Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայրենիքի եւ ժողովուրդի դէմ դաւաճանական որոշումներ առնուած եւ այդ ուղղութեամբ արարքներ ի գործ դրուած են։
Այս հաստատումը երեւակայածին չէ։ Տիրող հետեւանքները, որոնք կը շարունակեն ցնցել հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, յամառող ապացոյցն են տեղի ունեցած դաւաճանութեան։
Որեւէ այլ երկրի մէջ ղեկավարութեան կողմէ դաւաճանական աքթի նշոյլն իսկ անաչառ քննարկումներու կ՚առաջնորդէ, փաստեր եւ վկայութիւններ կը յայտնաբերուին, որոնց իրաւականութեան հիման վրայ կը նախաձեռնուին արդարադատական գործընթացներու՝ յանգելով համապատասխան պատժական վճիռներու։
Պատերազմէն բխող հետեւանքներու պատասխանատուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցարդ զերծ կը մնայ պետական ամբաստանեալի կարգավիճակէն։ Ասոր պատճառները պէտք չէ փնտռել Փաշինեանի քաղաքական կարողութեան մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլափոխի ան կը հաստատէ ու կը վերահաստատէ իր ղեկավարելու ապիկարութիւնը՝ բոլոր բնագաւառներու մէջ։
Խնդիրը կը կայանայ պետական մակարդակի վրայ ցուցաբերուող անկարողութեան մէջ։
Արմէն Սարգսեան, հանրապետութեան նախագահը, որ պահապանն է ՀՀ Սահմանադրութեան, ցարդ ոչ մէկ հարց, հարցադրում, քննարկում կամ քայլ կատարած է ի տես Փաշինեանի կողմէ սահմանադրականօրէն ամրագրուած սկզբունքներու եւ տրամադրութեանց դիտաւորեալ տապալման։ Նախագահը կը մնայ լուռ՝ հակառակ իրեն վստահուած սահմանադրական հեղինակութեան եւ պարտաւորութեան։
Ազգային ժողովը սահմանադրականօրէն վերահսկողն է կառավարութեան գործունէութեան։ Անոր կը պատկանին կառավարութեան գործունէութեան ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան քննարկման բոլոր լիազօրութիւնները։ Կառավարութիւնը համարատու է Ազգային ժողովին, որու պատգամաւորները կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող ժողովուրդը։ Բայց այս Ազգային Ժողովը ի սկզբանէ, իր «Իմ Քայլական» ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, ինքզինք կը համարէ ոչ թէ կառավարութենէն հաշուառու, այլ կառավարութեան համարատու։ Արդ, Ազգային Ժողովի մեծամասնական ուժը կը շարունակէ պահել իր քաղաքական խամաճիկութեան եւ օրէնսդրական հտպիտութեան դերակատարութիւնը։ Ան դարձած է մեր պետութեան ամէնէն անկար ու ապաշնորհ իշխանութիւնը։ Անոր լաւագոյն եւ յաջողագոյն օրէնսդրութիւնը կը կայանայ սեփական վարձատրութեան, իմա՛ ինքնապարգեւատրումի բնագաւառէն ներս։ Այս Ազգային Ժողովը ինքզինք ենթակայաբար դատապարտած է անկարողութեան։ Հետեւաբար, դաւաճանութեան հետեւանքներու հիման վրայ այս օրէնսդիր մարմնէն քննարկումներ ակնկալելը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է։
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը, Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը եւ Ոստիկանութիւնը կը վայելեն բոլոր իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները հետամուտ ըլլալու քննչական եւ դատական գործընթացներու՝ բացայայտելու համար դաւաճանական հետեւանքներու դրդապատճառները, պարագաները եւ դերակատարները։ Այս ուժային մարմիններու գերագոյն պարտաւորութիւնն է պահպանել օրէնքի անկողմնակալ գերակայութիւնը անխտիր բոլորի նկատմամբ եւ յատկապէս ապահովումը հայրենիքի անվտանգութիւնը։
Այսօր հայրենիքը վտանգուած է, դաւաճանութեան հետեւանքները կը շարունակուին՝ սպառնալով Հայաստանի հարաւային շրջաններու ապահովութեան։ Այս զարգացումներուն պատասխանատուն կը գործէ օր ցերեկով՝ ընդարձակելով դաւաճանական հետեւանքներու շրջագիծը։ Բայց ԱԱԾ, ՅՔԾ եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը շարունակեն պահել իրենց ձեռնածալ պահուածքը հայրենիքի անվտանգութեան սպառնալիքներուն դիմաց եւ կը գործեն դաւաճանական հետեւանքները շարունակող Փաշինեանի հաշւոյն։
Հիմա ի յայտ կու գան յստակ փաստեր, յամառող փաստեր, որոնց նկատմամբ պէտք է պատասխան տան դաւաճանական հետեւանքները սանձող եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ապահովող պատասխանատուները։ Այս պատասխանատւները պարտին հերթաբար վկայել իրենց հետ առնչուող դէպքերու եւ արարքներու մասին, որոնք հայրենիքն ու ժողովուրդը առաջնորդեցին ներկայ դաւաճանական հետեւանքներու։ Անոնց պատասխանները պիտի ըլլան սկիզբը դաւաճանական երկանց։
Առ այդ, հարցում ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին.-
Պրն. Գրիգորեան ստացած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Չասի Սեպտեմբեր 1, 2020 թուակիր ԳԱՂՏՆԻ նամակը։ (Այս նամակը օր մը առաջ հրապարակուեցաւ Վատիկանի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի կողմէ։)
Այս գաղտնի նամակը Պրն. Գրիգորեանին հասաւ թուրք.ատրպէյճանական նախայարձակումէն 26 օր առաջ։ Նամակը կը բաղկանայ երկու էջերէ, որուն կը հետեւին 13 էջերէ բաղկացած «Գործողութեան հարց»ի վերաբերող տեղեկագիրը եւ անոր կցեալ երեք յաւելուածներ՝ աշխարհագրական տախտակներով։
Իր նամակով ՀԱՊԿ քարտուղար Չաս, Սեպտեմբեր 27-ի պատերազմէն 26 օր առաջ, Պրն. Գրիգորեանի ուշադրութեան կը յանձնէ սպասուող պատերազմը եւ կը զգուշացնէ Հայաստանի ստոյգ պարտութեան մասին։ Մեկնելով այս զգուշացումէն, քարտուղար Չաս խորհուրդ կու տայ Պրն. Գրիգորեանին, որ ՀՀ վարչապետը թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը դիմակայելու նպատակով օժանդակութեան դիմէ Հայաստանի ՀԱՊԿ գործընկերներուն` պատերազմական գործողութիւններու սկսելէն առաջ:
Անշուշտ Փաշինեան ո՛չ պատերազմէն առաջ, ո՛չ ալ պատերազմի ընթացքին որեւէ ձեւի դիմում չկատարեց ՀԱՊԿ,-ին։ Այս կէտին վրայ կը սկսին «ինչո՜ւ»ներու շարք մը, որոնք կրնան յանգեցնել այն իրականութեան, որ այս պատերազմը նախօրօք համաձայնուած դաւադրութիւն մըն էր մէկ կողմէ Փաշինեանի ու զինք հովանաւորող օտար ուժերու եւ միւս կողմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։
Այս հարցումներէն առաջ, Պրն. Գրիգորեան պէտք է պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.-
ա. Պրն. Գրիգորեան ստացա՞ծ է նման գաղտնի նամակ ՀԱՊԿ քարտուղարէն։
բ. Եթէ ստացած է, այդ մասին որո՞ւ տեղեակ պահած է։
գ. Ի՞նչ եւ ինչպիսի՞ քայլերու դիմուած է ի տես սպառնացող պատերազմին։
Պրն. Գրիգորեանի պարտաւորութիւնն է պատասխանել այս եւ նման այլ հարցումներու։ Լաւ է որ ան կամովին եւ ամենայն անկեղծութեամբ պատասխանէ, այլապէս հայ ժողովուրդի մօտակայ դատաստանին առջեւ Պրն. Գրիգորեան եւս պիտի նստի ամբաստանեալի աթոռին վրայ։
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 27, 2020
Սեդօ Պոյաճեան