կարևոր
3091 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-21 15:51
Քաղաքական

Հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան ու­ղին

Հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան ու­ղին

Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը լիո­վին փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­ցին հա­յու ազ­գա­յին հո­գե­վի­ճա­կը։ Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ճամ­բուն վրայ վեր­ջին ա­ւե­լի քան յի­սուն եւ Ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին հե­րո­սա­պա­տու­մի ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու ստեղ­ծած ազ­գա­յին զարթնու­մի ու հպար­տու­թեան ո­գին, իր տե­ղը տուաւ հիաս­թա­փու­թեան ու մա­սամբ՝ կրա­ւո­րա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու։ Ա­նոնք ոչ միայն կը թուին ազ­դած ըլ­լալ այն սե­րունդ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք անց­նող յիս­նա­մեա­կին հե­տե­ւե­ցան հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րը, այ­լեւ հո­գե­պէս զի­նա­թափ դար­ձու­ցած են նո­րա­հաս սե­րուն­դը, ո­րուն ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը ե­ղած էր Ար­ցա­խի յաղ­թա­նա­կը, երբ ան այ­լեւս այ­սօր իր տե­ղը տո­ւած է պար­տու­թեան ու ա­զա­տագրո­ւած տա­րածք­նե­րու կո­րուս­տին։

Ոչ մէկ ժո­ղո­վուրդ կրնայ եր­կար ապ­րիլ պար­տու­թեան զգա­ցու­մի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Մա­նա­ւանդ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, Ար­ցա­խը դար­ձած էր Հայ դա­տի եւ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման լու­սա­ւոր ճամ­բան, ո­րուն մէ­ջէն հայ մար­դը տե­սաւ նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ի­րե­րա­յա­ջորդ հանգ­րո­ւան­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը, երբ ա­նոնք ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սան 100-ա­մեա­կի շրջա­դար­ձին եւ ա­ւե­լի վերջ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ յայ­տա­րա­րո­ւած ճա­նա­չու­մով։

Այ­սօր, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ տա­րե­լի­ցի նշման սե­մին կը գտնո­ւինք։ Եւ մինչ պի­տի սպա­սուէր, որ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի պինդ, ա­ւե­լի կարծր պի­տի դարձ­նէր հա­յու պա­հան­ջա­տէր ո­գին, կը զգանք, ա­կա­նա­տես կ­՚ըլ­լանք պայ­քա­րու­նակ ո­գիի նա­հան­ջին, որ անս­պա­սե­լիօ­րէն ետ կը մղէ սե­րունդ­նե­րը ի­րենց ի­րա­ւուն­քին տէր դառ­նա­լու բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թե­նէն, զի­նա­թափ կ­՚ը­նէ ա­նոնց յան­դուգն յանձ­նա­ռու­թեան կա­պար­ճը, աս­տի­ճա­նա­բար տա­նե­լով դէ­պի պատ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րե­րու փո­փո­խու­թեան պարզ հան­դի­սա­տե­սի ու կրա­ւո­րա­կան դի­տոր­դի դե­րին մէջ։

Կա­րե­լի է ա­ռար­կել այս բո­լո­րին, ը­սե­լով թէ հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը յա­մա­ռի տէր ու պաշտ­պան կանգ­նիլ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, հա­յոց աշ­խար­հի վե­րած­նուն­դին եւ հա­յու ար­դար դա­տի վե­րա­կանգ­նու­մին։ Կա­րե­լի է ներշն­չո­ւիլ Ար­ցա­խի մէջ տա­կա­ւին իր հո­ղին վրայ կանգ­նած այն ե­րի­տա­սար­դի օ­րի­նա­կէն, որ հա­կա­ռակ ա­նոր խեղ­դա­մահ ը­նե­լու թշնա­միի փոր­ձին, ա­մուր կը պա­հէ այն դար­պաս­նե­րը, ո­րոնց ե­տին դա­րե­րով պա­հո­ւած են հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ա­կունք­նե­րը։ Կա­րե­լի է նոյ­նիսկ ո­գե­ւո­րո­ւիլ այն ե­րի­տա­սար­դէն, որ օ­րեր ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ տո­ղան­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի դրօ­շը հրկի­զեց, որ­պէս պոռթ­կու­մի վեր­ջին ար­տա­յայ­տու­թիւն, իր հա­զա­րա­ւոր սերն­դա­կից­նե­րու՝ պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տին վրայ զո­հա­բե­րու­թեան դի­մաց։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը փաս­տած է, թէ ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մի բնօ­րան­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս կը գտնո­ւին հայ­րե­նի հո­ղին վրայ եւ Ս­փիւռ­քի մէջ։ Ի­րար կա­պող, ի­րա­րու ներ­գոր­ծու­թեան մէջ կեանք ա­ռած հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը իր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը գտաւ հա­յու­թեան եր­կու հա­տո­ւած­նե­րու միա­կամ ժայթ­քու­մով։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նա­մեա­կի ե­րե­ւա­նեան ծո­վա­ծա­ւալ ա­ռա­ջին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնն էր, որ Ս­փիւռ­քի մէջ ծնած ու սնած ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ձեռ­քը մղեց՝ հայ ու­ժա­կան հե­րո­սու­թեան շրջան մը բա­նա­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ։ Ան­դին, նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հե­րո­սա­կան պա­տու­մը ուժ եւ խթան դար­ձաւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան բա­գի­նին վրայ ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րած սե­րուն­դին հա­մար։

Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ի­րա­ւունք չու­նի ան­տէր ձգե­լու հայ ե­րի­տա­սար­դը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ա­պա­ւէնն է, պայ­քա­րի դրօ­շա­կի­րը, ո­րուն աչ­քե­րուն վրայ մշտա­պէս յա­ռած է հայ ժո­ղո­վուր­դը, ա­մէն ան­գամ որ ցե­ղին ձայ­նը ազ­դան­շա­նը տո­ւած է։

Սա­կայն այ­սօր, երբ հա­յու­թեան մեծ հա­տո­ւած­նե­րը կը գտնո­ւին հիաս­թա­փու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ին­կած ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թեան տակ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը պար­տին քա­լել նոր հե­րո­սա­պա­տում­նե­րու ակն­կա­լի­քի յոյ­սին մէջ։ Ժո­ղո­վուր­դը կա­րի­քը ու­նի յոյ­սի աղ­բիւ­րէն իր ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պէտք ու­նի այն յու­սա­տու ազ­դան­շա­նին, որ­պէս­զի հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին վերս­տին բո­ցա­վա­ռու­մի կայ­ծը սփռէ ա­նոր սիր­տին մէջ։

Հայ քա­ղա­քա­կան եւ հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կան աշ­խար­հը պէտք է ի­րենց ու­սե­րուն վրայ զգան նոր վե­րա­զարթ­նու­մի մը հրա­մա­յա­կա­նը, 19-րդ դա­րու ազ­գա­յին զար­թօն­քին օ­րի­նա­կով, երբ ա­զա­տա­տենչ միտքն ու խօս­քը դար­ձան երգ ու պայ­քար, դար­ձան յոյս եւ սխրա­գոր­ծու­թիւն, հայ ժո­ղո­վուր­դին նո­ւի­րե­լով՝ իր իսկ սե­փա­կան հո­ղին վրայ ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու գե­րա­գոյն ի­րա­գոր­ծու­մը։

Այ­սօր, երբ վե­րան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը ար­դէն բո­լո­րած է ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան շրջա­նը, պար­տա­ւոր ենք նոր ու­ղի­նե­րէ ա­ռաջ­նոր­դել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գի­տա­կից եւ նո­ւի­րեալ զան­գո­ւած­նե­րը։ Հայ­կա­կան եր­կին­քին տակ ներշն­չո­ւող մտա­ւո­րա­կա­նը պար­տի իր գրի­չով ու խօս­քով նոր հե­րո­սա­կան կեր­պար­ներ ստեղ­ծել, ա­նոնք, ո­րոնք Րաֆ­ֆի­նե­րու եւ Ռու­բէն­նե­րու օ­րե­րէն կը շա­րու­նա­կեն հե­րո­սա­պա­տում­նե­րու տե­սիլք­ներ կայծկլ­տել ե­րի­տա­սարդ կազ­մո­ւածք­նե­րուն մէջ։

Կա­րի՛­քը ու­նինք յանձ­նա­ռու սե­րունդ­նե­րուն։ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հե­րո­սա­կան է­ջե­րը ոչ սոսկ պա­հու, ոչ ալ պա­տա­հա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ծնուն­դը ե­ղած են։ Ա­նոնք մտա­ւո­րա­կան գոր­ծին մէ­ջէն վե­րա­զարթ­նու­մի, քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան, միաս­նա­կան պայ­քա­րու­նակ ո­գի ստեղ­ծե­լու կեն­սա­տու ա­ւա­զա­նը ե­ղած են, ո­րոնց մէջ սե­րունդ­նե­րը մկրտո­ւե­ցան ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու խոր­հուր­դով։

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կը հայ աշ­խար­հը պէտք է մղէ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը վե­րա­նա­յե­լու եւ վե­րաո­րա­կա­ւո­րե­լու ճի­գին։ Միայն այն ժա­մա­նակ կրնանք վստահ ըլ­լալ, որ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան ու­ժը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ հայ կեան­քի քա­ղա­քա­կան եւ մտա­յին վե­րա­զարթ­նու­մը, ի խնդիր մար­տու­նակ եւ պա­հան­ջա­տէր սե­րունդ­նե­րու գո­յու­թեան։

«Ազատ օր»ի խմբագրական