Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 14-19 Հոկտեմբեր, 2019-ին` Ծաղկաձոր, Հայաստան: Ժողովին մասնկցեցան 75 իրաւասու ձայնով քոյրեր եւ եղբայրներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Յակոբ Խաչերեան, Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Հարմիկ Զովելեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ի պաշտօնէ Կեդրոնական Վարչութեան գործավարներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, Յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, երիտասարդական համագումարի եւ Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջաններէ հրաւիրեալներ, ընդամէնը 117 ներկաներ:
Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի, Թիֆլիսի և Մոսկուայի նորակազմ շրջանները՝ միութեան մեծ ընտանիքին մասնաճիւղերու թիւը բարձրացնելով 111-ի:
Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:
Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով: Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի, Արցախի և աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին ու կայքին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:
Ժողովը մանրամասն քննելով անդրադարձաւ անցնող քառամեակի ընթացքին միութեան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 10-րդ մարզական խաղերու, Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումին եւ միութեան 100-ամեակի նուիրուած միջոցառումներուն:
Ժողովը արժեւորեց նաեւ միութեան առաջին երիտասարդական համագումարն ու անկէ բխած թելադրանքները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորաստեղծ Եկամտաբեր հիմնադրամին մասին:
Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց միութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած համաշխարհայնացումի եւ քաղքենիացումի ահարկու վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ Հիւսիս արեւելեան շրջանի թրքական ներթափանցումի քայլին եւ այդ իմաստով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը ՝ առ ի զօրակցութիւն Սուրիահայութեան և յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղին:
Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի դիւանի ներկայութեան դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով.-
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան՝ Ատենապետ (Լիբանան)
Եղբ. Վիգէն Աւագեան՝ Ատենադպիր (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան՝ Գանձապահ (Լիբանան)
Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան (Սուրիա)
Եղբ. Դաւիթ Յակոբեան (Հայաստան)
Եղբ. Օշին Փիրումեան (Հայաստան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ֆէտի Թաժրա (Շուէտ)
Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան (Գանատա)
Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտ Քիլիճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)
ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ