կարևոր
1924 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-12 17:50
Քաղաքական

Միջազգային երաշխիքներու վրայ դրուած գրաւը եւ «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» պատմութեան թելադրանքը

Միջազգային երաշխիքներու վրայ դրուած գրաւը եւ «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» պատմութեան թելադրանքը

Հայաստանի դիւանագիտութեան և Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական աշխուժացումը ի դէմս Միջազգային Դատարանի որոշումին որով կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին ապաշրջափակել Արցախը, Եւրոպական Խորհրդարանի շրջանակներուն մէջ Արցախի ի նպաստ կեցուածքներու բազմացման և Ուաշինկթընի մէջ Պետական Քարտուղարութեան մօտ Երևանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի անպատասխանատու և նախընթաց ստեղծող յայտարարութեան դէմ բողոքի նախաձեռնութիւններուն, ստացած են յստակ հնչեղութիւն: Բայց «հնչեղութիւնը» պէտք չէ շփոթել արդիւնքի հետ: Արցախը կը մնայ շրջափակուած, և ազրպէյճանական յարձակողականութիւնը ոչինչով նուազած է: Չըսելու համար որ ամէն անգամ երբ բարձր, ըսենք Արտաքին Գործոց նախարարներու մակարդակով, հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, Արցախի թէ Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական նոր յարձակում մը անխուսափելի կը թուի:

Ատով հանդերձ, թէկուզ և հնչեղականութեան թէ տեսանելիութեան իմաստով, պէտք չէ թերգնահատել միջազգային բեմին վրայ հայկական կողմի դոյզն ձեռքբերումները: Ի վերջոյ, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին իր յաղթանակէն յետոյ Պաքուի ուզածը միջազգային բեմին վրայ հայկական գործօնը ի դէմս հայկական դիւանագիտութեան թէ Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու բոլորովին չէզոքացնելն էր: Պատերազմին պարտուած քաղաքական ուժին և յատկապէս իր ապիկարութեան փաստը բազմիցս տուած իր ղեկավարին իշխանութեան մնալու տխուր փաստը առաջին հերթին, ապա և Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա և եւրոպական ցամաքամասի վրայ շարունակուող պատերազմի ստեղծած պայմանները, ի մասնաւորի ոչ-ռուսական կազի թէ քարիւղի ապահովման կարիքը, մեծապէս օգնեցին Ազրպէյճանին: Այս վերջինը, առանց վարանելու, ոչ միայն բազմիցս խախտած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմանի Համաձայնութեամբ հաստատուած զինադադարը, այլ իր գործողութիւններով փաստացի ցոյց կու տայ որ իրեն համար պատերազմը աւարտած չէ: Եւ քանի որ Հայաստանի պարտուած իշխանութիւններուն համար Պատերազմէն յետոյ առաջնահերթութիւնը իշխանութեան վրայ մնալն էր, ապա առաջ քաշել միակողմանիօրէն ընկալուած «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»ի հռետորաբանութիւնը որպէս մօտեցում տագնապի կարգաւորման, անտեսեցին ազրպէյճանական յարձակողականական տրամադրուածութեան տարհամոզման կենսական անհրաժեշտութիւնը որպէս նախապայման տարածաշրջանային կացութեան որևէ ձեւի քիչ թէ շատ կայունացման համար:

Փաստօրէն, մինչև անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր, Ազրպէյճանը անարգել առաջացաւ քանի որ իր նորանոր բոլոր պահանջներուն Հայաստանի իշխանութիւնները կ’ընդառաջէին, և իրենց մտահոգութիւնը միայն կը կայանար հայ հանրային կարծիքը համոզելու որ շարունակուող պարտութիւններու պատասխանատուները կամ «նախկին»ներն էին կամ ալ ռուս խաղաղապահները… Միջազգային բանակցութիւններու սեղաններուն վրայ իրենց բարձրագոյն մակարդակի ներկայացուցիչները միայն պատկերներու համար էին: Հայաստանը գործօն չէր այդ բանակցութիւններուն, պարզապէս գործիք՝ այլ մայրաքաղաքներու մէջ երկրի և Արցախի ճակատագիրը տարբեր հաշուարկներով և տարբեր շահերու նպատակով առաջ քաշուած ծրագիրներու փորձարկումներուն համար: Աւելի՛ն, ինչպէս շատ դիտորդներու այսօր հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, «խաղաղութեան» հռետորաբանութեան անկողմնացոյց մօտեցումը անոնց մղած է Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ մեծապետական խաղի մասնակից և իրարու մրցակից բոլոր կողմերուն հետ ստանձնելու իրարու հակասող յանձնառութիւններ, որոնք ոչ միայն կացութեան կայունացման ոչ մէկ նպաստ բերած են, այլ Ազրպէյճանին առիթ տուած առաւելի յարձակողապաշտ վերաբերմունք ցոյց տալու:

Պատերազմին յաջորդած երկու տարիներու այս պատկերը ի մտի ունենալով է, որ անցնող քանի մը ամիսներուն միջազգային բեմին վրայ Արցախի հարցին ստացած որոշ հնչեղութեան մասին կարելի է խօսիլ: Կը մնայ որ Հայաստանի իշխանութիւններուն ամենամեծ պատրանքը, կամ ինքնախաբէութիւնը, կամ ալ պարզապէս հանրային կարծիքը մանիպուլացնելու նորագոյն Փի.Ար.ը…, Արցախի թէ Հայաստանի ապահովութիւնը «միջազգային երաշխիքներ»ու վստահիլն է: Այս վերջինները, ինչ խօսք, անհրաժեշտ, և նոյնիսկ կենսական են, և անո՛նց պիտի ձգտի հայկական դիւանագիտութիւնը: Այդուհանդերձ, կարեւոր է «միջազգային երաշխիքներ» հասկացողութեան անհրաժեշտութեան կողքին նաե՛ւ, եթէ ոչ առաջնահերթաբար, իրապաշտօրէն տեսնել անոնց սահմանափակումները: Իսկ այդ մէկը կարելի է գնահատել միայն տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ոլորտի մէջ մեծապետական շահերու բախումի հաշուարկումով:

«Պատմութենէն դասեր քաղել»ու բանաձևը յաճախակիօրէն կը գործածուի հանրային հռետորաբանութեան մէջ: Քաղաքական իրականութեան մէջ, սակայն, շատ դժուար է անոր կոնկրետացումը: Հիմնականին մէջ որովհետև «պատմութեան դասեր» հասկացողութիւնը ինքնին զերծ չէ քաղաքականացման փորձութենէն: Սկսելով «դաս»ի հասկացողութենէն, որ ենթադրաբար պիտի ըլլայ ինչ որ «ճշմարտութիւն» մը: Այդուհանդերձ, Պատմութիւնը յաճախ ծնունդ կու տայ հաւաքական լինելութեան հասկացողութեան մը թելադրանքներու, որոնց անտեսումը կրնայ կամ աղիտալի ըլլալ, կամ ալ «հաւաքական լինելութեան» հասկացողութեան նոր պատում մը կերտելու նախանձախնդրութիւն յուշել:

Հայ ժողովուրդի հաւաքական լինելութեան հասկացողութեան մէջ 19-դարու վերջին ռուս-թրքական պատերազմը ձգած է Պատմութեան թելադրանք մը, որ շատերուս համար պատումացած է «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» խորագրով: Խօսքը կը վերաբերի Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածով Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գտնուող հայկական նահանգներու բարեկարգումներու յանձնառութեան որ Սուլթանը կը ստանձնէր հոն գտնուող ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ, և այդ դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկած Պերլինի Վեհաժողովին, ուր նոյն այդ հարցին կ’անդրադառնար 61-րդ յօդուածը, այսինքն՝ հարցը կը կորսնցնէր իր կարևորութիւնը, և այս անգամ փոխանակ ռուսական զօրքին, որ պիտի քաշուէր հայկական նահանգներէն, բարեկարգումներուն պիտի վերահսկէին «մեծ տէրութիւնները»: «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» Պատմութեան թելադրանքը, այնպէս ինչպէս մեր շատերու հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրուած է, կը յուշէ քանի մը նկատառում: Առաջին, միջազգային հարթակը կարևոր էր «Հայկական Հարց»ը օրակարգի դնելու համար: Երկրորդ, մինչ 16-րդ յօդուածով բարեկարգումներու երաշխիքը ունէր մէկ հասցէատէր, 61-րդ յօդուածի «մեծ տէրութիւններ» վերացական հասկացողութիւնը այդ երաշխիքի հասցէատիրութիւնը կը յանձնէր մեծապետական մրցակցութեան, որով և Սուլթանին ձեռքերը ազատ կը ձգէր ոչ միայն բարենորոգումներ չընելու այլ հայահալած քաղաքականութիւնը շարունակելու: Պերլինի Վեհաժողովէն վերադարձած Խրիմեան Հայրիկի նշանաւոր «Երկաթէ Շերեփ»ի քարոզը երրորդ և ամենակարևոր կէտն էր Պատմութեան թելադրանքին. ինքնապաշտպանութեան առաջնահերթութիւնը:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» Պատմութեան թելադրանքը եթէ ի մտի ունենային, պիտի հասկնային որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին անհրաժեշտաբար յաջորդելիք հայկական դիւանագիտական աշխուժացումը առաջին հերթին պիտի ձգտէր ժամանակ շահիլ բանակի վերակազմակերպումին և պաշտպանական համակարգի վերականգնումին հրամայականին համար, նախքան Արցախի թէ Հայաստանի ապահովութեան համար «միջազգային երաշխիքներ»ու կոնկրետացումն ու հասցէագրումը:

Տասնիններորդ դարու վերջին ռուս-թրքական պատերազմին յաղթանակած ցարական բանակը հայկական նահանգներուն մէջ պիտի չմնար միայն բարեկարգումներու իրականացման վերահսկելու համար: Աւելի՛ն, բարեկարգումները պատրուակ էին Ցարական Ռուսիոյ համար իր զօրքերը պահելու Միջերկրականի «տաք ջուրեր»ուն մօտ: Տեղւոյն հայ բնակչութեան ճակատագիրը երկրորդական էր: Բայց երբ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկած Պերլինի Վեհաժողովի որոշումով ռուսական զօրքերը քաշուեցան հայկական նահանգներէն հոնտեղի հայ բնակչութեան լայն զանգուած մը իրենց հետ հեռացաւ իր բնակավայրէն վախնալով կրկին ենթակայ ըլլալ հալածանքներու և կոտորածներու:

Այսօր կացութիւնը շատ աւելի բարդ է Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ: Չկայ ռուս-թրքական պատերազմ, ոչ իսկ թշնամութիւն, ընդհակառակը, Քառասուչորսօրեայ Պատերազմը կարծես թէ յուշեց որ երկու երկիրներու մրցակցութիւն-համագործակցութիւն յարաբերութիւնները շատ աւլի մօտ են 1921-ի Պոլշեւիկ-Քեմալական սիրաբանութեան: Եւ կարևոր չէ եթէ Պատմութիւնը կը կրկնուի, կամ ինչպէս կը կրկնուի: Բայց Հայաստանի իշխանութիւններուն համար լոկ մտամարզանքէ աւելի պէտք է ըլլայ «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» Պատմութեան թելադրանքի նկատառումը երբ Արցախի թէ Հայաստանի ապահովութեան գրաւը կը դնեն բացառաբար «միջազգային երաշխիքներ»ու վրայ: Ի մասնաւորի ի մտի ունենալով Եռակողմանի Համաձայնագրով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու կեցութեան պայմանաժամը, որուն աւարտին հազիւ երկու տարի մնացած է…

Խ. Տէր Ղուկասեան

horizonweekly.ca