Փոխարժեքներ
16 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.2 |
EUR | ⚊ | € 422.2 |
RUB | ⚊ | ₽ 4 |
GBP | ⚊ | £ 506.57 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.7 |
Նոյեմբեր 18-19 շաբաթավերջին ընթացքին, Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ Կեդրոններէն ներս կայացաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 51-րդ պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Վանգուվըրի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն 32 պատգամաւորներու։ Սոյն ժողովին ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչներ։
Շաբաթ առաւօտեան, ժողովը բացուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգով, որմէ ետք ժողովականները մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան պատերազմին եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանաման ընթացքին նահատակուած զինուորներու եւ քոյրեր-եղբայրներոու յիշատակին:
Երկու օրերու վրայ երկարող նիստերու ընթացքին, քննարկման բովէ անցան, քաղաքական, դաստիարակչական, Վանաձորի ամառնային ճամբարի եւ յատկապէս Արցախի եւ Արցախահայութեան իրավիճակին վերաբերող հարցեր։ Անոնց լուծման ի խնդիր՝ որոշուեցաւ ծաւալել Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ներկայութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ, համագործակցելով միութեանս տարբեր շրջաններուն հետ։
Ժողովը նաեւ որոշեց նոր թափով լծուիլ Վանաձորի ճամբարի իրականացման եւ նորաստեղծ ծրագրերով Հայաստան գործուղուելու աշխատանքներուն՝ հայրենիքէն ներս Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.Ի զօրակցական ներկայութիւնը ամրապնդելու համար
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Վարչութիւն։
Հ.Յ.Դ. ԳԵՄ Գանատայի 51-րդ պատգամաւորական ժողով