կարևոր
2632 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-27 14:01
Քաղաքական

Համազգային համախմբում՝ մայիսեան ոգիով

Համազգային համախմբում՝ մայիսեան ոգիով

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման 105-ա­մեա­կի սե­մին, Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նին կող­մէ Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ ճանչ­նա­լու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ուժ­գին հա­րո­ւած մը ե­ղաւ մեր պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րուն։

Նոյ­նիսկ ե­թէ 28 Մա­յի­սի օ­րը վար­չա­պե­տը իր ու­ղեր­ձով փոր­ձէ պե­տա­կան այ­րի տուր­քի բա­ժի­նը տալ մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դին, ան ար­դէն ի սկզբա­նէ ոտ­նա­կոխ դար­ձու­ցած է հա­յու­թեան տես­լա­կա­նը՝ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րին մէջ տես­նե­լու ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի մարմ­նա­ցումն ու իղ­ձը։

Մօտ հինգ տա­րի ա­ռաջ ար­ձա­կո­ւած «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է ու վերջ» ո­գե­ւո­րիչ խօս­քէն մին­չեւ մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նը սա­կար­կու­թեան դնե­լու վար­քա­գի­ծը, ճամ­բան ե­ղաւ շատ կարճ, բայց միա­ժա­մա­նակ ող­բեր­գա­կան։

Կաս­կած չկայ, որ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ոչ պատ­մու­թիւն սեր­տած է, ոչ ալ քա­ղա­քա­կան հա­սա­կը ու­նի տէր դառ­նա­լու հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն, ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րի պահ­պան­ման ու Ար­ցա­խի հո­ղի ու­ժին կառ­չե­լու մագ­նի­սա­ցու­մին։

Ի­րա­ւա­կան եւ պատ­մա­կան հիմ­քե­րէ զուրկ ա­մէն կա­մա­յա­կան ո­րո­շում ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի բա­խի հայ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քին։ Ար­դէն Ար­ցախն է, որ ցոյց կու տայ այդ ճամ­բան, մա­նա­ւանդ երբ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը եւ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­նըն­դու­նե­լի ու մեր­ժե­լի նկա­տե­ցին Փա­շի­նեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղե­ցին ամ­բողջ հա­յու­թեան միա­ւո­րո­ւե­լու ու զօ­րակ­ցե­լու Ար­ցա­խի ան­կախ գո­յա­տեւ­ման։

Մա­յի­սեան այս օ­րե­րը մեզ կը յու­շեն 105 տա­րի ա­ռաջ հա­յու­թեան միա­կամ կե­ցո­ւած­քը թշնա­միի գրո­հին դէմ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, երբ թշնա­մին խու­ժած է Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րուն վրայ, կա­րե­լի չէ դար­ձեալ չվե­րա­կեն­դա­նաց­նել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ու հա­յօ­րէն մտա­ծող Ռու­բէն­նե­րու եւ Նժ­դեհ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեան օ­րի­նա­կով տես­նել Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րու ամ­բող­ջա­կան փրկու­թիւ­նը՝ այ­սօր եւս սպառ­նա­ցող նոյն վտան­գէն։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու կեն­սա­փոր­ձը ցոյց տո­ւած է, թէ Մա­յիս 28-ի ստեղծ­ման ա­կունք­նե­րուն մէջ հա­յը միշտ վե­րամկր­տո­ւե­ցաւ, տա­լով սխրան­քի այն գոր­ծե­րը, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին նո­րօ­րեայ պայ­քար­նե­րու շղթա­յա­զեր­ծում­նե­րը։

Ճա­կա­տագ­րա­կան այս օ­րե­րուն, երբ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հե­րը մեզ­մէ զի­ջում­ներ կը պա­հան­ջեն, ու այդ զի­ջում­նե­րը յա­ջողց­նե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ կը պա­հեն այն­պի­սի ու­ժեր, ո­րոնք ոչ մէկ կապ կրնան ու­նե­նալ հա­յու­թեան կամ­քը ար­տա­յայ­տե­լու ի­րա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հետ, հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տա­ւոր է կա­սեց­նել ա­մէն գոր­ծըն­թաց, որ հե­րո­սա­ծին Ար­ցա­խը դար­ձեալ կը նե­տէ թշնա­միի գիր­կը։

Նոր Սար­տա­րա­պա­տի ազ­դան­շա­նը տրո­ւած է Ար­ցա­խէն, կ­՚անց­նի Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ կանգ­նած զի­նո­ւո­րի կուրծ­քէն ու ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ մին­չեւ Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նէն հե­ռա­ւոր ծայ­րը ապ­րող հա­յոր­դիին։

Հա­մազ­գա­յին հա­մախմ­բու­մի պա­հեր են։ Մա­յի­սեան պատ­գա­մը՝ կեն­դա­նի ու ո­գեշն­չո­ղ:

«Ազատ օր»ի խմբագրական