Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 17էն 20 2024ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) տարեկան համագանտական սեմինարը։ Գանատայի տարածքի բոլոր մասնաճիւղերէն աւելի քան 130 երիտասարդներ խմբուեցան Օնթարիօ նահանգի Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ։ Այս տարուան սեմինարի նիւթն էր՝ արդի քաղաքական ու քարոզչական պատերազմը։
Ըստ աւանդութեան, Շաբաթ առաւօտեան սեմինարը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգերով։ Օրուան առաջին դասախօսն էր Հայ Դատի Օթթաուայի Գրասենեակի տնօրէն՝ ընկեր Սեւակ Պէլեանը։ Ան զրոյց մը վարեց շեշտելով քաղաքական գետնի վրայ հայ երիտասարդութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը։ Ապա, Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի աշխատակից՝ Ալեքս Կալիցքին դասախօսութիւն մը տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տարած աշխատանքներուն մասին։ Ան եւս վարեց «lobbying»ի վերաբերեալ աշխատանոց մը, որուն ընթացքին երիտասարդները հայ դատի ներկայացուցիչի դերը ստանձնելով պէտք է պաշտպանէին Արցախի եւ արցախցիին դատը։ Առաջին օրը իր լրումին հասաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։ Ջերմ մթնոլորտէն ներշնչուած, ընկերները հաւաքուեցան խառոյկին շուրջ ու միասնաբար երգեցին յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգեր։
Կիրակի օրուան առաջին պատգամաբերը եղաւ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի Խորհուրդի անդամ ընկեր Տիգրան Խոտանեանը։ Ան բացատրեց ըկերային ցանցերու օգտագործման կարեւորութիւնը Հայ Դատի քարոզչութեան տարածման ծիրէն ներս։ Վերջապէս, սեմինարի վերջին դասախօսն էր ընկեր Կէվ Իսքաճեանը, որ եղած է Հայ Դատի Արցախի տնօրէն եւ այժմ կը գործէ որպէս Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի աշխատակից։ Ան պատմեց Արցախի շրջափակման ընթացքին իր փորձառութեան մասին։
Երկուշաբթի օր, պահը հասած էր հրաժեշտի։ Ընկերները տուն վերդարձան հարստացուցած իրենց գիտելիքները ու ամրապնդած հայրենիքին ծառայելու ուխտը։
Բոլորս արդէն անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ համագանատական սեմինարին: