կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-25 10:22
Առանց Կատեգորիա

Վտանգաւոր … անվտանգութեան վեհաժողովներ

Վտանգաւոր … անվտանգութեան վեհաժողովներ

Փետրուար 17-ի Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովէն քանի մը օր առաջ, Վարշաւիոյ մէջ, Փետրուար 13-14-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար խորհրդաժողով մը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ: Հակառակ անոր որ «խաղաղութեան համար» անունը կը կրէր Վարշաւիոյ այս հանդիպումը, համեմատելով քանի մը օր ետք Միւնիխ կատարուած անվտանգութեան խորհրդաժողովին, վտանգաւոր բնոյթ ունէր:

Այսպէս, «խաղաղութեան ժողով»-ը վտանգաւոր եզրակացութիւններու յանգեցաւ: Պարզ ու մեկին, Նոր Աշխարհէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, գործակցաբար կարգ մը արբանեակ պետութիւններու հետ, որդեգրած էր հին լատինական «Ci vis pacem, parabellum» (Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատերազմի պատրաստուէ) լոզունգը: Այս պարագային, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խոչընդոտն ու թիրախը Պարսկաստանը կը նկատուէր, եւ ըստ այնմ սեղանի վրայ դրուած էր Թեհրանը մեկուսացնելու եւ անոր վրայ ճնշում բանեցնելու գործընթացը: Կացութիւն մը կամ իրավիճակ մը, որ այդքան չէր խանդավառած Եւրոպայի յառաջադէմ երկիրներու ղեկավարները: Անոնց ներկայութիւնը ինքնաբերաբար ցանցառ էր:

Ճիշտ այդ օրերուն էր, որ Սպիտակ Տունը մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան վերաբերեալ: Առաքելութիւն մը, որ հեռու կը մնայ քաղաքական լծակներէ, ինչպէս նաեւ մութ հաշիւներէ եւ բացառապէս առաջնորդուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով եւ բնոյթով, սակայն պարզապէս գերակայութեան բարդոյթի մը արդիւնք էր, յատկապէս երբ տեղեկատուական աղբիւրները նշած էին, թէ այս օժանդակութիւնը կը կատարուէր գործակցաբար Ռուսաստանի հետ:

Վարշաւիոյ մէջ կատարուած այս վտանգաւոր «ուխտ»-ին համեմատած, Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին Եւրոպան շատ աւելի լայն ներկայութիւն ունէր։ Այս գծով, Հ.Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքը, որ տարուէ տարի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը աւելի ներկայացուցչական կը դառնայ, իսկ քննարկուող խնդիրները միջազգային անվտանգութեան արդի մարտահրաւէրները կ՚արտացոլան, իսկական պատկերը կը ներկայացնէր:

Միեւնոյն միջազգային խորհրդաժողովին, կրկին հանդիպեցան Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ռուսաստանի անոր պաշտօնակիցը՝ Սերկէյ Լաւրով, ուր բնականաբար օրակարգի վրայ էր արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

Միւնիխի այս խորհրդաժողովին զգայացունց պատահարը՝ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի սուր քննադատութիւնն էր Թուրքիոյ հասցէին: Ան այպանելով Անգարան, որ մօտէն կը գործակցի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, իր խօսքին մէջ նշած էր, թէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ հայութեան հանդէպ կատարուած էին ջարդեր: Թէեւ նախագահ Սիսի ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը չէր գործածած, սակայն յստակօրէն մերկացուցած էր պատմական իրականութիւն մը, որ կրնար օրինակ դառնալ այլ ղեկավարներու եւ այլ խորհրդաժողովներու:

Ահաւասիկ թարմ նիւթ մը, որ անգամ մը եւս պիտի զբաղեցնէ Անգարան եւ Էրտողանը: Այս վերջինը, հազիւ քանի մը օր առաջ խօսք առնելով, քննադատած էր Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը, որ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ազգային օր հռչակելու մասին արտայայտուած էր: Էրտողան իւրայատուկ հեգնական ոճով Մաքրոնին առաջարկած է պատմութեան դաս տալ: Ըստ երեւոյթին, ան այլ դասեր ալ պէտք է պատրաստէ՝ այլ ղեկավարներու համար: Ծանր պարտականութիւն …եւ «պարտուած»-ի պարտաւորութիւն:

«Հայրենիք»