Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուան մտահոգ է, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով: Այս տեղեկատուութեան հրապարակման մէջ յղում կատարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կապուած աղբիւրներու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է հարցին` ընդգծելով, որ առաջին անգամն է, որ միջնորդի դեր վերցուցած կողմ մը կը սպառնայ հակամարտող կողմին: Աւելցուցած, որ Ուաշինկթընը պարտաւոր է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնը:
Յայտնապէս ճնշումը կամ սպառնալիքը արցախեան կողմին ուղղուած է: Աւելի՛ն. ըստ լրատուամիջոցին, եթէ Արցախի ներկայացուցիչները մերժեն հանդիպիլ Պաքուի ղեկավարներուն հետ, Միացեալ Նահանգները կը սպառնան դիմել հակաահաբեկչական գործողութիւններու:
Երեւոյթը սովորական լրատուամիջոցի մը մեկնաբանական լրատուութեան չի վերաբերիր: Նոյն նիւթին մէջ կ՛ըսուի, որ լրատուամիջոցը յղում կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն: Արտաքին գործոց նախարարութենէն ոչ միայն հերքում չկայ, այլ բացատրութիւն պահանջուած է Ուաշինկթընէն:
Ուշագրաւ է, որ արծարծուած ամերիկեան սպառնալիքը կամ ճնշումը ուղղուած է արցախեան կողմին: Այս կ՛ենթադրէ, որ Պաքուն խնդիր չունի Ստեփանակերտի հետ հանդիպելու: Եթէ խնդիր չունի, ուրեմն Ազրպէյճանի ճշդած օրակարգով կը պայմանաւորուի հանդիպումը: Պաքուն կը շարունակէ յանկերգել, որ միակ օրակարգը Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու պիտի ըլլայ համարկումը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնը: Չմեկնաբանելը չհերքել է աւելի քան չհաստատել այս պարագային: Ուաշինկթընէն տակաւին չկայ արձագանգ կամ հերքում հրապարակուածին մասին: Կ՛ենթադրուի, որ կ՛ըլլայ անպայման:
Պէտք է մտաբերել Ուաշինկթընի հանդիպման յետաձգումը` Պաքուի առաջարկով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները յետաձգումի որոշումին տուին թեքնիք, ոչ էական պատճառներ:
Քաղաքական ընթերցումները այս բոլորին մտածել կու տան այլ շարժառիթներու մասին: Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը ո՛չ Արցախի կարգավիճակն է, ո՛չ անվտանգութիւնը, ո՛չ ալ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները: Հետապնդուածը միջնոդութեան գործընթացի ղեկավարման ստանձնումն է: Ստեփանակերտ-Պաքու ձեւաչափը նման պայմաններով Ստեփանակերտի բանակցային կողմի հանգամանքի ապահովման հետ կապ չունի: Ազրպէյճանի բացարձակ պայմանը յստակ է այս առումով: Կը բանակցին բացառապէս համարկումի օրակարգով:
Ամերիկեան միջնորդութիւնը ռուսական միջնորդութեան չէզոքացումը կ՛ենթադրէ: Սպառնալիքը, որուն մասին կ՛ակնարկուի հրապարկումին մէջ, շատ հեռուները կ՛երթայ` «հակաահաբեկչական գործողութիւններ խոստանալով:
Չի բացառուիր, որ նման նիւթ հրապարակելը Մոսկուայի պատուէրն է: Բայց երբ չեն հերքուիր պաշտօնական յայտարարութիւնները, հաւաստիութիւնը տեղ կը շահի: Պարզ է, որ Մոսկուայի առաջին շահագրգռուածութիւնը միջնորդի հանգամանքը պահելն է եւ խաղաղապահ ուժերը այնտեղ տեղակայելը: Որոնց համար Մոսկուան կը շարունակէ յենիլ եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ:
Սակայն Պաքուն հիմնովին կը խախտէ եռակողմերը, եւ` այս հրապարակումին ճամբով պարզ կը դարձնէ, որ ամերիկեան պահանջներուն ընդառաջած է. փաստօրէն ճնշումն ու սպառնալիքը ուղղուած են Ստեփանակերտին:
Քաղաքական այս նախադրեալներով ալ կը բացատրուի միջազգային երաշխիքներով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան ձեռնարկումի առաջադրանքը, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի շրջանակներէն կը շարունակէ հնչել:
«Ա.»
aztagdaily.com