կարևոր
3961 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-15 14:55
Քաղաքական

Համախմբել Կամ Հրաժարիլ

Համախմբել Կամ Հրաժարիլ

Յօդուածը կը գրեմ, հարկադրաբար, կիրակի, 14 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն առաջ: Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Շարլ Միշելի հանդիպումը, կոչուած է ըլլալու նախորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (արտաքին գործոց նախարար) Պլինքընի հովանաւորութեամբ կայացած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու չորսօրեայ բանակցութիւններու շարունակութիւնը: Արդարեւ, Եւրոպական միութեան դիւանագիտական շրջանակները կ՛ըսեն, որ եթէ չորսօրեայ բանակցութիւններու ընթացքին յառաջընթացի արձանագրութիւն չըլլար, անկարելի պիտի ըլլար առաջին դէմքերու հանդիպում կազմակերպել:

Յառաջընթաց բնականաբար չի նշանակեր հարցերու լուծում: Այդ յառաջընթացը շատ փոքր եղած ըլլալու է, Ազրպէյճանի համար` նոյնիսկ աննշան, քանի որ Ազրպէյճան անհրաժեշտ նկատած է նոր հանդիպումի նախօրեակին զինուորական գործողութեան դիմել, իր չբաւարարուած պահանջները յիշեցնելու համար: Պայրամով արդէն գործողութիւններէն առաջ նախզգուշացուցած էր յայտարարելով, որ ազրպէյճանական կողմը բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն երկար պիտի չսպասէ: Այսինքն` ո՛չ 14 մայիսի բանակցութիւններուն, ո՛չ 19 մայիսին Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին, ո՛չ ալ Քիշնեւի մէջ (Մոլտովա) Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու հնգակողմ հանդիպման պիտի սպասէ: Ազրպէյճան բացայայտ կը դարձնէ, որ ժողովներ ու բանակցութիւններ կ՛ուզէք` բարի, կը մասնակցինք, բայց մենք ծրագիր ունինք, որ ամէն գնով պիտի իրագործենք. բանակցութեամբ կ՛ըլլայ` լաւ, այլապէս կը դիմենք ուժի գործածութեան:

Վերջին երկու բախումներուն ընթացքին, Հայաստանի զինուած ուժերը հակադարձեցին ազրպէյճանական յարձակումներուն: Ամէն գնով խաղաղութեան դարաշրջան բանալու փաշինեանական քաղաքականութիւնը չարդիւնաւորուեցաւ: Սկիզբէն բացորոշ էր, դիմադրութիւնը բացառող քաղաքական այդ գործընթացը սնանկ է եւ վնասակար: Ազրպէյճանի գրգռիչ ու ամբարտաւան վերաբերումը, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ՛ Ռուսիոյ հանդարտութեան կոչերը երկու կողմերուն ցոյց կու տային, որ զիջողական քաղաքականութիւնը ապարդիւն է եւ դատապարտուած` նոր պարտութեան:

Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը 14 մայիսի նախօրեակին իրապաշտօրէն յայտարարած է. «Մենք պէտք է համեստ ըլլանք ակնկալիքներու մէջ, թէ կիրակի երեկոյեան կրնայ խաղաղութեան փաստաթուղթ ստորագրուիլ: Ատոր համար դեռ երկար ժամանակ պէտք է»:

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը խճճուեցաւ բազմակողմ ու հակասական շահերու սպասարկող ուժային կեդրոններու լաբիւրինթոսին մէջ: Սեփական տեսանելի ու ազգային առումով ընդունելի, նոյնիսկ համեստ զիջումներով պարզացուած, յստակ քաղաքականութեան մը բացակայութիւնը ժողովուրդը մղեց անգիտակից անտարբերութեան: Իշխանութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան սնանկութիւնը կը վկայեն արդէն շատերը, հաւանաբար մեծամասնութիւնը ազգաբնակչութեան: Իշխանութիւնը ինք եւս գիտակից է այս ճշմարտութեան: Սակայն այս իշխանութիւնը այնքան հեռու գացած է իր ձախողումները ուրիշներուն վերագրելու սովորութեան մէջ, որ այսօր ի վիճակի չէ ետդարձ կատարելու եւ քաղաքական նոր ուղի որդեգրելու: Այդ ուղին, նման ողբերգականօրէն ժխտական պայմաններուն մէջ, ամէն բան մոռնալով` ազգային միասնականութեան ձեւաւորումն է, ժողովուրդի պահանջատիրական ձգտումներու բացայայտումը, դիմադրութեան կազմակերպումը:

Ներկայ իշխանութիւնը կրնա՞յ իրագործել շատոնց անյետաձգելի դարձած ազգային նպատակներու շուրջ համախմբումը: Պէտք է քաջութիւնը ունենայ փորձելու: Չ՛ուզեր կամ չի կրնար` պէտք է հերթը տայ ուրիշին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com