կարևոր
1171 դիտում, 5 ամիս առաջ - 2023-12-04 22:36
Հասարակություն

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Համասի հարցով Ուաշինկթըն – Անգարա տարակարծութիւնը թատերական էութիւն ունենալու տպաւորութիւնը կը ձգէ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հարցերու տեղեկահաւաքի հարցերով օգնականը Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Համասի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի խոր մտահոգութիւնը յայտնած էր` կոչ ուղղելով, որ Համասի ֆինանսաւորումը շարունակելու պարագային Թուրքիան ծանր հետեւանքներ կրնայ կրել:

Համասի հովանաւոր եռեակը կը բնութագրուի ռազմական ուղղութեամբ Իրանով, ֆինանսական` Քաթարով, իսկ գաղափարախօսական` Թուրքիայով: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ Անգարան չէ ֆինանսաւորած Համասը: Ֆինանսաւորման բոլոր փուլերուն իրազեկ էին անշուշտ Միացեալ Նահանգները: Հիմա Ուաշինկթընը հրապարակայնօրէն կը պահանջէ Անգարայէն Համասը ճանչնալ իբրեւ ահաբեկչական միաւոր:

Բնականաբար հարց կը ծագի, թէ մինչեւ այս վերջին պատերազմը թոյլատրելի՞ էին Համասի ֆինանսաւորումները: Ասկէ ետք` արտօնուած չե՞ն եւ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Նոյն պահանջը չի դրուիր Տոհայի դիմաց, որ հիմնականին մէջ գլխաւոր ֆինանսաւորողն է Համասին: Տոհայի նկատմամբ վերապահումներ չկան, արտօնելի չըլլալու յիշեցումներ չեն կատարուիր կամ Համասը իբրեւ ահաբեկիչներու խումբ հրապարակայնօրէն ճանչնալու եւ կապեր խզելու պաշտօնական պահանջներ չեն հնչեր:

Պահանջը աւելի քարոզչական բնոյթ ունի, Թել Աւիւին յղուած ուղերձ կը պարփակէ եւ մաս կը կազմէ Անգարա – արաբական աշխարհ կապը սերտացնելու մարտավարութեան: Կամ` Թուրքիոյ ազդեցութիւնը արաբական աշխարհին վրայ ուժեղացնելու նպատակը կը ներառէ: Քաթար-Անգարա կապը եւս հաստատուն կ՛երեւի, եւ այդ կապը ամրացնողներուն հիմնականը կը թուի ըլլալ Ուաշինկթընը:

Թուրքիոյ նախագահին պատասխանը ցուցադրականօրէն համարձակ է: Անգարան իր շահերէն մեկնած արտաքին քաղաքականութիւն կը կիրարկէ եւ Համասը կը նկատէ Պաղեստինի մէջ ընտրութիւններ շահած կազմակերպութիւն: Թուրքիոյ նախագահը յոյս կը յայտնէ, որ բոլոր կողմերը կը գիտակցին Թուրքիոյ հաւասարակշիռ քաղաքականութեան ծալքերուն:

Անգարան այս ձեւով պարզապէս կը յայտնէ, որ պիտի շարունակէ հաստատ մնալ Համասը ահաբեկչական միաւոր չնկատելու իր դիրքորոշումին վրայ, եւ կառչած` Համասը ֆինանսաւորելու իր որոշումին:

Իսրայէլը ցեղասպան պետութիւն նկատելէ, զայն ամէնէն սուր քննադատութեան ենթարկելէ, անոր վարչապետին ճակատագիրը արդարադատութեան միջազգային ատեաններու մէջ տեսնելէ ետք հետաքրքրական է, որ առ այս պահը չեն խզուած Թել Աւիւի եւ Անգարայի դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Չեղեալ չէ յայտարարուած փաստօրէն Թուրքիա – Իսրայէլ ռազմավարական դաշինքը:

Թուրքիոյ ուղղուած Ուաշինկթընի սպառնալիքը հեռու է առարկայացումէ: Այս իրողութիւնը ոչ միայն կապ ունի Թուրքիան հովանաւորելու եւ թրքական ձին միջինարեւելեան դաշտին մէջ վազցնելու ընդհանուր վարքագիծին հետ, այլ նաեւ Իսրայէլի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան շօշափելի փոփոխութիւններուն:

Կը թուի այնպէս, որ ո՛չ իրանեան աջակցութիւնները, ո՛չ քաթարեան միջնորդութիւնները, ո՛չ ալ թրքական ֆինանսաւորումները կ՛ընթանան ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու: Այս վարքագիծը կը մշուշապատուի Թուրքիոյ ուղղուած նման կոչերու ծխածածկոյթին տակ:

«Ա.»
aztagdaily.com/