կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-27 10:47
Հասարակություն

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

«Պահանջատիրական նոյն ոգիով. մենք` լիբանանահայութիւն» խորագիրով ձեռնարկով մը լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, 24 ապրիլ 2021-ին, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն ս. նահատակներուն նուիրուած ս. պատարագէն անմիջապէս ետք:

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՌԱԿ-ին եւ ՀՅԴ-ին, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ տէրն է իր պահանջատիրական ոգիին, որ ոչինչ կրնայ զինք ընկճել կամ ընկրկել եւ պայքարը պիտի շարունակէ` մինչեւ հայութեան դատերու արդար լուծումը:

Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան խօսքը արտասանեց Վանիկ Տագէսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի արտասովոր հոգեվիճակով կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը` նկատի ունենալով սեպտեմբեր 27-ին պարտադրուած, 44-օրեայ պատերազմին ստեղծած մռայլ կացութիւնը, որով ոտնակոխուած է մեր ազգային ինքնասիրութիւնը, նոր վէրքեր մեր ազգի մարմնին վրայ բացուած են նոր վէրքեր, որոնք պիտի չսպիանան առանց մեր վերջնական եւ արդար յաղթանակին: Բայց եւ այնպէս, ան հաստատեց, որ կորսնցուցինք ճակատամարտը, բայց պիտի յաղթենք պատերազմը:

Վանիկ Տագէսեան նշեց, որ սեպտեմբերին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ պարտադրուած պատերազմը այդ պահուան ծնունդը չէր, այլ` շարունակութիւնը ոճրային այն ծրագիրին, որ սկիզբ առաւ 106 տարիներ առաջ: Առ այդ, ան շեշտեց, որ Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը համոզուած է, որ Թուրքիոյ ներկայի իշխանութիւնները հետամուտ կը մնան իրենց նախնիներուն ազգայնամոլ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան իրագործման եւ ճիգ չեն խնայեր նոր օսմանական կայսրութիւն մը ստեղծելու նպատակին հասնելու համար, ինչ որ յստակ կերպով կը դրսեւորուի թրքական պետական այրերու յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք մեզի կը յուշեն, թէ փանթուրանականութիւնը ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը կը սպառնայ մեր ափ մը հայրենիքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ նոր-օսմանական կայսրութիւն հիմնելու Թուրքիոյ ծաւալապաշտ նկրտումներուն:

Վ. Տագէսեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը լուծման ուղին է, զոր պէտք է ընտրեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները, եթէ իսկապէս կը փափաքին կարգաւորելու Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները: «Մինչ այդ մենք յանձնառու պիտի մնանք պահանջատիրական մեր սուրբ պայքարին: Սակայն, նախքան այս բոլորը, մենք պարտաւոր ենք մշակելու մեր նոր ռազմավարութիւնը: Օրէ օր մտահոգիչ այս մագլցումները հայ ժողովուրդը կը դնեն գործնական միասնականութեան եւ հայրենաշինութեան հրամայականին առջեւ: Հայրենաշինութիւնը պիտի դարձնենք պետական գաղափարախօսութիւն, եւ այդ գաղափարախօսութիւնը անհրաժեշտ է զարգացնել մեր բոլորին գիտակցութեան մէջ», եզրափակեց ան:

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան խօսքը արտասանեց Վաչէ Տօնէրեան, որ դիտել տուաւ, թէ Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի ոգեկոչումը կը զուգադիպի այնպիսի ահաւոր զարգացումներու, սուր տագնապներու ու ճգնաժամային պահերու, որոնք, առաւել կամ նուազ, նախ մեզի կը վերյիշեցնեն ասկէ աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը, տարածքային բռնագրաւումները, մարդկային տեղահանութիւններն ու տարագրական երեւոյթները:

Բայց այս անգամ նենգ ոսոխը արիւնարբու, մարդակուլ ու բարբարոս Թուրքիոյ ցեղակից Ազրպէյճանն էր, որ արար աշխարհի անփոյթ ու լուռ հայեացքներուն դիմաց, թրքական-իսրայէլեան քաղաքական-ռազմական թիկունքով զինուած, վարձկաններով համալրուած եւ ահաբեկիչներով ամբողջացած գործադրեց իր դիւային ծրագիրը:

Վաչէ Տօնէրեան շեշտեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը չունի այլընտրանք` բացի վերանորոգելէ իր ազգապատկան հաւատամքները, տէր կանգնելէ, պայքարելէ, դիմագրաւելէ եւ յաղթահարելէ բռնութիւններն ու բրտութիւնները, որոնք կը գործադրուին իր եւ իր հայրենիքին դէմ` քաղաքական, անիրաւական, ռազմական եւ հակապետական անարդար գործօններով, աւելցնելով, որ պէտք չէ յամենալ եւ շատ ժամանակ կորսնցնել Ցեղասպանութիւնը ընդունելու ու ճանչնալու ընտրանքներուն վրայ միայն: Ըստ անոր, ճանաչման պարագան չի նշանակեր, որ ատիկա կարեւոր կամ պէտք չէ, բայց անոր կողքին, եւ ատկէ աւելի, Հայ դատի հաշուոյն, կենսական ու հիմնական է, որ «Հայկական գնացք»-ը գործէ նոր յառաջդիմութիւններով` հայկական պահանջատիրութիւնը առաջնորդելով դէպի աւելի կայուն ու հաստատուն հարթակներ:

Բանախօսը յայտնեց, որ այսօր մեր առջեւ նաեւ կը ցցուի նոր մարտահրաւէր մը` Արցախի վիրաւոր կարգավիճակը, Հայաստանի սպառնացող վտանգը, որոնց նկատմամբ պէտք է ըլլալ չափազանց զգաստ ու սթափ, պատրաստակամ ու կազմակերպ, այնքան ատեն որ դարանակալ թշնամին անայլայլ գործելու վճռական է դեռ: Հետեւաբար կարելի չէ թուլամորթութեամբ կամ կարճատեսութեամբ վերաբերիլ անոնց հետ: «Յստակ պէտք է ըլլայ, մենք նախանձախնդիր ենք, որ մեր ազգային պահանջատիրական դրոյթներն մնան անսակարկելի եւ ամրակուռ, որոնց իրականութեան համար ո՛չ դասալքութիւնը, ո՛չ ընկրկումը, ո՛չ ալ անտարբերութիւնը կրնան օգնել մեր համայնական շահերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդին գրաւականը իր երիտասարդութիւնն է, որ պիտի շարունակէ ջահը վառ պահել եւ շարունակել պայքարը: Իր խօսքի աւարտին Վաչէ Տօնէրեան հաստատեց, որ պէտք է համախմբուիլ, միանալ ու միաբանիլ` նոր թռիչքներով եւ ամուր ենթահողերով:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ նկատել տուաւ, թէ այսօր կոտրած սիրտով, մեծ մտահոգութիւններով ու անորոշութիւններով, նաեւ մեր ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտանքը ճզմուած ներաշխարհով ազգովին կը ներկայանանք հաշուետուութեան, կը կանգնինք նոր մարտահրաւէրները հաւաքական եւ միասնական կեցուածքով դիմակալելու անհրաժեշտութեան դիմաց:

Ան հաստատեց, որ 44-օրեայ պատերազմին ահաւոր հետեւանքներն ու ցաւերը համայն հայութեան կը պատկանին, աւելցնելով, թէ ազգովին կը գտնուինք մեր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր ու ամէնէն անկիւնադարձային փուլերէն մէկուն դիմաց, մանաւանդ որ պատերազմը չէ աւարտած, ցեղասպան Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ ու նախաձեռնութեամբ եւ անոր կցորդ ու հպատակ Ազրպէյճանի գործադրութեամբ արցախեան գրաւեալ տարածքները ամէն օր կ՛ենթարկուին մշակութային ցեղասպանութեան, եւ ամէն օր ցեղասպանին կողմէ մեր հայրենիքը մաս առ մաս կտրատելու ու յօշոտելու, անոր սահմանները նեղցնելու վարքագիծը հայ կեանքը դրած է փոթորկոտ ու վտանգաւոր կացութեան մը դիմաց: Ըստ Հաւաթեանի, այս բոլորը ոչ միայն ցաւ կը պատճառեն, այլ նաեւ` յոռետեսութիւն:

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` նոր-օսմանական եւ համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն, շրջանը ապակայունացնող ու ծայրայեղութիւնները քաջալերող գերաշխուժ գործունէութիւն, ներքին առումով` քաղաքական, ընկերային-տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամերը, որոնք ամէն օր կը սպառնան քիչ մը աւելի հարուածել այս գաղութի դիմադրողականութեան:

Այս բոլոր տագնապներուն լոյսին տակ Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ հայութիւնը այսօր կանգնած է բազմաճակատ պատերազմի մը դիմաց, պատերազմ` նախ ներազգային հոգեփոխութեան, ապա վերակազմակերպման ու վերականգնումի, իսկ անկէ ետք` աշխատանքի ու պայքարի: «Այս բոլորին մէջ, սակայն, կենսական ու հրամայական անհրաժեշտութիւն կը մնայ արցախեան ճակատին վրայ պարտութեան պատճառներու ճշգրիտ ու առարկայական գնահատումը, որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել վերականգնումի ու վերազարթօնքի ճիշդ ուղին: Երկրորդ` հայութեան կրած այս մեծ պարտութեան մէջ պատասխանատուութեանց ճշգրիտ յստակացումը, որպէսզի ժողովուրդը իր այս վիճակին մէջ մոլորած ու շուարած չմնայ եւ ինքզինք չմաշեցնէ ու ամէն օր աւելի չօտարանայ իր հարազատ միջավայրէն: Վերջապէս, հայութեան նոր երթի յստակացումը դարձած է համազգային գերխնդիր: Փուլերու այս ամբողջական ու լիակատար յարգումը կենսական է այսօր հայրենիքի ու հայութեան փրկութեան համար: Թող ոչ ոք համարձակի այս տեսակէտի փոխանցման մէջ տեսնել քինախնդրութիւն, իշխանատենչութիւն, աթոռամոլութիւն եւ այլեւս հնամաշ դարձած լոզունգներու շահարկում: Այո՛, դժուար է կանգնիլ ժողովուրդին դիմաց իբրեւ ղեկավար եւ պատասխանատու խօսք ու կեցուածք արտայայտել: Բայց պարտաւոր ենք հայութեան նոր երթի հունաւորման համար խորացնել մեր միասնակամութիւնը եւ հայկական դրամագլուխի մէկտեղումն ու հզօրացումը», շեշտեց Հաւաթեան:

Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի «Համահայկական հռչակագիր»-ին մէջ տեղ գտած բոլոր յօդուածները պէտք է դարձնել համահայկական աշխատանքային կիզակէտ` միասնական կամքով Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնիլ եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարել, մշակել իրաւական պահանջներու թղթածրար, դատապարտել Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապօրինի շրջափակումը, միջազգային հարթակներու վրայ ցուցաբերուող հակահայ կեցուածքը եւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նախապայմաններու առաջադրումը` զանոնք գնահատելով իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան` Մեծ եղեռնի մինչեւ օրս անպատիժ մնալու հետեւանք: Հռչակագիրը կոչ կ՛ուղղէ հայութեան գալիք սերունդներուն` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնելու հայրենի սրբազան ժառանգութեան, աննահանջ պայքարով ծառայելու յանուն ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան, անկախ Արցախի յառաջընթացի ու զօրացման, որ անշուշտ այսօր կը պայմանաւորուի բռնազաւթուած բոլոր տարածքներու վերադարձով, աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբման եւ, վերջապէս, համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Յակոբ Հաւաթեան շեշտեց, որ այսօր համահայկական մեր նոր երթը նաեւ պայմանաւորուած է հզօր Հայաստանի վերակերտումով, հայրենիքի սահմանները անխորտակ պահելով, հայոց բանակը արդի ժամանակներուն համահունչ կարելիութիւններով համալրելով: Անոր համաձայն, հզօր Հայաստանի կերտումը պայմանաւորուած է պետականաշինութեան անյետաձգելի գործով, ուր ժողովրդավարութիւնը, արդարութիւնը եւ սահմանադրական այժմէական դրոյթները պէտք է դառնան յառաջադէմ պետութեան մը ստորոգելիները եւ երաշխաւորեն քաղաքացիին բարոյական, քաղաքական, տնտեսական եւ ֆիզիքական ապահովութիւնը: Հաւաթեան կարեւոր նկատեց նաեւ սփիւռքի վերակազմակերպումը, սփիւռքի աւանդական, քաղաքական, հոգեւոր, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ այլ կառոյցներու աշխատանքային նորարար ոճի եւ մօտեցումի որդեգրումը, երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ներդրումի ամբողջական ապահովումը, ինչպէս նաեւ հայկական միջավայրէն դուրս գտնուող հայութեան մեծ զանգուածը դէպի հայկական օրակարգ մօտեցնելու ու հզօր Հայաստանի կերտման առաջադրանքի իրականացման մասնակից դարձնելու հրամայականը կը մնան լուրջ հիմնախնդիրներ:

«Այս բոլորին մէջ լիբանանահայութիւնը եւ լիբանանահայը կը շարունակեն մնալ պատրաստ զինուորը հզօր Հայաստանի կերտումին: Լիբանանահայ համայնքի կենսունակութիւնը եւ աշխուժութիւնը երաշխաւորելու համար անցնող երկու տարիներուն ընթացքին ծաւալած աշխատանքները Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ ու հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ճամբով աշխարհասփիւռ հայութեան լիբանանահայ համայնքի վերականգնումին համար ցուցաբերուած պատրաստակամութիւնը եւ զօրակցութիւնը պարտաւորեցնող հանգամանքներ են մեզի` բոլորիս համար, շարունակելու մեր անվհատ ու աննահանջ երթը եւ անխախտ պահելու կեդրոնական այս գաղութին համահայկական տեղն ու նշանակութիւնը: Անշուշտ տակաւին դժուարութիւնները պիտի շարունակեն մնալ առկայ, ու թերեւս ալ կարգ մը պարագաներու պիտի ստեղծուին յաւելեալ տագնապներ, բայց ճիգ պէտք չէ խնայենք, որ այդ բոլորը չդառնան անշրջանցելի արգելք եւ ստեղծեն խրամատ` մեր երթին մէջ», նշեց Հաւաթեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց նահատակներու նուիրուած երգ մը:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ միութիւններ ու մարմիններ Սրբոց Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղեցին` ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

aztagdaily.com