կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-29 12:52
Հասարակություն

Մայիսեան ոգիով

Մայիսեան ոգիով

104 տարի առաջ թրքական բարբարոս բանակը իր վերջին յարձակումով ուզեց վերջ տալ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստան եւ հայ անունները։ Ան կը գտնուէր մեր սահմաններուն՝ սկսած գործը շարունակելու, բայց հանդիպեցաւ հայ ժողովուրդի յամառ կամքին՝ Արարատի նման ցցուած իր առջեւ: Եւ հայը յաղթեց այս բոլորին: Ան ետ մղելով թշնամին՝ ծունկի բերաւ զայն Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, ապահովեց իր յաղթանակը, փրկեց իր երկիրը եւ ժողովուրդը։ Հայը կռուեցաւ, հայութիւնը ապրեցաւ, կերտեց քաոսէն հայրենիք եւ կերտեց անցեալի փառքին համազօր պետութիւն, բանակ, մշակոյթ, քաղաքներ եւ շարունակեց խափանուած իր երթը: Եղեռնէն ետք վերապրելու միակ ընթացքը հայրենիքի կերտումն էր: Բոլոր հայերը հաւատացին այս կարեւոր հրամայականին: Նորակերտ հայրենիքը ունեցաւ իր բանակը, մտաւորականներ, գրողներ, ֆետայիներ: Ունեցաւ իր զինանշանն ու դրօշը: Կրցաւ ժողովրդավարութեան սկզբունքները տարիներով կիրարկել եւ իր սահմաններուն մէջ բարձր պահել այն ոգեղէն ուժը, որ դարձաւ հետագային հայրենիքի թէ՛ առհասարակ աշխարհացրիւ հայութեան ապրելու կիզակէտը:

Հայաստան անկախ դարձաւ 28 Մայիս 1918-ին: Այդ օրը դարձաւ մեր պատմութեան հին եւ նոր տօներու ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն յատկանշականը: Այս թուականին պատմական մեծակշիռ իրագործումը իր տեսակին մէջ պիտի մնայ աննախնթաց, անբացատրելիօրէն էական անհրաժեշտութիւն մը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան համար: Յատկապէս Հ.Յ.Դ գործիչներու եւ ֆետայիներուն ներդրումը մեծ է այս գործընթացին մէջ: Շատ ենք հպարտացած եւ մնայուն կերպով մնացած ենք մեր դարաւոր պատմութեան վճիռներուն տակ, բայց այս թուականը եկաւ մեզի տալու այն, որ կրնայինք չունենալ եւ կրնայինք դատապարտուիլ Ասորեստանի կամ Բաբելոնի ճակատագրին, եթէ չունենայինք հայրենիք:

Կորսնցուցած էինք մեր պատմական դարաւոր հայրենիքին մեծ մասը, կորսնցուցած էինք աւելի քան երկու միլիոն, շատ ահաւոր էր կացութիւնը:

Մինչ հայաստան խորհրդային տիրապետութեան տակ կը ճզմուէր, ՀՅԴ գրեթէ երկար տարիներ արթուն եւ պատնէշի վրայ մնաց՝ ծառայելու իր ժողովուրդին, ամէն տեղ, սփիւռքի մէջ, եւ անվերջ պահանջատէրի իր ձայնը բարձրացուց խորհրդային կարգերու անիրաւ եւ անմարդկային վերաբերմունքին դէմ՝ հանդէպ հայ ժողովուրդին։ Ան հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն, Հայ Դատին, եռագոյնին եւ հայրենիքին, անվերջ դաստիարակեց իր անդամները՝ պայքարելու յանուն հայ իրաւունքին ու ծառայելու հայ ժողովուրդին, թափելու սեփական արիւնը հայրենիքի փրկութեան համար, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը շատ լաւ գիտեր, որ պիտի գայ օրը եւ կրկին անգամ ազատութեան արեւը պիտի ծագի հայրենիքին վրայ, հայ ժողովուրդը կրկին անգամ պիտի ստեղծէ առիթը՝ հաւաքուելու հայրենի հողին վրայ։

Ան երկար տարիներ աշխատեցաւ լռակեաց, արհամարհեց բամաբասանքն ու ծաղրանքը, վեր պահեց եռագոյնը իր արժանիքով եւ պատուով, որովհետեւ կը հաւատար որ այդ հայ ժողովուրդի թափած արիւնը պէտք չէր պարապի երթար, եւ այսօր կրկին անգամ մեր դրօշը կը ծածանի հայրենի կապոյտ երկնքին տակ՝ հասնելով մինչեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շէնք:

Այսօր ալ դէպքերը նոյնն են, միայն թէ թուականը փոխուած է, այսօր ալ Արցախի մէջ հայ ֆետային ՝ զէնքը ձեռքին, «Եարի փոխան զէնքն է գրկած», իր հեղած արիւնով ան իր պապենական հողերուն արդար տէրն է, ոչ ոք իրաւունք չունի մեր հողը նուիրելու թշնամիին:

Մենք բոլոր ուժերով թիկունք կը կանգնինք Արցախի պայքարին ու իր գրաւուած հողերու վերատիրացման ու յաղթանակին, որովհետեւ անոր գոյատեւումը հայաստանի գոյատեւումն է, Արցախի անկախութիւն կը նշանակէ Հայաստանի անկախութիւն, եթէ չկայ Արցախ, չկայ Հայաստան իր սահմաններով, որովհետեւ ան կուլ պիտի երթայ լկտիացած, ջարդարար թշնամիին նոր արշաւներուն:

ՀՅԴաշնակցութեան պայքարը ամէն տեղ է, պիտի շարունակուի ի սէր հայ դատին, ժողովուրդին ու հայրենիքին, պատերազմի դաշտին վրայ ՝ կամ մայրաքաղաքներու բեմերուն վրայ, ըլլայ ան Երեւան, Ուաշինկթըն, Մոսկուա եւ այլուր։

Հուսկ՝ բոլորս կը հաւատանք թէ Հայրենիքի Դաշտերուն վրայ կրկին պիտի բացուին կարմիր կակաչները, անոնք հայ ժողովուրդի թափած արիւնի կաթիլներն են, որոնք հոգի պիտի առնեն՝ յարատեւ պահելու պաշտպանելու հայ ժողովուրդը ազատ անկախ հայրենի հողին վրայ:

Շնորհաւո՛ր Անկախութեան տօնդ, Հայրենիք՛։

Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ պայքարին։

Փա՛ռք ու պատի՛ւ անկախութիւն կերտող սերունդին։

Փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր բոլոր նահատակներուն։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ