Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան ժողովրդական հաւաք, մոնթրէալահայ եւ լաւալահայ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Բացումը կատարեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի ատենապետ Թալիա Ճապրայեան, որ հրաւիրեց Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանն ու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը, որպէսզի զեկուցեն Արցախի ու Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն ու հետագայ քայլերուն մասին:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ անդրադառնալով այսօրուան ճգնաժամային ու օրհասական իրավիճակին, թելադրեց ժողովուրդին չփակել Արցախի էջն ու շարունակել նոյն թափով զօրակցիլ Արցախին ու Արցախի մեր ժողովուրդին, պնդելով որ պէտք չէ յուսահատիլ, որքան ալ դաժան ըլլան այսօրուան պայմանները, որովհետեւ Արցախի մեր ժողովուրդը մեր զօրակցութեան կարիքը ունի, եւ մենք, որպէս հայ ժողովուրդ, պէտք չէ լքենք Արցախի մեր հայրենակիցները, ինչպէս որ դժբախտաբար կատարեցին Հայաստանի իշխանութիւնները:
Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան զեկուցեց Արցախի, Հայաստանի, եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ իւրաքանչիւր երկրի կեցուածքին մասին Արցախի հարցով, ինչպէս նաեւ հետագայի քայլերուն մասին բոլոր առումներով՝ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ան պնդեց նաեւ, որ վտանգը միայն Արցախի չի սպառնար, այլ նոյնիսկ Հայաստանի սահմաններուն: Տօնապետեան հաստատեց, որ իրավիճակը չափազանց լուրջ ու օրհասական է, ինչպէս նաեւ դիւրին չէ հետագայի ծրագիրներն ու քայլերը իրականացնելը, սակայն յուսահատիլն ու յուսախաբութեան յանձնուիլը կրնայ մեր մեծագոյն սխալը ըլլալ պատմական այս ծանր օրերուն:
Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն զանազան հարցումներուն եւ կոչ ուղղեցին ժողովուրդին անտարբեր չմնալ, համախմբուիլ եւ շարունակական ու միասնական ճիգերով աջակցիլ Արցախի մեր տառապեալ բայց եւ հերոս ժողովուրդին:
Հաւաքը աւարտեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տէր Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի խրախուսական պատգամով:
Աղբյուրը՝ horizonweekly.ca-ի