կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-08-02 17:36
Աշխարհ

Իրան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Յարաբերութիւններու Եւ Սահմաններու Անվտանգութեան Ամրապնդման Արձանագրութեան Ստորագրում

Իրան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Յարաբերութիւններու Եւ Սահմաններու Անվտանգութեան Ամրապնդման Արձանագրութեան Ստորագրում

aztagdaily.com - Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատար դերգնդապետ Քասեմ Ռիտայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եզերապահ ուժերու հրամանատար դերգնդապետ Ալի Մոհամետ Սալեհ Ահպապի ստորագրեցին յարաբերութիւններու եւ սահմաններու անվտանգութեան ամրապնդման փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւն մը:

Ռիտայի յայտնեց. «Այսօր գումարուեցաւ գործնական ժողով մը` Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ սահմաններուն շուրջ համակարգում կատարելու համար, եւ բարեբախտաբար ժողովը յանգեցաւ սահմանային գործակցութեան ամրապնդման շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրութեան»:

«Երկու երկիրներուն միջեւ ամէն տարի Թեհրանի եւ Ապու Տապիի մէջ կանոնաւոր ժողովներ կը գումարուին, եւ ամէն վեց ամիս անգամ մը` երկու կողմերուն հրաւէրով սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ, եւ եթէ «սահմանային հրատապ» որոշում մը որդեգրուի` հաղորդակցութեան ցանցերու կամ ժողովի գումարման ճամբով համակարգում կը կատարուի», նշեց ան:

«Այս ժողովները կը նպաստեն գործակցութեան եւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման,  սահմաններուն միջեւ օրինական երթեւեկի եւ ձկնորսներուն դիւրութիւններ կ՛ապահովեն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն անվտանգութիւնն ու հանդարտութիւնը ոտնահարել փորձողներու դիմակայման կ՛օժանդակեն», ըսաւ Ռիտայի:

Ահպապի իր կարգին նշեց. «Սահմանին վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը դրական քայլ մըն է, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի անվտանգութեան, սահմանի հսկողութեան եւ երթեւեկի դիւրացման»: