կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-12-14 21:20
Հասարակություն

Վտանգը Ժիրայր Լիպարիտեանէն է

Վտանգը Ժիրայր Լիպարիտեանէն է

Պրն. Ժիրայր Լիպարիտեան կ՛ըսէ, «Ես Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն վտանգ չեմ տեսներ։»

Շատ ճիշդ է պրն. Լիպարիտեանը, որովհետեւ ան իր սեփական մտածումն ու զգացումը կ՛արտայայտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասին։

Ի վերջոյ պրն. Լիպարիտեան  ինչո՞ւ վտանգ պիտի տեսնէ, երբ քառասուն տարիէ ի վեր, նախ Սփիւռքի մէջ ու ապա հայրենիքի մէջ, գործակալական պատուէրներով ան թրքական կողմին ծառայութիւն մատուցեց՝ ի սպաս կայսերական ուժի մը։ Եւ տակաւին կը շարունակէ մատուցել։

Ուստի, մարդը իր տիրոջմէ ինչո՞ւ վախնայ։

Դարձեա՛լ ի վերջոյ, ինչպէս շունը, մարդ զինք կերակրող ձեռքը չի խածներ։ Պրն. Լիպարիտեանի պարագային, ան ո՛չ  միայն չի խածներ զինք կերակրող ձեռքը, այլեւ կը պագնէ ու գլխուն վրայ կը դնէ զայն։ Անհրաժեշտութիւնը չկայ հոս գռեհկացնելու պրն. Լիպարիտեան ձեռնպագի կամակատարութիւնը մարմնային այլ մասերուն եւս...

Հիմա պրն. Լիպարիտեան պիտի առարկէ այս միտքերուն, թէ հարցը կ՛անձնականացնենք եւ կը խուսափինք հետը վիճիլ իր ներկայացուցած վարքագծային հիմնաւորումներուն եւ եզրակացութիւններուն մասին։

Կարելի է այդ եւս ընել եւ մերկացնել իր տրամաբանութիւնը, որ շատ դիւրին է։ Պրն. Լիպարիտեանի ամբողջ տրամաբանութիւնը, առաջադրանքները եւ պատճառաբանութիւնները պարզապէս շղարշ են ծածկելու եւ առաջ մղելու իրեն յանձնարարուած ծառայողական արտաքին թելադրանքները։ Այս առաքելութեան մէջ ան ի սպաս դրած է իր ակադեմիական գիտելիքներն ու փորձառութիւնը։ Իր վարքագծային տեսակէտները չեն բխիր ակադեմիական տեսութիւններէ։ Այլ, ան ակադեմիական տեսութիւնները կը յարմարեցնէ իրեն թելադրուած պատուիրաններուն, որոնք որեւէ ձեւով չեն ներշնչուիր Հայաստանի ու հայութեան շահերէն։

Ճիշդ է, պրն. Լիպարիտեան։ Ան անձնապէս վտանգ չի տեսներ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն։ Բայց հայութիւնը յստակօրէն կը տեսնէ վտանգը Ժիրայր Լիպարիտեանէն ու իր նմաններէն։

Սեդօ Պոյաճեան

Դեկտեմբեր 14, 2021