Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութի այցելութեան ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն պէտք է առանձնացնել մի քանի առանցքային կէտ։
Նախ այն, որ Թորքիան կ՛աշխատի որ պատերազմը չընդլայնի եւ Լիբանանը զերծ մնայ պատերազմական գործողութիւններէն։Երկրորդը՝ Կազայի մէջ իրադարձութիւններուն առումով Թուրքիա կատարելապէս կը զօրակցի Եգիպտոսի կեցուածքին եւ թէ ժամանակը հասած է,որ միջազգային հասարակութիւնը քայլերու դիմէ 1967-ի սահմաններուն հիման վրայ եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու:
Թուրք առաջին դիւանագէտը բաւական սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած էր Իսրայէլի հասցէին հետեւելով իր նախագահին, որ ջարդեր որակած էր Իսրայէլի իրականացուցածը Կազաի մէջ։
Հետաքրքրական է, որ տարածքային առումով Իսրայէլի գրաւած տարածքներու երեւոյթը թուրք նախարարը անուանած էր ,գողութիւնե։ ,Դուք (Իսրայելը) կը գրաւէք ուրիշի հողը. Դուք կը գրաւէք տուները, կը վտարէք անոնց բնակիչները, ուրիշները կը բերէք անոնց տեղը եւ զանոնք կ՛անուանէք ,բնակիչներե։ Ասիկա կը կոչուի գողութիւն։
Թուրքիոյ նախարարը այս բառերով ճիշդ բնութագրած է թէ՛ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թէ Արցախի մէջ Ազրպէճյանի իրականացուցած ցեղային զտումը։
Ֆիտանը Լիբանանին առընթեր չէ մոռցած Եգիպտոսն ու Յորդանանը, ընդգծելու համար որ իր պետութիւնը կ՛աշխատի կանխարգիլել այս առնչուած երկիրներու ապակայունացումը։
Անգարայի այս մարտավարութիւնը նոր չէ։ Պահպպանել իր ազդեցութիւնը իսլամական երկիներու վրայ եւ հանդէս գալ պՊաղեստինամէտ բարձրաձայնումներով։Աւելցնենք նաեւ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը, որ Կազայի հիւանդանոցին վրայ արձանագրուած յարձակումը անուանած է մարդկային ամենատարրական արժէքներէն զուրկ արարք մը։
Մարդկային արժէքներէ զուրկ, տարածքներու գողութիւն, բռնի տեղահանում, բնակեցում, նման բնութագրումներով Անգարան յարձակում կը գործէ Թէլ Աւիւի վրայ առաջադրելու համար Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը։
Յայտարարութիւններու միջեւ փոխկապակցուած օղակները նկատելէ ետք ,մի քանի դիտարկու պէտք է արձանագրել։Պէյրութն նման յայտարարութիւն կատարելով թուրք առաջին դիւանագէտը ուղերձ ունի յատկապէս Իրանին։ Հըզպալլան պէտք չէ ներգրաւուի պաիերազմին։ Միաժամանակ նաեւ այն բլոոր շրջանակներուն, որնք կ՛ջակցին պաղեստինեան դատին։ Լիբանանի սահմաններուն մէջ չի մնար անշուշտ ուղերձը․կը հասնի Յորդանա եւ Եգիպտոս ըսելու համար որ անգարան տարածաշրջանային դերի պահպանման իր վարքագիծը կը շարունակէ։Միջին Արեւելքէն անցնելով հարաւյին Կոկվկաս անմիջպէս կը նկատուի երեւութական հակասութիւն Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ։ Պաքուն իր ռազմավարական համագործակցութիւնը կը խորացնէ Իրսայէլի հետ, որուն ռազմական յենակէտերը տեղակայուած են իրանամերձ ազրպէյճանական տարածքներու վրայ։
Ֆիտանին եւ Էրտողանին հասցէագրած ծանր մեղադրանքներէն շատ հեռու են Պաքուի վարչիները ,որոնք ոչ թէ մօտ են այլ նոյնացած Անգարայի հետ ռռազմավարական շատ հարցերու շուրջ։
Չմոռնանք, որ իսրայէլեան յենակէտերը Ազրպէյճանի մէջ չէին կրնար յայտնուիլ առանց Անգարայի թոյլտուութեան։
Նայինք դէպի հիւսի եւ տեսնենք այս անամ Մոսկուայի եւ Անգարայի մօտեցումներու համընկնում պաղեստինցիներուն զօրակցելու եւ Իսրայէլը քննադատելու առումով։ Մոսկուան սպառնաց նոյնիսկ խոստանալով միջամտել պատերազմին եթէ Միացեալ նահանգները ռազմական մասնակցուիւն ունենան հակամարտութեան։
Անգարայի ինչպէս յայտարարութիւնները այնպէս նաեւ դիրքորոշումները երկակի խաղերով կը յատկանշուին։Անգարան եւ Պաքուն հռչակագրերով արդէն կը գործեն իբրեւ մէկ ազգ երկու պետութիւն։ Այդ պետութիւննեէն մէկը կը խորացնէ Իրսայէլի հետ իր համագործակցութիւնը, միւսը կ՛առաջադրէ անկախ Պաղեստիտնի ճանաչումը Երուսաղէմ մայրաքաղաքով։
«Ա.»
aztagdaily.com