Փոխարժեքներ
07 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ռուս խաղաղապահները, ըստ համաձայնութեան, պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ մնան մինչեւ 2025 թուականը, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի մը ձեւաւորման նախադրեալները կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ համաձայնութիւնը 5 տարուան համար է: Խնդիրը ա՛յս պահուն Էրտողանին կատարած յիշեցումն է, որովհետեւ շարունակած է ան, որ կը հաւատայ, թէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը հաւատարիմ կը մնայ այդ համաձայնութեան:
Այս երկրորդ բաժինով ուղերձ կը փոխանցուի անշուշտ: Մոսկուան պէտք չէ ձգտի երկարաձգելու իր խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը: Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը կը համալրուի երրորդ բաժինով մը` Պաքուն մօտէն կը հետեւի այս գործընթացին: Պարզապէս ըսել կ՛ուզուի, որ Ազրպէյճան ակնդէտ կը սպասէ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտի աւարտին:
Էրտողան կը շրջանցէ շատ կարեւոր օղակ մը: Ռուսական զօրքերը Աղտամի մէջ կը կիրարկեն համատեղ խաղաղապահութիւն թրքական իրենց գործընկերներուն հետ: Եռակողմ համաձայնութեան համապատասխան կէտը ընդհանրապէս չի խօսիր թրքական զօրախումբի ներգրաւման մասին: Նոյեմբերեան յայտարարութեան 4-րդ կէտը կ՛ըսէ.
«Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը կը տեղակայուի հայկական զինուած ուժերու դուրսբերման զուգահեռ: Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի գտնուելու ժամկէտը կը կազմէ 5 տարի` հերթական 5-ամեայ ժամկէտներով ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտէն 6 ամիս առաջ չյայտարարէ սոյն դրոյթի կիրարկումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին»:
Ուրեմն, քանի մը դիտարկում:
Նախ այն, որ հակառակ անոր որ համաձայնութիւն չկայ թրքական զօրախումբ ներառելու խաղաղապահ առաքելութեան, Մոսկուա-Անգարա համաձայնած են Աղտամի մէջ համատեղ խաղաղապահ կեդրոն ունենալ: Հիմա պարզ չէ, որ ժամկէտի աւարտը կը վերաբերի՞ թուրք զօրախումբին, թէ անիկա Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար կը շարունակէ մնալ Աղտամի մէջ եւ գուցէ նոր ստորաբաժանումներով կը համալրէ իր ռազմական միաւորները:
4-րդ կէտը կը խօսի խաղաղապահ առաքելութեան ինքնաբերաբար հերթական 5 տարուան ժամանակով երկարաձգման մասին: Պարզ է, որ առաքելութիւնը կը պահանջէ ստանալ երկկողմանի համաձայնութիւն: Կողմերէն մէկը, ըստ համաձայնութեան, վեց ամիս առաջ կրնայ առարկել եւ յայտնել իր անհամաձայնութիւնը առաքելութեան շարունակման: Հիմա Անգարան իր վրայ կը վերցնէ Պաքուին վերապահուած բաժինը եւ ոչ թէ վեց ամիս, այլ 2,5 տարի առաջ կը յայտնէ իր անհամաձայնութիւնը ռուսական խաղաղապահութեան շարունակումին:
Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ թրքական մերժումի վերացումը, Շուէտի անդամակցութեան հարցը վաւերացման համար արագացուած կարգով Թուրքիոյ խորհրդարան տանիլը, «Ազով»-ի գումարտակի Ուքրանիա անցումը Թուրքիայէն, այդ բոլորէն առաջ արեւմտեան ապրանքներու Թուրքիոյ վրայով Ռուսիա ընթացող հոսքի կասեցումը նախադրեալներ էին, որ Անգարա կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան գօտի եւ քայլ առ քայլ կը հեռանայ Մոսկուայէն: Հիմա կը մասնակցի Մոսկուան Կովկասէն հեռացնելու հաւաքական Արեւմուտքի ծրագիրի իրականացման:
Երկրաշարժի աղէտէն, ֆինանսատնտեսական տագնապէն, հասարակութեան երկփեղկումէն ետք ակնկալելի էր Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան վերադարձը Թուրքիա յատուկ ընդգծումներով: Այս երթը հաւանաբար պիտի շարունակուի:
Իրադարձութիւնները շատ արագ են: Երկուքուկէս տարուան ընթացքին կրնան այլ մեծ պատահարներ տեղի ունենալ, եւ Անգարան վերստին կրնայ փորձել խուսանաւել Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ներկայ դիպաշարը սակայն կը համոզէ, որ Միացեալ Նահանգներ որոշած են դիւրաբեկել Մոսկուա-Անգարա առանցքը` մեկուսացնելու համար Ռուսիան, որուն սահմանները հասած են արդէն ՕԹԱՆ-ի ուժերը: Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ առեւտուրի առարկայ փրոքսի պատերազմի կարելիութիւնը բաց ձգելու եւ Մոսկուան պատերազմի մէջ ներքաշուած պահելու նպատակով:
Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակ կը փոխուի: Էրտողան խաղաթուղթ կը տրամադրէ Արեւմուտքին, որ անվերջ կ՛արծարծէ միջազգային երաշխիքներու, չէզոք կամ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը:
Ամբողջ խնդիրը այժմ այն է, որ հայկական կողմը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստաւորուիլ Մոսկուա-Անգարա հետզհետէ տեսանելի դարձող հակասութիւններէն: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան նոր ճարտարապետութեան գծագրման հրամայականը անյետաձգելի է: Ճարտարապետական կարողականութեան մարդուժը տեսանելի չէ պաշտօնական Երեւանի գերատեսչութիւններուն մէջ: Միաժամանակ փաստ է, որ պահանջուած կարողականութիւնը համախմբելու կամքն ու նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ բացակայիլ: Նոյնիսկ այս ճակատագրորոշ օրերուն:
Կայ հրամայական անվտանգային հարցերու համահայկական փորձագիտական համայնք ձեւաւորելու եւ ռազմավարական նոր հայեցակարգ մշակելու` շատ արագ փոփոխուող աշխարհաքաղաքականութեան դիմաց: Եւ զուգահեռ աշխատելու, որ նոր ճարտարապետութեան հիման վրայ աշխատին հայկական դիւանագիտութիւնն ու ռազմական ուժերը:
«Ա.»
aztagdaily.com