կարևոր
4954 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-26 10:53
Քաղաքական

Հայ Դատի յանձնախումբը խոր ընդվզում կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի վերջին զարգացումներուն անդրադարձող Գանատայի արտգործ նախարարութեան յայտարութեան գծով

Հայ Դատի յանձնախումբը խոր ընդվզում կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի վերջին զարգացումներուն անդրադարձող Գանատայի արտգործ նախարարութեան յայտարութեան գծով

Ապրիլ 25-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որկը յայտնէ, թէ Գանատայի արտգործ նախարար Մելանի Ժոլի խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի վերջին զարգացումներով, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ սահմանային անցակէտի մը տեղակայումով Լաչինի միջանցքին վրայ, որ միակ ցամաքային կապն է Լեռնային Ղարաբաղի և յարակից շրջաններուն միջեւ։ Նախարարը կը նշէ, որ այդ գործողութիւնը ակնյայտօրէն կ՚ականահարէ խաղաղութեան գործընթացը տարածաշրջանին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ կ՚ուղղուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վերաբանալ Լաչինի միջանցքը, քաղաքացիներու անարգել ու ազատ տեղաշարժի համար:

Հաղորդագրութեան եզրափակիչ բաժնով Գանատան երկու կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ բանակցութիւնները վերսկսելու եւ զերծ մնալու սահմանային լարուածութիւններու սրումէն եւ թշնամական գործողութիւններէն:

Ի պատասխան վերոնշեալ հաղորդագրութեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը այսօր հրապարակեց հաղորդագրութիւն, ընդ որում յանձնախումբը ընդվզում կը յայտնէ արտգործ նախարարութեան յայտարարութեան առնչութեամբ, շեշտելով, որ նոյն յայտարարութեան մէջ, ուր կը նշուի, թէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ականահարման կ՚ենթարկեն խաղաղութեան գործընթացը՝ բացարձակապէս անընդունելի է «երկու կողմերուն» կոչ ուղղել «զերծ մնալ սահմանի երկայնքով իրավիճակի սրումէն կամ թշնամական գործողութիւններէն»։ Նման յայտարարութիւններու մէջ մշտապէս դրսեւորուող սխալ համարժէքութիւնը բացարձակապէս վիրաւորական է եւ միայն կը ծառայէ քաջալերելու Ատրպէյճանին հասնելու իր նպատակին՝ խախտել խաղաղութեան գործընթացը, որով մտահոգուած են Գանատան եւ այլ միջազգային կողմեր: Երկերես յայտարարութիւնները Ատրպէյճանին կը հաւաստիացնեն, որ միջազգային հանրութիւնը չի ցանկար իրեն պատասխանատուութեան ենթարկել իրավիճակի սրման համար։

Եզրափակելով յայտարարութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ ժամանակը հասած է Գանատայի համար որպէսզի այլեւս դադրեցնէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նոյն պատուանդանին վրայ դնելու իր ընթացքը եւ վճռական քայլեր ձեռնարկէ ատրպէյճանական բռնապետութեան դէմ։

horizonweekly.ca