Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առած է կառավարութեան ներգրաւումը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին: Ցուցանիշը այդ բոլորին միայն Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ կատարուող մագոգային հանդիպումները չեն: Ֆրանսական մամուլը, յղում կատարելով Ֆրանսայի դիւանագիտական աղբիւրներու, կը խօսի ամէնէն շատ հաւանական համախոհութիւն գոյացնելու տուեալներ ունեցող թեկնածուի մասին:
Այստեղ արդէն քննադատական սլաքները կ՛ուղղուին գործող կառավարութեան, որովհետեւ նոյն այդ աղբիւրները կը կեդրոնանան Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածու Ֆրենժիէի վրայ:
Պատահական չէ նաեւ այն կանխատեսական վերլուծումը, որ Փարիզ համաձայն ըլլայ Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածուին. առնուազն դէմ չըլլայ: Լրատուական աղմուկը, որ բարձրացած է այս առիթով, բնութագրուած է ֆրանսական «Լիպերասիոն»-ի կողմէ իբրեւ «Ֆրանսայի վտանգաւոր խաղը»:
«Վտանգաւորութիւն»-ը քանի մը ուղղութիւն ունի: Նախ այն, որ տուեալ թեկնածուն ոչ միայն ներլիբանանեան համաձայնութիւն չէ ապահոված, այլ նաեւ բեւեռացուցած է ներքրիստոնէական դաշտը: Իսկ Ֆրանսան ընդհանրապէս Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ նկատուած է աջակցող պետութիւն կամ քրիստոնեայ համայնքներուն հանդէպ հոգատար քաղաքականութիւն կիրարկող երկիր: Փարիզի մատնանշած թեկնածուն մինչ այժմ մերժուած է քրիստոնէական հիմնական ուժերուն կողմէ:
Երկրորդ ուղղութիւնը աւելի աշխարհաքաղաքական բացատրութիւն ունի: Նախ պէտք է յիշել, որ Փարիզի ներգրաւուածութիւնը միայն նախագահական ընտրութեան չի վերաբերիր: Ֆրանսան իբրեւ գլխաւոր խաղցող միշտ փորձած է իր պատմական կարգավիճակի աւանդութիւնը շարունակել եւ ներդրում բերել հիմնական հանգուցալուծման գործընթացներուն: Լիբանանեան հրապարակին վրայ սակայն Ֆրանսայի նման ներգրաւուած ուժերը բազմաթիւ են: Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն նման Լիբանանի մէջ եւս քաղաքական տրամաբանութեան հետեւելով, կը համակարգուին Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումները: Լիբանանեան դրսեւորումը այդ բոլորին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն առած քայլերուն միջեւ կը նկատուին քննարկուած օրակարգերու, այցելութեան հասցէներու եւ յայտարարութիւններու համատեղումներ եւ համահնչեղութիւններ:
Ֆրենժիէի անունը լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մօտ Իրանէն աւելի կապուած է Սուրիոյ: Անմիջապէս նկատենք, որ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացումէն եւ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձէն ետք փոխուած է հաւաքական Արեւմուտքի օգտագործած հռետորաբանութիւնը Դամասկոսի նկատմամբ:
Փոփոխութիւնը միայն Սուրիոյ նկատմամբ չէ անշուշտ: Իրանի հանդէպ կատարուող յայտարարութիւնները մեղադրական առումով դարձած են շատ աւելի պարագայական: Միտումները` Իրանի ապամեկուսացման, հետզհետէ զգալի կը դառնան, տեղ-տեղ նաեւ տեսանելի: Եւ տակաւին պարզ չէ կամ միանշանակ` Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութեան բուն մղիչ գործօնը: Այլ խօսքով` հակառակ անոր որ մեկնարկը Փեքինի մէջ էր, անպայման պէտք չէ հետեւցնել որ այդ բեկումը ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն է:
Լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ երեւցաւ տեսութիւն, որ ի դէմս քրիստոնէական շրջանակներու բողոքին, Ֆրանսան կրնա՞յ վերանայիլ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը ընդունելու իր մօտեցումը: Նման հարցադրում մը ինքնին կ՛արժեւորէ լիբանանեան հասարակութիւնը, որ գլխաւոր խաղցողները հաշուի կը նստին ժողովուրդի կամքին հետ եւ ոչ թէ անպայման կը հեռակառավարեն զանոնք: Պէտք է յիշել անպայման այս օրակարգով Իրանի արտաքին գործոց նախարարին պէյրութեան յայտարարութիւնները, որոնք յատկանշուեցան զսպուածութեամբ, թեկնածու չպարտադրելու յայտարարութիւններով եւ համախոհական թեկնածուի շուրջ կեդրոնանալու կոչերով:
Պարզ է նոյնքան, որ գոյանալիք համաձայնութիւնները միայն նախագահի թեկնածուին շուրջ չեն: Նոյնքան նշանակութիւն ունի վարչապետի պաշտօնը ստանձնողը, կառավարութեան ձեւաչափը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին մնալը կամ հեռանալը:
Յամենայն դէպս, նախագահի ընտրութեան օրակարգով կը թուի, որ կը գտնուինք խաղաթուղթերու բացայայտման փուլի նախաշեմին:
«Ա.»
aztagdaily.com