Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլին յղեց նամակ մը` անդրադառնալով 2 մարտ 2023-ին Գերմանիոյ վարչապետին կատարած «Գերմանիան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Աւելի՛ն, այս բոլոր սկզբունքներն ալ համահաւասար են» յայտարարութեան:
Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը չի կրնար մնայուն ըլլալ` առանց յարգելու Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, մասնաւորաբար նկատի ունենալով այն յստակ ու շարունակուող գոյութենական վտանգը, որ ան կը դիմագրաւէ ու դիմագրաւած է պատմութեան ընթացքին: «Պէտք է միայն տեսնել Նախիջեւանի բնիկ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը` հասկնալու համար միջազգային օրէնքի այդ հիմնարար սկզբունքի յարգման կարեւորութիւնն ու հրատապութիւնը», աւելցուց Հայ դատի մարմինը:
«Կը յուսանք, որ միջազգային ընտանիքը պիտի վերականգնէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` իբրեւ շրջանին մէջ մնայուն ու տոկուն խաղաղութեան հիմնարար սկզբունք` համահունչ ըլլալով Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրին, որ միշտ բանակցութիւններու հիմնական սկզբունքը եղած է, եւ աղաղակող կերպով ոտնահարուած ու անտեսուած է 2020-ի ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումէն ետք: Վարչապետ Շոլցի յայտարարութիւնը կը նկատենք այդ ուղղութեամբ առաջին եւ կարեւոր քայլ մը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: