կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-18 09:26
Սփյուռք

Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպանին Հետ

Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպանին Հետ

Դեկտեմբեր 16ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ յատուկ ընդունելութիւն ի պատիւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ալիսըն Լեքլերի։ Ընդունելութեան ներկայ էր Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսանտր Դարչիէվ,։Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ եւ Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան ներկաներուն ծանօթացուց տիկին Լեքլերը, որ ունի դիւանագիտական երկարամեայ փորձառութիւն։ Ան վարած է ՄԱԿ-ի մօտ Գանատայի մշտական ներկայացուցիչի փոխանորդի պաշտօնը, Գանատայի Հիւսիսային Բեւեռի պատասխանատուի պաշտօնը եւ արտաքին գործոց նախարարիութեան այլ պաշտօններ։ Տիկին Լեքլեր իր խօսքին մէջ հաստատեց Գանատայի պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացման գործընթացին յաւելեալ զարկ տալու։

Ընդունելութեան ընթացքին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Լեքլէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու դեսպանին հետ։

Գանատայի Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապպետեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասեանեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։


horizonweekly.ca