Փոխարժեքներ
13 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 423.33 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.05 |
Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եզրափակեց այսպէս կոչուած իր «աշխատանքային այցելութիւնը», որուն ընթացքին ան հանդիպեցաւ Պոսթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Փրաւիտենսի, Նիւ Եորքի, հիւսիսային Նիւ Ճըրզիի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող ամերիկահայ ներկայացուցիչներու հետ։ Երեւանի մէջ գտնուող Սինանեանի հանրային կապերու պատասխանատուներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները լայնօրէն կ՛անդրադառնան անոր ունեցած յաջող այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն այդ այցելութիւններուն ընթացքին, Սինանեանի ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին։
Այս տեղեկութիւններուն կողքին կը ներկայացուին նաեւ լուսանկարներ, որոնց մէջ Սինանեան եւ քիչ թիւով գաղութի անդամներ ժպիտով կը նային լուսանկարչական մեքենային։
Յստակ չէ, թէ Սինանեան ի՞նչու համար եւ ի՞նչ նպատակով յանկարծ յայտնուեցաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն. եւ փափաքեցաւ իր շրջապտոյտին ընթացքին հանդիպումներ ունենալ տեղւոյն հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի կառավարութեան կեդրոնացումը ներկայիս պէտք է ըլլայ հայրենիքին վրայ։ Հայաստան կը գտնուի վտանգաւոր կացութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան սահմանին կանգնած զայն թիրախ կը դարձնէ եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հայ քաղաքայիններ կը սպաննէ՝ փոխանցելով այնպիսի պատգամ մը, որ արձանագրուելիք դէպքերը շատ աւելի վատ պիտի ըլլան։ Միւս կողմէ, Արցախի մէջ 120 հազար հայորդիներ տակաւին կը մնան Ալիեւի պարտադրած շրջափակումին ենթակայ՝ այն տարածքին մէջ, որ իրենց հայրենիքէն մնացած է։ Երեք ամիսէ ի վեր Արցախի դէմ գործադրուող շրջափակումը ցեղային մաքրագործումի իսկական արշաւ մըն է, որ օր ցերեկով կը գործադրուի։
Տակաւին յստակ չէ, թէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը ինչո՞ւ մտածած է, թէ այս ժամանակաշրջանը պատեհ առիթն է այցելելու Արեւելեան Ա.Մ.Ն. -ի շրջանները եւ հանդիպումներ ունենալու հոն գտնուող գաղութներուն հետ, որոնք ի դէպ կեդրոնացած են Արցախի ժողովուրդին զօրակցական հաւաքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր բարձրաձայնելու համար Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովելու Հայաստանի գոյութիւնը՝ նկատի ունենալով անոր եւ Արցախին սպառնացող վտանգը։
2023-ի ձմրան Սինանեանի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. -ի հայկական գաղութները կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ, այս շրջաններուն մէջ գործող Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչները որոշեցին ներկայ գտնուիլ հանդիպումներուն, ուր ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ այլ ներկայացուցիչներ։ Մեզի համար հետաքրքրական էր իմանալ, թէ հայաստանցի այս պաշտօնակատարը ինչո՞ւ կ՛այցելէր այս շրջանը։ Մենք նաեւ կ՛ուզէինք գիտնալ անոր պատասխանները մեր ուղղած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին՝ Արցախի եւ Հայաստանի գոյութեան սպառնացող ներկայ վտանգները մեղմացնելու համար Հայաստանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերուն։
Կը հաստատենք, որ Սինանեանի հետ հանդիպումներուն ընթացքին տիրող մթնոլորտը չի համընկնիր անոր գրասենեակին հրապարակած բեմականացած հաղորդագրութեան։ Մինչ մեզի համար շատ հաւանական էր, որ Սինանեան կը փափաքի վերստին կեանքի կոչել իր գրասենեակն ու յատկապէս երիտասարդութեան վերաբերող ծրագիրները, հանդիպումներուն ընթացքին անոր տուած պատասխանները՝ Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչներուն հարցումներուն, բաւական բացայայտ էին։
Օրինակի համար, Սինանեան ընդունեց, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը մեծ ձախողութիւններ արձանագրեց՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին։ Ան բացայայտօրէն հաստատեց, թէ պատերազմին առաջին երկու շաբաթներուն արդէն իսկ յստակ էր իրենց համար, որ Հայաստանն ու Արցախը պարտուած են, նկատի ունենալով Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած անհաւասար ուժը։
Սինանեան մասնաւորաբար թերագնահատեց Հայաստանի կառավարութեան կարողութիւնը՝ պատերազմի ընթացքին կարեւոր եւ անհրաժեշտ սարքեր Արցախ հասցնելու իմաստով։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի գործադիր իշխանութիւնը չկրցաւ այդ սարքերը Արցախ փոխադրել ռազմավարական եւ հաղորդակցութեան բացերուն պատճառով։
Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը անարդար կերպով պաշտօնազրկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով, Սինանեան յայտնեց, թէ ինք տեղեկութիւն չունի, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ուղղակիօրէն կապ ունեցած է Վարդանեանի պաշտօնանկութեան հարցով։ Ան աւելցուց նաեւ, որ իրեն համար Արցախի գոյութիւնը Հայաստանի գոյութեան հետ ոչ մէկ կերպով առընչուած է։
Սինանեանի կարծիքով Ռուսիա Հայաստանի բարեկամը կամ դաշնակիցը չէ, ընդհակառակը՝ Ռուսիա կը մղէ բոլորը ճանչնալու «Զանգեզուր»-ի միջանցքը, որ Ատրպէյճանի ցանկութիւնն է։ Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իր գրասենեակէն պաշտօնակատար մը մանրամասնօրէն պիտի հետեւի ամբողջ աշխարհի մէջ գործող հայկական դեսպանատուներուն աշխատանքներուն, որովհետեւ դիւանագէտները ներկայիս շատ աւելի սփիւռքեան գաղութներու հարցերով կը զբաղին եւ անոնցմով հետաքրքրուած են, քան՝ իրենց դիւանագիտական պարտականութիւններով։
Յետ այցելութիւն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Սինանեան ենթադրաբար քննարկած է ամերիկահայ ընտրուած պաշտօնատարներու միջեւ գործակցութեան կարիքը, որպէսզի կարելի է աւելի ազդեցիկ կերպով նուիրուիլ Հայ Դատի պաշտպանութեան աշխատանքներուն։ Նոյն հաղորդագրութեան մէջ հաստատուած է, թէ Սինանեան քննարկած է Սփիւռքի հետ համագործակցելու եւ միասնական ըլլալու կարիքը, որպէսզի աւելի ազդեցիկ դառնայ Սփիւռքին կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուելիք ներուժը։
Շնորհակալութիւն այս «վերացական» միտքերը փոխանցելուդ համար՝ Զարեհ Սինանեան։ Կ՛առաջարկենք Հայաստանի Հանրապետութեան համար խիստ կարիք նկատուող գումարները խնայես՝ վերջ տալով մեր գաղութներուն տուած այցելութիւններուդ, որոնց նպատակն է ընդարձակել բարոյական պատգամներդ եւ լուսանկարներու առիթ ստեղծել՝ անձիդ համար։ Հայրենիքին մանրամասնութիւններուն հետեւող եւ տեղեկացուած ու հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցող Սփիւռքի գաղութները անդադար կը գործեն՝ փրկելու համար Հայաստանն ու Արցախը։
․․․Վերջերս ի՞նչ ըրած էք՝ դուն եւ քու ներկայացուցած կառավարութիւնդ։
«Հայրենիք» – «Արմինիըն Ուիքլի»
Խմբագրական