կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-25 08:16
Աշխարհ

Պատրաստ ենք մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնելու համազգային դիմադրական պայքարին. ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան յայտարարութիւնը

Պատրաստ ենք մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնելու համազգային դիմադրական պայքարին. ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան յայտարարութիւնը
21-23 Մայիսին Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) դաստիարաչական սեմինարը, որուն ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն եւ Վանգուվըրէն 150 ընկերներ: Սեմինարի աւարտին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կառոյցին համար, յստակ է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի յաջորդող դիւանագիտական արարին, ապազգային եւ անձնատուողական այս իշխանութիւններու բռնած քաղաքական ուղեգիծը։
Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց տարածքներու հետեւողական զիջումներուն զուգահեռ, դիւանագիտական բեմին վրայ կ՚արձանագրուին անթոյլատրելի ու չկշռադատուած քայլեր ու սխալներ, որոնց վերջին ապացոյցը՝ Պրիւքսէլի մէջ կայացած Ալիեւ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին «Ղարաբաղի էթնիկ հայկական բնակչութիւն» եզրոյթի օգտագործումն է բանակցութիւններու բառապաշարին մէջ։ Արցախահայութիւնը երբեւիցէ ազգային փոքրամասնութիւն չէ եղած, այլ՝ բնիկ ժողովուրդ է, որ հազարամեակներու ընթացքին ապրած ու արարած է իր հայրենի բնօրրանին մէջ։ Միաժամանակ, կը շեշտենք, որ Արցախը քաղաքական որեւէ կարգավիճակով կամ ձեւաչափով չի կրնար մաս կազմել կամ ենթակայ ըլլալ Ատրպէյճանին։
Կը մերժենք գործող իշխանութիւններու պետականակործան քաղաքական վարքագիծը։ Ի տես համաժողովրդային շարժումին, այս իշխանութիւններուն մնացած է մէկ ընտրանք՝ հրաժարում։
Արցախի հայաթափման ու պատմական Հայաստանի հայապատկան տարածքներու կորուստին ի տես, պատրաստ ենք մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնելու համազգային դիմադրական պայքարին։
Մեր հայրենիքին համար պատմականօրէն ճակատագրորոշ այս օրերուն, կոչ կ՚ուղղենք գանատահայ եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան միանալու Համազգային այս պայքարին։ Հայ ժողովուրդը, մանաւա՛նդ մենք, սփիւռքահայ երիտասարդներս, իրաւունք չունինք ձեռնածալ ականատես ըլլալու հայրենիքի կորուստին եւ Արցախի հայաթափման։ Միահամուռ շարքերով, զօրակցինք Դիմադրութեան շարժումին։
 
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն