութիւնը յստակօրէն սահմանել Երկրորդ Միջազգայնականի ընկերվար-ժողովրդավարութեան տարբերակով: Երրորդ պահը 1919-ի անկախ Հայաստանի մէջ գումարուած Ընդհանուր ժողովն է, ուր ընկերվարութեան բանաձեւման հարց չկայ, բայց առաջին անգամ ըլլալով Դաշնակցութիւնը ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը գործնական գետին փոխադրելու առիթին դէմ յանդիման կը գտնուէր: Այդ մէկը տեղի պիտի ունենար անկախ պետութեան կառուցումը յառաջդիմական աշխարհահայեացքով ընկերվար պետութեան եւ ընկերային առումով արդար հասարակակարգի մը յառաջացման նախանձախնդրութեամբ յառաջ տանելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920ի աշխարհի մէջ այն քիչ պետութիւններէն էր ուր իշխանութեան գլուխ հասած էր ընկերվարական կուսակցութիւն մը եւ պետութիւն կը կառուցէր ստեղծելով այն հաստատութիւնները, որոնք ընկերային առումով արդար հասարակակարգի մը կը ձգտէին: Դժբախտաբար այդ մէկը եղաւ շատ աւելի տեսական, քան գործնական Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւանքով: Յաջորդ կարեւոր պահը 20-րդ Ընդհանուր ժողովն է, ուր ընկերվարութեան սահմանումը աւելի մօտեցած է 1960-70-ական թուականներու Երրորդ Աշխարհեան ազգային եւ ընկերային ազատագրական շարժումներու աշխարհահայեացքին, որուն կենդանի վկան էր Սփիւռքի երրորդ սերունդը՝ Ծրագիրի վերամշակման նախաձեռնողն ու դերակատարը: Ծրագիրի վերամշակման այդ թերեւս ամենամարտահրաւէրային պահը ճակատագրական եղաւ նոր սերունդի գաղափարախօսական պատրաստութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներու նոր հանգրուան թեւակոխման համար: Կարեւոր է մատնանշել, որ այն ժամանակ կուսակցութիւնը Երկրորդ Միջազգայնականէն դուրս էր եւ ընկերվարական իր տեսլականը շատ աւելի համահունչ է ազատագրական պայքարի գործելաոճին, քան ընկերվար-ժողովրդավարութեան: Վերջին վերամշակումը տեղի ունեցաւ անկախ Հայաստանի պայմաններուն մէջ եւ յաջորդեց 24-րդ Ընդհանուր ժողովի (1988) մեծ անկիւնադարձին՝ Դէպի Երկիր եւ անոր հետեւանքներուն: Կարեւոր է նշել, որ այդ վերամշակման գործընթացի ժամանակ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի թիւերուն մէջ թէ ընկերական հաւաքներու ընթացքին շատ աշխոյժ բանավէճ տեղի կ’ունենար «ընկերվարութիւն» եւ «յեղափոխութիւն» յղացքներուն շուրջ: Հասկնալի եւ սպասելի էր այդ բանավէճը յետ-խորհրդային հայրենի հասարակութեան ընկերատնտեսական պայմաններուն մէջ, ուր գրեթէ անկարելի էր ընկերվարութիւնը սահմանել խորհրդային «սոցիալիզմ»-ի կարծրատիպէն դուրս: Ոմանք կ’առաջարկէին զանց առնել ընկերվարութեան բաժինը եւ ամբողջ Ծրագիրը վերածել շատ սեղմ փաստաթուղթի մը, որ խորքին մէջ քաղաքական գործունէութեան ուղեգիծէ մը աւելի չըլլար: Ուրիշներ ընկերվարութեան կ’ուզէին տալ կրօնական-քրիստոնէական հասկացողութիւն: Ընդհանրապէս շեշտը կը դրուէր «ազգային կուսակցութիւն» սահմանումին վրայ, մինչ ընկերվարութիւնը կարծես անհանգստութիւն կը պատճառէր եւ արգելք կը նկատուէր Հայաստանի մէջ կուսակցութեան քաղաքական զարգացման, ուր դրամագլուխի առաջին կուտակման «շոքային» գործընթացը -տնտեսութեան ազատականացում եւ սեփականաշնորհում- արդէն հիմերը կը դնէր հետագայ օլիկարգային հասարակարգին: Ամէն պարագայի, Ծրագրի վերջին վերամշակումը բնականաբար համահունչ էր համաշխարհային նոր պայմաններուն եւ կուսակցութեան հայրենիք վերադարձի մարտահրաւէրին, իսկ ընկերվարութեան սահմանումը այս անգամ աւելի կը մօտենար եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութեան: Ի դէպ, այդ կը զուգադիպէր կուսակցութեան Երկրորդ Միջազգայնականի լիիրաւ վերանդանակցութեան աշխատանքի արագացման: Այդ աշխատանքը սկսած էր 1980-ականներուն: Վերամշակուած Ծրագիրը իր կարեւորութիւնը ստացաւ երկու իմաստով. Դաշնակցութեան վերադարձը Երկրորդ Միջազգայնական որպէս լիիրաւ անդամ, որ իրականացաւ 2003-ին, եւ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու մասնակցութեան պատրաստուող կուսակցութեան փլատֆորմի պատրաստութիւնը, որուն առաջինը եղաւ 2002-ին գումարուած «ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը Հայաստանի մէջ» համագումարը:
ԶՈՄ.- Ինչպէս նշեցինք 4րդ հարցումին մէջ, ՀՅԴ իւրաքանչիւր վերամշակուած ծրագիրի մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը տարբեր ձեւով ներկայացուած է: Այդ ձեւերը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի ի՞նչ ձեւով ընկալուած են օրուան դաշնակցական ընկերներուն կողմէն, եւ անոնք ի՞նչ ձեւով կիրարկած զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Խ. Տ. Ղ.- Պատմութենէն մեզի ծանօթ է 1907-ին Կովկասեան նախագիծի շուրջ ծաւալած ներկուսակցական բանավէճի ժամանակ «աջ»-երու եւ «ձախ»-երու բախումը: Առաջիններու ամենածայրայեղ տարբերակը կուսակցութիւնը կը պատկերացնէր ռազմաֆաշական կազմակերպութեան մը բնորդով, մինչ անոնց ընդդիմացող տարրը կ’ուզէր կուսակցութեան ճակատագիրը կապել համառուսական տարածաշրջանին մէջ ձախ-յեղափոխական շարժումներուն, ուրկէ եւ ծնունդ պիտի առնէր պոլշեւիզմը: Պէտք է ընդունիլ, որ կուսակցութեան մէջ միշտ ալ եղած է այս տրամախոհական բանավէճ/զարգացումը շատ ընդհանրական ձեւով սահմանուած «աջ»-ի եւ «ձախ»-ի միջեւ, առանց որ Դաշնակցութեան սահմանումը որպէս «ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավար եւ յեղափոխական» կուսակցութիւն հարցականի տակ դրուէր: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ ղեկավար անձնաւորութիւնները, բայց նաեւ աշխարհագրական տուեալը եւ սերունդներու յաջորդականութիւնը իրենց դերը ունեցած են ընկերվարութեան սահմանման տարբեր բանաձեւումներու շուրջ ստեղծուած բանավէճին, երբեմն նոյնիսկ լարուածութեան եւ անոր հանգուլածումին մէջ: Ամէնէն հետաքրքրականը 20-րդ Ընդհանուր ժողովին յաջորդած ներկուսակցական խմորումներն են եւ տասնեակ տարիներ խորհրդային եւ համայնավարական սադրանքներուն դիմադրած կուսակցական խաւի մը ընկալումը ընկերվարութեան «նորութեան»: Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար, եթէ այդ հոլովոյթի դերակատար սերունդը թուղթին յանձնէր այդ օրերու անեկթոտները, ժողովներու ընթացքին ըսուածները, պատահարները, նոյնիսկ կուսակցութիւնը ընկերվարութեան պատճառով լքողներու հիմնաւորումները: Այդ բոլորը միայն պատմական արժէք չեն, այլ վկայութիւն ներկուսակցական տինամիզմի մը, որուն հրապարակ գալուն նկատմամբ վերապահ եղած ենք, զայն նկատած ենք կուսակցական կարգապահութեան խախտում: Մինչդեռ այսօր նման տինամիզմի մը բացայայտումը շատ աւելի դրական վկայութիւն է կուսակցութեան ինքնավստահութեան: Անձնապէս բախտը ունեցած եմ 20-րդ Ընդհանուր ժողովի յաջորդած ներկուսակցական տինամիզմին մասին լսելու հանգուցեալ ընկերներ Յակոբ Եափուճեանէն եւ Հրաչ Տասնապետեանէն, որոնց մտիկ ընելը առանձին հաճոյք էր, անկախ անկէ, որ ի յայտ կը բերէր յանձնառու եւ վաստակաշատ ամբողջ սերունդ մը, որուն հանդէպ խորին յարգանք եւ շնորհակալութիւն պէտք է ունենալ: Ինչ որ ես կրնամ վկայել, եւ նախորդ պատասխանիս մէջ արդէն նշեցի, 1990-ական թուականներու Ծրագրի վերամշակման նախորդած բանավէճին լարուածութիւնն էր մէկ կողմէն 20-րդ Ընդհանուր ժողովէն յետոյ հասակ առած սերունդի ներկայացուցիչներուն, եւ միւս կողմէ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ կուսակցութեան շարքերը նոր մտնող մտաւորականներուն միջեւ: Շատ ընդհանրական կերպով կարելի է ըսել, որ առաջիններուն համար ընկերվարութեան վերաբանաձեւումը չէր կրնար երբեք ենթադրել իր յառաջդիմական եւ դրամատիրութիւնը հարցականի տակ դնող գաղափարախօսութեան աւաղաղումը: Կուսակցութեան անդամակցած հայրենի մտաւորականներուն համար, սակայն, Դաշնակցութեան «ազգային կուսակցութեան» հանգամանքը կ’ենթադրէր ազգային հասկացողութեան աւանդապաշտ եւ պահպանողական տարրերու ներմուծումը Ծրագիրին մէջ՝ ի հեճուկս յառաջդիմականութեան եւ, նոյնիսկ, ընկերվարութեան: Ի դէպ, այդ յառաջդիմական/պահպանողական մօտեցումներու բանավէճը եւ կեցուածքներու բազմազանութիւնը մինչեւ հիմա ալ կայ, եւ անպայմանօրէն ժխտական չէ այնքան ատեն որ ներկուսակցական բանավէճն ու հրապարակային կերպով դրսեւորուող կեցուածքները, ըսենք կնոջական հարցերու կամ կենտերային իրաւունքներու շուրջ, տինամիք բազմակարծութեան փաստը կու տան եւ կուսակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութեան սկզբունքներուն չեն հակասեր: Ի վերջոյ երեք տասնամեակ երկիրներու մէջ կազմակերպական կառոյց ունեցող «a -normal» կուսակցութեան մը համար իր շարքերուն լեզուամտածողական բազմամշակութայնութիւնը բնական երեւոյթ եւ զարգացման համար դրական ազդակ պիտի ըլլայ: Բայց ատոր համար երեւի անհրաժեշտ է կուսակցութեան կառոյցի, աշխատելաոճի եւ կանոնագիրի այժմէականացում՝ 21-րդ դարու պահանջներուն համաձայն: Բան մը, որ արդէն վերջին Ընդհանուր ժողովը օրակարգի վրայ դրած է:
ԶՈՄ.- Ի՞նչ է ձեր պատգամը հայ ուսանողութեան:
Խ. Տ. Ղ.- Հայ ուսանողական պատգամ տալը կարծեմ շատ յաւակնոտ կ’ըլլայ, եթէ ոչ մեծամտութիւն: Կրնամ խօսքս ուղղել ընկերվարական սկզբունքներով կազմաւորուած եւ յանձնառու դաշնակցական ուսանողութեան, որուն շարքերուն ատենին ես ինքս մաս կազմած եմ: Ընկերվարական գործի յանձնառութիւնը կ’ենթադրէ տեղական եւ համաշխարհային (local/global) ոլորտներու փոխկապակցութեան եւ կենդանի փոխազդեցութեան գիտակցում եւ այդ տրամաբանութեամբ գործել: Առաջնահերթութիւններու խնդիրը շատ աւելի մարտավարական է, քան սկզբունքային, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ փորձառութիւնը ուսանելի դասեր ունի միւս ոլորտին համար: Միայն այդ ձեւով է, որ կարելի է դիմագրաւել ընկերվարական պայքարի երեք մեծ մարտահրաւէրները, զորս յիշեցի՝ հարստութեան ծայրայեղ անհաւասար բաժանումը, բնասպանութիւնը եւ խտրականութեանց վերադարձը:
aztagdaily.com