կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-07-27 11:31
Հասարակություն

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան անլ­ռե­լի պատ­գա­մը

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան անլ­ռե­լի պատ­գա­մը

Աղբյուրը՝ arfd.am

27 ­Յու­լի­սը, 1983 թո­ւա­կա­նին, հիմ­նա­կան դար­ձա­կէտ մը ար­ձա­նագ­րեց Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին տա­րեգ­րու­թեան մէջ։
Յու­լիս 27ի այս օ­րը, 34 տա­րի ա­ռաջ, ­Լիզ­պո­նի մէջ, թրքա­կան դես­պա­նու­թեան հա­մա­լիր շէն­քը ա­րիւ­նա­լի թա­տե­րա­բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան իւ­րօ­րի­նակ Ող­ջա­կիզ­ման։

Լիզ­պո­նի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գրո­հը ի­րա­գոր­ծե­ցին հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ։ ­Հինգն ալ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­ներ էին, ո­րոնք «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նակ»ի ա­նու­նով գրա­ւե­ցին եւ ու­ժա­նա­կով պայ­թե­ցու­ցին ու օ­դը հա­նե­ցին թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը խորհր­դան­շող շէն­քը՝ ինք­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ եւ հե­րո­սա­կան գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ ­Հայ Դա­տի պայ­քա­րին նո­ւի­րա­բե­րե­լով ի­րենց գե­րա­գոյ­նը, դե­ռա­տի կեան­քը։

Ա­րա ­Քըր­ճը­լեան, ­Վա­չէ ­Տաղ­լեան, ­Սի­մոն Եահ­նիեան, ­Սեդ­րակ Ա­ճէ­մեան եւ ­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան կը կո­չո­ւէին ­Լիզ­պո­նի Ող­ջա­կէզ­նե­րը։ ­Սի­մո­նը նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին, դես­պա­նու­թեան հա­մա­լի­րը գրա­ւե­լու գրո­հի ըն­թաց­քին։ Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սեդ­րակ եւ ­Սար­գիս չու­շա­ցան միա­նա­լու մար­տի­րո­սա­ցած ի­րենց ըն­կե­րոջ՝ յա­նուն Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի վե­րա­տի­րաց­ման հա­յոց պայ­քա­րին Ող­ջա­կիզ­ման ա­ւանդ մը կտա­կե­լով մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ ի­րա­գոր­ծո­ւած ամ­բողջ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը այն­քան ցնցիչ էր, որ ոչ միայն աշ­խար­հով մէկ ցրո­ւած պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը, այլ նաեւ ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քին ու Ար­դա­րու­թեան շուրջ ու­րաց­ման պատ քա­շած ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիան եւ ա­նոր հետ քայլ պա­հող Ա­մօ­թա­լի Լ­ռու­թեան մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը սահմռ­կե­ցան։

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին ա­նու­նով եւ մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան բո­լոր մի­ջոց­նե­րով՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նա­կը ան­մի­ջա­պէս տա­րա­ծեց հան­րա­յին կար­ծի­քը լու­սա­բա­նող հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը.- «­Մենք ո­րո­շած ենք պայ­թեց­նել այս շէն­քը եւ մնալ ա­նոր փլա­տակ­նե­րուն տակ։ Ա­սի­կա ո՛չ ինք­նաս­պա­նու­թիւն է, ոչ ալ խե­լա­գա­րու­թեան դրրսե­ւո­րում մը, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ մեր զո­հա­բե­րումն է ա­զա­տու­թեան բա­գի­նին»։

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին հա­րա­զատ­նե­րուն, ըն­կեր­նե­րուն եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար օ­րին դժո­ւար ե­ղաւ հա­ւա­տալ, որ այն­քա՜ն կեն­սու­րախ եւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րով խան­դա­վառ հա­յոր­դի­ներ, ի­րենց ան­ձին օ­րի­նա­կով, ո­րո­շած էին գործ­քով հաս­տա­տել — հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին ծա­ռա­յե­լու ճամ­բուն վրայ — գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան ուխ­տը։
Իսկ թրքա­կան պե­տու­թիւնն ու մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ա­նար­դա­րու­թեան վրայ ի­րենց խարս­խած աշ­խար­հա­կար­գին հան­գիս­տը վե­րա­հաս­տա­տե­լու խու­ճա­պով, տեն­դա­գին լծո­ւե­ցան՝ ի­րենց իսկ բա­ռե­րով «­Հայ­կա­կան Ա­հա­բեկ­չու­թեան նո­րա­յայտ վտան­գը» խեղ­դե­լու խօլ ար­շա­ւին…

Մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ցնցո­ւե­ցաւ, բայց չկրցաւ սթա­փիլ մարդ­կա­յին Խղճմ­տան­քին պար­տադ­րո­ւած մա­հա­քու­նէն եւ անձ­նա­տուր դար­ձաւ հա­յոց մղած Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան պայ­քա­րին պար­զա­պէս ­Պե­տա­կան Ա­հա­բեկ­չու­թեամբ կոյր մո­լուց­քով պա­տաս­խա­նե­լու կա­մա­կո­րու­թեան։

Ո­րո­շա­կի ժա­մա­նակ պէտք ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թիւ­նը հա­յե­րուս եւ ողջ աշ­խար­հին հասկ­նա­լի դառ­նայ՝ Տ­ղոց իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ, նախ­քան գրո­հը կա­տա­րո­ւած տե­սագ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ
— «Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղին՝ ո՛չ ա­պա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ըն­տա­նիք կ­՚ըլ­լայ: Ա­ռանց մայր հո­ղին, ա­ռանց ազ­գին, ո­րե­ւէ ըն­տա­նիք գո­յու­թիւն չ­՚ու­նե­նար»,- հա­ւա­տա­ցած էր Ա­րա։
— «­Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, ո­րով­հե­տեւ հայ պի­տի մեռ­նիմ: ­Շատ ու­րախ եմ այս գոր­ծո­ղու­թեամբ: ­Հի­մա մեր ապ­րած կեան­քը իս­կա­պէս որ կեան­քէ զատ՝ ա­մէն ին­չի կը նմա­նի: Կ­՚ապ­րինք ու­րի­շին տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ու­րի­շին խա­մա­ճիկ­ներն ենք»,- ա­ւել­ցու­ցած էր ­Սի­մոն:

— «Ինչ­պէս որ կ­՚ը­սէ եր­գը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­թերն են գտնում հնար»: Ա­յո՛, մենք խեն­թեր ենք, բայց չա­կեր­տեալ խեն­թեր: Ե­կէ՛ք, միա­ցէ՛ք մե­զի: ­Կը հա­ւա­տամ, որ կը տի­րա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին»,- յայ­տա­րա­րած էր ­Սա­գօ։
— «Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռ­նիմ. զո­հը պի­տի չըլ­լամ ճա­կա­տագ­րի խա­ղե­րուն: Ես Հայ ­Դա­տի զի­նո­ւոր եմ. կեանքս պի­տի զո­հեմ այդ ճամ­բուն վրայ»,- պոռթ­կա­ցած էր Վա­չէ։

— «­Մենք ա­ռա­ջին­նե­րը չենք, որ կը քա­լենք, մեզ­մէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են եւ կը յու­սամ, որ մեզ­մէ ա­ւե­լի լա­ւերն ալ պի­տի գան, մեզ­մէ ա­ւե­լի գոր­ծեր պի­տի ը­նեն»,- պատ­գա­մած էր ­Սեդ­րակ։
«Ա­հա այս­պէ՛ս ար­շա­ւե­ցին ­Լիզ­պոն զո­հո­ւած քաջ ըն­կեր­ներ»ը՝ ինչ­պէս որ ­Գառ­նիկ Սարգ­սեան օ­րին ար­ձա­գան­գած էր իր ծա­նօթ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գին բա­ռե­րով։
Եւ որ­քան տա­րի­նե­րը կ­՚անց­նին ու ժա­մա­նա­կը յու­շե­րու մէջ կ­՚ամ­փո­փէ օ­րին ապ­րո­ւած բո­լո­րիս ցաւն ու կսկի­ծը, այն­քան ­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­կան քայ­լը պա­րու­րած խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը իր տե­ղը կը զի­ջի պարզ ու պայ­ծառ պատ­գա­մին առ­ջեւ ­Հինգ Ող­ջա­կէզ­նե­րու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան։

Փաս­տօ­րէն 27 ­Յու­լիս 1983ին, դէմ յան­դի­ման ­Լիզ­պո­նի մէջ հինգ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ող­ջա­կի­զու­մին՝ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը բա­ցաւ աչ­քե­րը եւ անդ­րա­դար­ձաւ այն խոր վէր­քին, որ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րով բա­ցո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ մար­դոց էու­թեան մէջ։

Եւ որ­քան տա­րի­նե­րը ան­ցան, այն­քան ­Լիզ­պո­նի Անձ­նա­զո­հու­թեան տա­րե­լի­ցը այ­սօր պա­տա­հած, մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ պար­զո­ւած ող­բեր­գու­թեան պէս շա­րու­նա­կեց ցնցել մեզ՝ ողջ էու­թեամբ։

Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ­Գե­րա­գոյն ­Զո­հա­բե­րու­թեան ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը այդ­պէ՛ս, ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն պար­զե­լով՝ Լիզ­պո­նի Հին­գը աշ­խար­հով մէկ լսե­լի դար­ձու­ցին ­Հա­յուն բո­ղոքն ու ցա­սու­մը Լ­ռու­թեան այն ծան­րա­նիստ պա­տին դէմ, որ թրքա­կան պե­տու­թեան ու­րա­ցու­մով եւ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի մեղ­սակ­ցու­թեամբ հիւ­սո­ւած էր՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ա­հա­ւոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հա­յոց հո­ղե­րու բռնագ­րա­ւու­մին, հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան տե­ղա­հա­նու­թեան ու հայ­րե­նազր­կու­մին, հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­կոխ­ման ա­ղա­ղա­կող փաս­տին եւ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան շուրջ։

Սե­փա­կան կեան­քի զո­հա­բե­րու­թեան գնով՝ ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գը, աշ­խար­հով մէկ, դղրդա­ցու­ցին հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցա­սու­մը։

Բա­րօր կեան­քի յոյ­սե­րով լե­ցուն ե­րի­տա­սար­դա­կան ի­րենց կեան­քը այդ­պէս՝ իբ­րեւ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նը թրքա­կան պե­տու­թեան դէմ պայ­թե­լու պատ­րաստ ու­ժա­նակ, լա­րե­ցին ու պայ­թե­ցու­ցին ­Լիզ­պո­նի ­Հինգ հե­րոս­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան՝ ­Հա­յը չու­նի կեան­քի եւ բա­րօ­րու­թեան լիար­ժէք ու լիի­րաւ՝ ազ­գա­յի՛ն հե­ռան­կար։
Եւ ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թիւ­նը միայն ա­նոնց անձ­նա­կան ընտ­րան­քը չե­ղաւ։ Իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ եւ հա­ւա­քա­բար բո­լո­րին միա­ձոյլ օ­րի­նա­կով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բողջ սե­րունդ մը ա­րար-աշ­խար­հին լսե­լի եւ շօ­շա­փե­լի դար­ձուց միեւ­նոյն ընտ­րան­քը։

Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թեան սփիւռ­քա­ծին այդ սե­րուն­դը ա­մէն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէր տար­բեր ընտ­րանք կա­տա­րե­լու, կեան­քի մէջ յա­ջո­ղե­լու, ե­րի­տա­սար­դա­կան թա­փով նո­ւա­ճում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին ազ­գի պատուան­դա­նին բարձ­րաց­նե­լու։
Եւ այդ սե­րուն­դը ան­շուշտ կ­՚ու­զէր, որ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած եւ վերս­տին ծաղ­կող հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւէր ա­րե­ւուն տակ, մեծ ու փոքր ա­ծու բո­լոր ազ­գե­րու շար­քին։

Եւ ճիշդ այդ ընտ­րան­քին գլխա­ւոր ու անհ­րա­ժեշտ պայ­մա­նը՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նը ա­պա­հո­վե­լու մղումն էր, որ դէ­պի Լիզ­պո­նի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան բա­գի­նը ա­ռաջ­նոր­դեց քայ­լե­րը ­Սա­գո­յի եւ ­Սի­մո­նի, Սեդ­րա­կի ու ­Վա­չէի եւ Ա­րա­յի։

Տար­բեր տեղ պէտք չէ փնտռել բա­ցատ­րու­թիւ­նը այն կոտ­տա­ցող վէր­քին, որ ա­մէն Յու­լի­սի վեր­ջե­րուն այս աս­տի­ճան կը խռո­վէ միտքն ու հո­գին հայ մար­դոց։
Լիզ­պո­նի ­Հին­գին հետ, գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան բա­գի­նին վրայ փաս­տօ­րէն մար­տի­րո­սա­ցաւ հա­րա­զատ բջիջ մը իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտէն ու մտքէն, մարմ­նէն ու հո­գիէն։

Եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի Լ­ռու­թեան մեծ Ո­ճի­րին բա­ցած վէր­քը հայ մար­դու էու­թեան, յոյ­զե­րու եւ մտա­ծում­նե­րու խոր­քին. չսպիա­ցող վէր­քը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած, հայ­րե­նի հո­ղէն տե­ղա­հա­նո­ւած եւ աշ­խար­հով մէկ հող­մաց­րիւ դար­ձած հա­յու­թեան, ո­րուն ցե­ղաս­պա­նին ժա­ռան­գորդ­նե­րը եւ ա­նոնց մե­ծա­պե­տա­կան հո­վա­նա­ւոր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զլա­նալ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան խոս­տո­վա­նու­թիւնն ան­գամ։

Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սի­մոն, ­Սեդ­րակ եւ ­Սար­գիս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած տա­րա­գիր հա­յու­թեան եր­րորդ սե­րուն­դին կը պատ­կա­նէին։ Ա­մէն հիմք ու­նէին կեան­քին փա­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու ի­րենց աշ­խա­տան­քին պտուղ­նե­րը, բայց Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի սպան­դին ու տե­ղա­հա­նու­թեան, բռնագ­րա­ւու­մին եւ կոր­ծան­ման մեծ ու խո­րա­գոյն խո­ցը, այ­լեւ՝ հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քին ու Ար­դա­րու­թեան դէմ հիւ­սո­ւած Լ­ռու­թեան ­Պա­տը աշ­խար­հին հան­դէպ մեծ օ­տա­րա­կան­նե­րու վե­րա­ծած էր ա­նոնց ամ­բողջ սե­րուն­դը։

Սե­փա­կան ու մայ­րե­նի լե­զո­ւով եւ մշա­կոյ­թով լիար­ժէք ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու ներ­քին կրա­կը, պա­պե­նա­կան հո­ղին վրայ հա­յա­շունչ կեանք ու ա­զատ ա­պա­գայ կեր­տե­լու եւ վա­յե­լե­լու բուռն պա­հան­ջը եւ, մա­նա­ւանդ, ա­րե­ւուն տակ հա­յու հպար­տու­թեամբ քա­լե­լու ան­յագ ծա­րա­ւը ­Լիզ­պոն ա­ռաջ­նոր­դեց գրո­հա­յին մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ­Հինգ Խեն­թե­րուն, որ­պէս­զի նախ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն, ա­պա՝ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն եւ, վեր­ջա­պէս, լուռ ու ան­տար­բեր հա­յեաց­քով հա­յոց ող­բեր­գու­թեան նա­յող աշ­խար­հին ա­ռա­ւե­լա­գոյն ու­ժա­կա­նու­թեամբ փո­խան­ցեն ի­րենց ՊԱՏԳԱ­Մը։

Եւ տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած հա­յը, այ­սօր թէ վա­ղը, երբ իր զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի շունչ ու գա­ղա­փա­րա­կան թռիչք կը նե­րար­կէ, ան­պայ­ման պի­տի յի­շէ եւ միշտ պի­տի յի­շեց­նէ օ­րի­նա­կը ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին՝ իբ­րեւ յա­ւեր­ժին մէջ ար­ձա­գան­գող պոռթ­կու­մը հա­յոց ար­դար ցա­սու­մին։

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին հետ մեր էու­թեան կեն­սու­րախ մէկ բջի­ջը ող­ջա­կի­զո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի եր­բեք չմոռ­նանք հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նինք Ազգն ու ­Հայ­րե­նի­քը ի­րենց ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին ա­ռաջ­նոր­դե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ­Պարտ­քին։

Ն.