կարևոր
1819 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-08-24 12:01
Քաղաքական

Ակնարկ. Պաքուի Մարտավարական Խաղերը Եւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հրամայականը

Ակնարկ. Պաքուի Մարտավարական Խաղերը Եւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հրամայականը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին Ազրպէյճանի որդեգրած մարտավարական խաղերուն նպատակն էր հիմնականին մէջ ցոյց տալ, առաջին` որ Բերձորի միջանցքը փակ չէ եւ այնտեղ անցակէտ տեղադրելը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումն է, որովհետեւ Բերձորը Ազրպէյճանի տարածքն է: Երկրորդ` միջազգային հանրութեան երեւիլ խաղաղասէր եւ հոգատար, ըսելով, որ պատրաստ է Աղտամի ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Արցախի ժողովուրդին:

Քանի մը առաջադրանք տեսանելի են մարտավարական այս խաղերուն ետին:

Նախ այն, որ անցակէտ տեղադրելով փորձ կը կատարուի նուիրականացնել Բերձորին Ազրպէյճանին պատկանելիութիւնը: Շեշտել, որ անցակէտերը պայման են, որովհետեւ Հայաստան այդ ճամբով զինական օժանդակութիւն կը հասցնէ Արցախին: Հետեւաբար բեռնատարներուն մուտքը փակելով այժմ վտանգն է, որ կը կանխարգիլուի:

Աւելի՛ն. նման շրջափակում կազմակերպելով Պաքուն, ըստ էութեան, կ՛արգելափակէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ կապը կամ կենսաճանապարհը:

Երկրորդ առաջադրանքը հանգուցաւորուած է առաջինին հետ: Բերձորը փակելով Պաքուն նախ միջազգային ընտանիքին կը փորձէ համոզել, որ հակամարդասիրական կամ ցեղային զտման քաղաքականութիւն չէ, որ կը կիրարկէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ: Ազրպէյճան պատրաստ է մարդասիրական օժանդակութիւնը Ստեփանակերտ հասցնել Աղտամի ճամբով: Այս մէկը արդէն ազրպէյճանական օրակարգի առանցքն է, որ կը բնութագրուի Ազրպէյճան-Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութիւն յարաբերակցութեամբ:

Նկատուեցաւ նաեւ այն, որ Ազրպէյճան ոչ միայն ՄԱԿ-ի ժողովասրահներուն մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս չ՛օգտագործեր միջանցք բառը իր հռետորաբանութեան մէջ:

Այս բոլորը դէպի միջազգային դաշտ նետուած գնդակներ են:

Մարտավարութեան խաղերը երկրորդ շարքի վրայ այլ թիրախներ կը հարուածեն:

Բերձորի նշանակութիւնը ըստ էութեան կապուած է Մոսկուայի հետ: Մոսկուայի միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայ եռակողմ նոյեմբերեան համաձայնութիւն, որ Բերձորի միջանցքը պիտի վերահսկուի ռուս խաղաղապահներուն կողմէ: Այդ գործառոյթի չէզոքացումն է, որ կ՛ապահովէ Ազրպէյճանը Բերձորի կարգավիճակը փոխելով, անցակէտ տեղադրելով եւ շրջափակելով:

Պաքուի ՄԱԿ-եան մարտավարութեան երկրորդ առաջադրանքն ալ Մոսկուան թիրախաւորած է: Աղտամի ճամբան Բերձորին այլընտրանք ներկայացնելով Մոսկուան ըստ էութեան եռակողմէն շեղում կ՛արձանագրէ եւ բերձորեան միջանցքի ռուսական դերակատարութիւնը ընդմիշտ փակելու կը միտի: Եռակողմէն դուրս այլ պայմանաւորուածութեան կը ձգտի Պաքուն, այս պարագային ՄԱԿ-ի երաշխաւորութեամբ, քանի որ ՄԱԿ-ի մէջ կ՛արծարծէ հարցը եւ համախոհ պետութիւններ կ՛որոնէ:

Խաղը ուրեմն, աւելի հեռու կ՛երթայ եւ ռուսական երաշխաւորութիւնն ու տարածաշրջանին մէջ կարգավիճակը կը հարուածէ:

Կայ անշուշտ խաղին երրորդ թիրախը` ներարցախեան դաշտին պառակտումը: Փակելով եւ այլընտրանք ցոյց տալով Պաքուն փուլ առ փուլ կը փորձէ ներարցախեան դաշտին մէջ համախոհներ գտնել: Ի վերջոյ կրնայ գոյանալ մտայնութիւն, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը պէտք է ընդունիլ ուղղակի Ազրպէյճանէն, սնունդին, մթերքին եւ դեղորայքին առընթեր կազ, ելեկտրականութիւն եւ համացանցային կապ ունենալու համար:

Այստեղ արդէն կը սկսի Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցային գործընթացը, սակայն Ազրպէյճանի ճշդած խաղի կանոններով կամ ընդհանրապէս օրակարգով:

Իսկ ներարցախեան պառակտումները, բախումներն ու ընդհարումները խորքին մէջ կը նպաստեն Արցախի պետական կառոյցներու կազմաքանդման ծրագիրին: Գաղտնիք չէ անշուշտ, որ Ազրպէյճանի նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին կէտերն են բանակի ինքնալուծարումն ու պետական հաստատութիւններու ինքնակազմաքանդումը:

Այս բոլոր հանգամանքներով ալ կը բացատրուի Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին ելոյթը` միաւորուած մնալու եւ Արցախի պետական հաստատութիւնները անհպելի պահելու հրամայականը:

«Ա.»
aztagdaily.com