կարևոր
7579 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-06 13:52
Քաղաքական

Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար

Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար

Ուսումնասիրութիւններ եւ Ծրագիրներու Առաջարկներ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ՝ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորհագրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք ծրագիրի մեկնարկը, նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը կը նախաձեռնենք նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը, եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին:

Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար:

Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք 20-35 տարեկան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ուսանողութեան
մասնակցիլ սոյն ծրագրին:

Մասնակիցներուն աշխատանքին պիտի վերահսկեն հանրայայտ դէմքեր որպէս խորհրդատուներ (mentors):

Յայտադիմումները եւ անոր կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ սոյն թուականի Յուլիս 31, այցելելով հետեւեալ կայքը studentsforartsakh.am :

Ուսումնասիրութիւներու յանձման վերջաժամկէտն է սոյն թուականի Հոկտեմբեր 1:

Ծրագրին համար հետեւեալ նիւթերը եւ խորդհրդատուները նախատեսուած են.

Նիւթեր

    •  Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ
      հոգեվիճակին վրայ:
      Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան
    •  Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը որպէս
      պատերազմական յանցագործութիւն:
      Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Հայկական կեդրոնի ղեկավար
    •  Ազրպէյճանի Քաւիար դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ:
      Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէնուհի
    •  Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ
      փտածութեան դրսեւորումները:
      Յարութ Սասունեան, Քալիֆորնիա Քուրիր պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր
    •  Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառելիութեան կարեւութիւնը իբրեւ զսպող գործօն:
      Արամ Համբարեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ուաշինկթոնի Գրասենեակի տնօրէն
    •  Ազրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի
      հետ:
      Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող
    • Ազգ բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
      Գեներալ-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին
      տեղակալ
    •  Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ:
      Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
    • Ազրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ:
      Էդգար Էլբակեան, «Հայկական Նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր
    •  Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ:
      Աբրահամ Գասպարեան, Ճէնէսիս Արմինիա կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն
    •  Պատմութեան խեղաթիւրման Ազրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը:
      Լեռնիկ Յովհաննէսեան, Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան Գիտութեան եւ Սպորտի Փոխ
      Նախարար
    •  Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional
      water resources):
      Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ
    •  Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
      Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի
      հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար
    •  Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման հնարաւորութիւնները:
      Սուրէն Բարսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի
      պատասխանատու
    •  Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը
      Արցախի մէջ:
      Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան
      աշխատակից
    •  Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախահայութեան ուղղուած հայկական
      մարդասիրական օժանդակութիւնները:
      Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի
    •  Արցախի հիմնահարցը Միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ:
      Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Անդամ, Ընկերվար
      Միջազգայնականի Փոխ Նախագահ

Ուսումնասիրութիւնները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներով՝

Արդիականութիւն- կիռարական նշանակութիւն – հետազոտական աշխատանքի տարողութիւն -աշխատանքի առարկայական հիմնաւորութիւն – Թեքնիք պահանջներու յարգում:

Քաջալերելի է մրցանքին մասնակցութիւնը նաեւ խմբակներու առաջացմամբ: Ուսանողները կրնան կազմել առաւելագոյնը 3 անդամ ունեցող խմբակներ:

Պատրաստուած նախագիծերը պիտի քննուին խորհրդատուներէ բաղկացած դատական կազմի մըկողմէ: Մրցանքի մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները կրթաթոշակ պիտի ստանան: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող՝ 1000 ԱՄՆ տոլար, երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ տոլար եւ երրորդը՝ 500 ԱՄՆ տոլար դրամական պարգեւներ:

Մրցանքի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, ուր լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ:

Մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարակուին սոյն թուականի Նոյեմբեր 1-ին

Լուսաբանունմներու և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]: