կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-31 16:12
Աշխարհ

Քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու համաժողով Պէյրութի մէջ

Քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու համաժողով Պէյրութի մէջ

Armenianorthodoxchurch.org - Երեքշաբթի, 30 յուլիս 2019-ին, Պէյրութի տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համաժողով մը: Սոյն համաժողովին, Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:

Համաժողովին բացումը կատարելով տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Աքլ Տրուզ, ան կարեւոր նկատեց ներկայ համաժողովը, երբ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ հետեւաբար Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը հրամայական է, ըսաւ ան իր խօսքին մէջ: Յաջորդաբար խօսք առին սիւնի համայնքի, մարոնիթ եկեղեցւոյ, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ շիի համայնքի հոգեւոր պետերը եւ բոլորն ալ ընդգծեցին՝ ներքին տարակարծութիւններէ հեռու մնալու, երկրին տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու եւ շրջանը դիմագրաւող տագնապներէն զգուշանալու անհրաժեշտութիւնը:

Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ներկայ համաժողովը իր զանազանութեամբ լիբանանեան հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ, սակայն այդ զանազանութիւնը կամրջողը մեր միասնականութիւնն է: Մենք տարբեր համայնքներու կը պատկանինք, սակայն նոյն լեզուն կը խօսինք՝ Լիբանանին լեզուն, այլ խօսքով երկխօսութեան, գործակցութեան եւ համակեցութեան լեզուն: Այս է Լիբանանը, համակեցութեան երկիր. այս է Լիբանանի իւրայատկութիւնը: Մենք մէկ ընտանիք ենք. նոյն ընտանիքին մէջ հարցեր, նեղութիւններ եւ զգայութիւններ կը ծագին, սակայն անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծել մեր հարցերը, առանց արտաքին միջամտութեամբ: Միջին Արեւելքը նոր տագնապներու սեմին կը գտնուի. հարկ է ըլլալ զգուշ. որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ներքին միասնականութիւնը հրամայական է: Լիբանանի պատմութեան դժուար պահերուն ժողովուրդը հոգեւոր պետերուն կը նայի: Մենք ո՛չ միայն ըսելիք ունինք, այլ նաեւ պէտք է ընելիք ունենանք: Չենք կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց: Քաղաքական պատասխանատուներուն պէտք է յիշեցնել եւ երբեմն զգաստութեան հրաւիրել, որպէսզի անոնք ծառայեն ժողովուրդին՝ անոնց շահերը նկատելով իրենց ծառայութեան նպատակը»:

Հոգեւոր պետերուն խօսքերէն ետք, ներկայացուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմէ նաեւ դոկտ. Ժան Սալմանեան, յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յայտարարութիւն մը, զոր մանր փոփոխութիւններէ ետք որդեգրուեցաւ համաժողովին կողմէ:

Ապա, ժողովականները ճաշի հիւրը եղան տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին: