կարևոր
856 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2023-10-23 10:10
Հասարակություն

Յայտարարութիւն ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

Յայտարարութիւն ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 16 – 20 Հոկտեմբեր 2023-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ ժամանած 51 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 66 ունկնդիր ընկերուհիներու:

Օրակարգի կէտերու քննարկման աւարտին ժողովը ընտրեց 2023 – 2027 շրջանի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.

Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Ատենապետուհի
Թալին Տաղլեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Փոխատենապետուհի
Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Քարտուղար
Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Գանձապահ
Իրմա Գասապեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Հաշուապահ
Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Խորհրդական
Արմինէ Կարապետեան (Գանատա) – Խորհրդական
Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) – Խորհրդական
Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք, ՍՕ Խաչ) – Խորհրդական
Լիզա Չալըքեան Ժիլիպէր (Եւրոպա, Ֆրանսա) – Խորհրդական
Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) – Խորհրդական։