կարևոր
2770 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-22 14:16
Քաղաքական

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ շրջադարձային իրադրութիւններ տնտեսաքաղաքական գործընթացներուն նոր հունաւորումներ կ՛ապահովեն:

Անշուշտ, առաջին զգայացունց իրադարձութիւնը Չինաստանի միջնորդութեամբ Փեքինի մէջ կայացած Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնն էր` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ:

Անհետեւանք պիտի չմնար անշուշտ այս համաձայնութիւնը: Հետագայ գործողութիւնները փաստօրէն կը ստանան արագակշռոյթ ընթացք: Շաբաթ մը անց արդէն, սէուտցի թագաւորը հրաւէր կ՛ուղարկէ Իրանի նախագահին` զինք Ռիատ հրաւիրելով: Ողջունելով երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` թագաւորը կոչ կ՛ընէր Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ ամրապնդելու տնտեսական եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:

Իրանը կ՛արձագանգէր նոյն արագութեամբ. կ՛ընդունէր հրաւէրը եւ կ՛ընդգծէր համագործակցութիւնը ամրապնդելու Իրանի պատրաստակամութիւնը: Տակաւին դիւանագիտական յարաբերութիւններ չվերահաստատուած:

Ինչպէս կը նկատուի, խօսքը միայն տնտեսական ոլորտին մէջ համագործակցելու մասին չէ: Բնականաբար տնտեսութիւնը կարեւորագոյն օրակարգ է: Ռիատի գրաւոր նամակին մէջ ընդհանրապէս տարածաշրջանային համագործակցութեան մասին կը խօսուի: Եւ եթէ մտաբերենք, որ տարածաշրջանի երկփեղկումը, հիմնականին մէջ սիւննի-շիի տեսքով դրսեւորուած, ըստ էութեան Սէուտական Արաբիա եւ Իրան առճակատումին վրայ հիմնուած էր, հիմա նոր շրջափուլ է, որ կ՛ազդարարուի այս ձեւով, որովհետեւ առճակատող երկիրները կը խօսին ամբողջ տարածաշրջանի համագործակցութեան մասին:

Աշխարհագրական առաջին միջավայրը Ծոցն է այս պարագային: Ծոցի բեւեռները երբ համաձայնութեան կը յանգին, բնականաբար անոնց հետեւորդ պետութիւնները կը միանան նոր մեկնարկուող ընդհանուր վարքագիծին: Պատահական չէ, որ Փեքինը պիտի հիւրընկալէ Ծոցի բոլոր երկիրները համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէսը ճշդելու:

Չինաստանի ներգրաւումի շարժառիթները տակաւին պարզ չեն: Այս տարածաշրջանին մէջ եղանակ թելադրողը Ուաշինկթընն է` դասական ընկալումով Իրանին հակադրուելով եւ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցելով, պարզագոյն բանաձեւը տալու համար: Վերջին շրջանին երանգները սկսան աւելի աչքառու ձեւով նկատուիլ` Իրանի նկատմամբ որոշ մեղմացումներով, իսկ Սէուտական Արաբիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ոչ նախկին տեսքով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները սէուտցի իր պաշտօնակիցին հետ շուտով տեղի ունենալիք հանդիպումին առիթով դարձեալ կը խօսին այս բոլորի տարածաշրջանային մակարդակին մասին:

Փաստօրէն, իրանցի դիւանագէտը կ՛ողջունէր Յորդանանի հետ յարաբերութիւններու դիւանագէտներու մակարդակի բարձրացումը եւ յոյս կը յայտնէր, որ Իրանի եւ Պահրէյնի միջեւ խոչընդոտները վերցուին, եւ մօտ օրէն համաձայնութիւն գոյանայ, հաւաստիացնելով, որ Իրան պիտի աշխատի Պահրէյնի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար նախնական համաձայնութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ: Նախարարը կ՛ողջունէր նաեւ Իրանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումի նախօրեակին կատարուած յայտարարութեամբ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կը խօսէր Յորդանանի, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի ուղղութիւններով, աւելի պարզ դարձնելով ամբողջ տարածաշրջանին նոր շրջափուլ արդէն իսկ թեւակոխած ըլլալը:

Երկու ուղղութիւն եւս հաւանաբար պէտք է նշել այս առիթով: Առաջինը Գահիրէ-Անգարան է, եւ երկրորդը` Դամասկոս-Ապու Տապի եւ անկէ մինչեւ Արաբական լիկայի վերամիացում:

Արդէն գրանցուած էր Գահիրէ-Անգարա ապալարուածութեան որոշ միտում մը. փաստօրէն Գահիրէի մէջ կայացած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, թէ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են, եւ թէ կողմերը, քննարկելէ ետք տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, կ՛ուզեն ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը:

Համագործակցութեան նոր փուլ ազդարարելու կը միտէր նաեւ Սուրիոյ նախագահին այցելութիւնը Ապու Տապի: Անոր նախաբանը կատարուած էր երկրաշարժային դիւանագիտութեան սահմաններուն մէջ, երբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը մեկնած էր Դամասկոս: Հիմա, այս առիթով կը յայտարարուի, որ կողմերը աշխատանք կը տանին Դամասկոսի հետ կայունութեան ու զարգացման ծառայող հարցերուն մէջ գործակցութիւնն ու համակարգումը ամրապնդելու:

Վերջը նշուած իրադրութիւններու վերլուծումներուն մէջ կը յիշուին Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Յորդանանը, Եգիպտոսը, Թուրքիան, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններն ու Սուրիան: Այս իրադարձութիւններու բեկումնային պահը արձանագրուեցաւ Չինաստանի մէջ: Դժուար թէ քաղաքականօրէն ընկալելի ըլլայ այն, որ այս բոլորը կ՛ընթանան ամերիկեան վերահսկողութենէն դուրս կամ ի հեճուկս Ուաշինկթընի: Աւելի համոզիչ կը թուի Թել Աւիւի շրջանցումը այս բոլորին մէջ: Իսրայէլը փաստօրէն իրանեան սպառնալիքը դիմակայելու համար աշխարհագրական նոր միջավայր կ՛որոնէ, եւ այդ առումով Ազրպէյճանը իբրեւ Իրանի սահմանամերձ շրջան կը վերածուի իսրայէլեան ռազմական յենակէտի:

Յամենայն դէպս, Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական խաղաթուղթերու հիմնական վերադասաւորումներ տեղի կ՛ունենան:

«Ա.»