կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-01 11:14
Քաղաքական

Դաշնակցութեան ջուրը, Սինանեան կոչուածի անհեթեթ միջամտությունը և անիրականալլի երազը․․․

Դաշնակցութեան ջուրը, Սինանեան կոչուածի անհեթեթ միջամտությունը և անիրականալլի երազը․․․
Հայաստանի իշխանութիւններու նոր «գիւտարարներէն» մէկն ալ այսպէս կոչուած սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար զարեհ սինանեանն է, որ նիկոլի թմբուկի ձայներուն լայնօրէն կը հետեւի։ Երէկ հաւկիթէն դուրս եկած սինանեանը այսօր ինքն իրեն իրաւունք տուած է Դաշնակցութեան մասին ըսելիք ունենալու։
Կարծէք թէ առաջին անգամն է, որ ՀՅԴ Բիւրոն մարմին կը նշանակէ։ Դուն ի՞նչ գիտես կուսակցութեան եւ կազմակերպական կանոններուն մասին։ Գերադաս-ստորադաս մարմիններու յարաբերութիւններուն շուրջ եւ ներքին խնդիրներուն շուրջ դուն ի՞նչ իրաւունք ունիս խառնուելու։
Քու եւ քու վարպետներուդ երազն է Դաշնակցութիւնը պառակտելը եւ մասնատուած-բաժնուած տեսնելը։ Նորութիւն չէ, առաջինը չէ եւ սպասելի է։
«Դուրսի պարտադրուած ղեկավարութեան մէջ» սփիւռքէն ալ ներկայացուցիչներ կան, եթէ չես գիտեր, եւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովով որոշուած է, որ կուսակցութեան կեդրոնը Երկիրին մէջ ըլլայ, ինչ որ բնական է։
Դուն սփիւռքի գործերու յանձնակատարը չես, այլ՝ նիկոլին գործակատարը։ ՔՊ-ի գործերուն նայիր եւ հետեւէ քու քաղաքական խումբիդ պառակտման երեւոյթներուն, երբ ամէն օր մէկը կը հեռանայ․․․ ՔՊ-ի քայքայումը դիտէ եւ փորձէ ամէնէն արագ միջոցին գլուխդ ազատել նիկոլի վոհմակէն, իսկ ատկէ անդին ՔԵԶԻ ՉԻ ԽԱՌՆՈՒԻՐ, ԹԷ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՒ ԿԱՄ ԱԼ ՆՈՅՆԻՍԿ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԷ ԿԱՄ ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ԼՈՒԾԷ։
Շատ յստակ է կուսակցութիւնը ներքին առումով մասնատելու ճիգերուն մէջ արտաքին ուժերուն առկայութիւնը, եւ դժբախտաբար ներսէն անհատներ ալ կ՛ազդուին հոսանքէն, ինչպէս դուն եւ քեզ նման շատեր տակաւին գինովցած են նիկոլով, հակառակ ենթակայի ազգակործան եւ դաւաճանական բազմաթիւ քայլերուն, որոնց փաստերուն մասին այսուհետեւ խօսիլը անհեթեթութիւն է։
Երազեցէ՛ք Դաշնակցութեան մահը։ Երազելը ձեր իրաւունքն ու ինքնագոհացման միակ միջոցն է, բայց անիրականանալի երազներէն մէկ քայլ անդին չէք կրնար անցնիլ։ Ձեզ նման շատեր երէկ, այսօր եւ վաղն ալ պիտի փորձեն քանդել Դաշնակցութիւնը, բայց դուք ալ պիտի երթաք, վաղուան դաւադիրներն ալ պիտի երթան, ներքին հետեւորդներն ալ կամ դարձի պիտի գան եւ կամ ալ պարզապէս դուրս պիտի մնան։ Մի մոռնաք, թէ ձեր վարպետին վարպետը՝ Լեւոնիկը տարիներ երազեց, բայց ապարդիւն․․․ Թշնամի թուրքին ալ մեծագոյն թշնամին Դաշնակցութիւնն է։
Իսկ Դաշնակցութենէն դուրս մնացողները, եթէ անկարգապահութիւններով շարունակեն դրսեցիի վիճակին մէջ մնալ ու ձեր թմբուկներու ձայներուն ականջ տալ, ապա պիտի չգոյատեւեն, որովհետեւ ՁՈՒԿԸ ԻՐ ՋՈՒՐԷՆ ԴՈՒՐՍ Չ՛ԱՊՐԻՐ, մինչ դուն եւ քու գործընկերներուդ խմած ջուրը արդէն իսկ ԹՈՒՆԱՒՈՐՈՒԱԾ Է․․․
 
Րաֆֆի Տէմիրճեան