կարևոր
4183 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-24 13:16
Քաղաքական

Զարմանալի՞ է…

Զարմանալի՞ է…

Պզտի՜կ, երկրորդական երեւցող լուր մը՝ Երեւանէն:

Քանի մը օր առաջ, Արագածոտն մարզի Աշտարակ քաղաքին մօտակայ Փարպի (*) գիւղին բնակիչները ափ ի բերան մնացեր են, երբ առտու մը իմացեր են, որ գիւղի «ամբուլատորիա»-ի (հասկցէ՛ք, սա բուժարան կը նշանակէ) տնօրէնուհին պաշտօնէ արձակուած է եւ փոխարինուած… մանկապարտէզի ուսուցչուհիով մը:

Որոշումը տուող իշխանութիւնները բացատրեր են, որ պաշտօնազրկուած տնօրէնուհին օրէնք խախտած է, որովհետեւ կեդրոնին մէջ պաշտօնավարութեան կողքին, նաեւ անձնական գործ կ’ընէր, բժշկութեամբ կը զբաղէր: Ի դէպ, կեդրոնէն քանի մը հոգի ալ գործէ արձակուած են: Գիւղացիները կ’ըսեն, որ գործէ արձակուած բժշկուհին 45 տարիէ ի վեր կ’աշխատէր կեդրոնին մէջ եւ շատ օգտակար գործ կ’ընէր (արդեօք արժանի չէ՞ր պատուով հանգստեան կոչուելու): Պաշտօնի վրայ մնացողներ զարմանք կը յայտնեն, թէ մանկապարտէզի ուսուցչուհի մը ինչպէ՞ս կրնայ դարմանատան մը պատասխանատու նշանակուիլ, երբ բժշկութենէ բան չի հասկնար, եւ պաշտօնի բերումով՝ պէտք է դեղագիր գրէ, բշժկական թուղթեր ստուգէ-ստորագրէ:

Ես ալ կը զարմանամ… զարմացողներուն զարմանքին համար:

Նախ, եթէ պաշտօնազրկուած ուսուցչուհին բարձրագոյն դատարանի անդամ նշանակուած ՔՊ-ական մը ըլլար, վստահաբար այս ճակատագիրին պիտի չ’արժանանար, այլ եղածը «թեքնիք պատահար» պիտի սեպուէր: Փոխարինողը ահաւասիկ նոր փաստ մը կը բերէ, թէ «թաւշեայ» Հայաստանի մէջ ԽԾԲ-ական տրամաբանութիւնը, փտածութիւնը որքա՜ն արմատախիլ եղած են:

Յետոյ, ինչո՞ւ զարմանալ, որ մասնագիտական գործի մը համար պաշտօնի կը կոչուի բժշկութենէ բան չհասկցող մը: Չէ՞ որ Հայաստանի վարչապետի աթոռին նստած է մարդ մը, որ ո՛չ քաղաքականութնէ կը հասկնայ, ո՛չ՝ դիւանագիտութենէ, ո՛չ ալ ռազմական հարցերէ ու տնտեսութենէ. մէկ խօսքով, երկիր մը կառավարելու որեւէ նախապայման չ’ամբողջացներ, եղած-չեղածը ձախլիկ թերթապան մը եղած է, իսկ անոր շուրջ խմբուածներէն շատեր իր նմանակներն են:

Եթէ Փարպիի «ամբուլատորիա»-ն վաղը քայքայուի, միայն այդ գիւղի բնակիչները պիտի տուժեն, մինչդեռ Հայաստա՞նը…

__________________________________________

(*) Փարպին ծննդավայրն է Ե. դարու մատենագիրներէն Ղազար Փարպեցիի, որ հաւանաբար ուրախ է, որ չ’ապրիր «թաւշապատ» Հայաստանին մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
23 Մարտ 2023