Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սպասելի էր Անգարայի մերժողական կեցուածքն ու կայծակնային հակազդեցութիւնը՝ Ցեղասպանութեան պատմական փաստը ճանչնալու Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Ճօ Պայտընի Ապրիլ 24-ի յանդուգն յայտարարութենէն ետք։ Պայտըն, առանց բառերը ծամծմելու, նոյնիսկ երկու անգամ գործածեց տարիներ շարունակ հպարգելք (taboo) հանդիսացած ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մօտէն կը հետեւէր անցուդարձին։
Ան շտապեց շեշտել, թէ նմանօրինակ եզրակացութիւններ իրաւական ո՛չ մէկ ուժ ունին եւ պիտի վատթարացնեն երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները։ Ապագան գուշակող նախարարը աւելցուց, թէ այս ընթացքով, նաեւ պիտի դժուարանայ Թուրքիոյ գործունէութիւնն ու հեղինակութիւնը՝ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն հետ։
Չաւուշօղլու քիչ մըն ալ աւելի յառաջ գնաց ու քարոզի անցաւ, ըսելով, որ Սպիտակ Տունը, այս «վտանգաւոր» քայլը առնելով, չէր յարգած միջազգային օրէնքը: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան դէտ մը վստահաբար անմիջական հարցում մը պիտի ուղղէր Չաւուշօղլուի, թէ ո՞րն է կամ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել միջազգային օրէնքը, կամ՝ այդ ե՞րբ էր, որ Թուրքիա գիտակցութիւնը ունեցած է ու հետեւած՝ այդ օրէնքին։
Էրտողանի հլու կամակատար Չաւուշօղլու այնքան մօտէն կը հետեւէր եւ քաջատեղեակ էր այս հարցի զարգացումներուն, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը պատրաստուէր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան արդէն իսկ կազմակերպած էր հակաքարոզչական բնոյթ ունեցող ձեռնարկ մը՝ ցուցահանդէս մը Պոլսոյ եւ Լոս Անճելըսի մէջ, նիւթ ունենալով հայերու կողմէ սպաննnւած թուրք դիւանագէտները։
Կասկած չկայ, թէ այսպիսի ցուցահանդէս կազմակերպելը պէտք է հետեւի երկար աշխատանքի, որուն ազդանշանը տրուեցաւ անցեալ ամառ, Էրտողանի հովանաւորութեամբ եւ ուղղակի Հայ Դատի դէմ գործի լծուած՝ Ցեղասպանութիւնը ուրացող յանձնախումբին կազմութեամբ։ Նոյնինքն Էրտողանի գլխաւորութեամբ էր որ կայացաւ այդ «Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդ»-ի նիստը, որուն սեղանին դրուած էր յատուկ թղթածրար մը՝ «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ ուղղուած անհիմն մեղադրանքներուն դէմ պայքարի նախատեսուող քայլերը»։
Հեգնական է, որ Անգարա որոշ անտարբերութեամբ կանգնեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրի գործածութեան նախընթաց պարագաներուն դիմաց: Փաստօրէն, Ուաշինկթըն քանի մը ամսուան մէջ երկու անգամ գործածեց ցեղասպանութիւն եզրը, այն տարբերութեամբ, որ տարբեր անձեր էին Սպիտակ Տան վարձակալները։ Նախքան նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլ 2021-ի յայտարարութիւնը, անցեալ Օգոստոսին, Թրամփ բուռն կերպով քննադատեց Չինաստանը եւ անոր իշխանութիւնը մեղադրեց, ըսելով, որ ցեղասպանութիւն կատարած է փոքրամասնութիւն կազմող իսլամ ույղուրներուն դէմ։ Էրտողան հաւանաբար նման մեղադրանք ընկալեց գոհունակութեամբ, մինչդեռ միեւնոյն եզրի՝ Պայտընի կողմէ գործածուած, զայրոյթի պատճառ դարձաւ…։
Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մէջ, 2010-էն ի վեր կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յատկապէս Ապրիլ 24-ին տեղի կ՛ունենան հրապարակային հաւաք եւ խաղաղ ցոյց՝ թուրքերու իսկ նախաձեռնութեամբ։ Աւելի՛ն. Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Միութիւնն ալ օրին յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, կոչ ուղղելով, որ Ապրիլ 24 թուականը ճանչցուի իբրեւ Ցեղասպանութեան օր եւ ներողութիւն խնդրուի հայերէն, ասորիներէն եւ յոյներէն, նաեւ կատարուի հատուցում:
Ապրիլ 24-ի այդ ժամերուն, երբ նախագահ Պայտըն խօսք կ՛առնէր, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւոր, քրտամէտ ուղղութեամբ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) անդամ Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կը ներկայացնէր խորհրդարանի իր գործակիցներուն, պահանջելով «Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրագործման համար փոփոխութիւններ կատարել քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ, եզրակացնելով, որ «Հայ ազգի ցաւը մենք պէտք է բերենք Թուրքիա․ հոս է, որ այդ ցաւը ծնունդ առած է»: Փայլանի կոչը, ըստ սովորութեան, մնաց «ձայն բարբառոյ յանապատի», չուշացաւ նաեւ յիշեցում մը, թէ Թալէաթ ինչպէ՛ս վարուած էր հայ ընդդիմախօսներու հետ…
Չաւուշօղլուի պատասխան-նամակը՝ Սպիտակ Տան, յստակօրէն կը բնորոշուի իր դրժողական եւ մերժողական «աւանդութեամբ»։ Բացայայտ է, թէ նէօ-օսմանական Անգարան դարձեալ մոլեգնած է եւ կը շարունակէ տարածաշրջանէն ներս իր թափանցումները։ Նոյնքան յստակ է, որ Հայաստան-Արցախն ու ողջ հայութիւնը իրենք զիրենք կը գտնեն այս մոլեգնութիւնը սանձելու մարտահրաւէրին դիմաց, մարտահրաւէր՝ որ ուղղուած է ո՛չ միայն մեզի՝ հայութեան, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անցեալին ու ցայսօր զոհերն են Թուրքիոյ ու անոր ոճրակից Ատրպէյճանի ցեղասպանական արարքներուն, պետական ոճիրներուն:
Ու մենք պիտի չթերանանք մեր առաքելութեան մէջ, այլ իբրեւ պետութիւն, կուսակցութիւններ, Հայ Դատի յանձնախումբեր ու նման միաւորներ՝ մեր ձեռքերը պիտի միացնենք իրարու, գործակցութեան պիտի հրաւիրենք նաեւ նոյն խրամատին մէջ եղողները:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
29 ապրիլ 2021