կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-03 18:04
Հասարակություն

ՀՄԸՄի Բիւրականի Բանակավայրը Կոչուեցաւ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով

ՀՄԸՄի Բիւրականի Բանակավայրը Կոչուեցաւ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի բանակավայրի նահատներու պուրակին մէջ ՀՄԸՄական նահատակներու նուիրուած յուշարձանի տպաւորիչ բացումէն ետք, ներկաները համախմբուեցան բանակավայրի մուտքին, ուր զետեղուած էր բանակավայրը հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով անուանակոչելու յուշաքարը։ Այո Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով, այն ՀՄԸՄականին, որ վերջերս զոհ գնած անողոք համաճարակին, կեանքի թելը կտրուեցաւ կիսատ ձգելով անոր ապագային ծրագիրներր։ Այո Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց ՀՄԸՄին եւ իր շրջապատին։ Կարեւոր այս անուանակոչման ներկայ գտնուեցան նաեւ հանգուցեալ եղբօր կինը՝ Մարալը եւ որդիները Բիւզանդն ու Նժդեհը։

Արարողութիւնը գեղեցկօրէն վարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի խմբապետուհիներէն Անուշիկ Փանոսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, վեր առաւ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը տասնամեակներ շարունակ նպաստել է հայ երիտասարդութեան ազգային ոգով դաստիարակութեանը, իբրեւ ամենամեծ հայկականնարզական եւ սկաուտական կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ աքտիւ դերակատարութիւն է ունեցել  Հայաստանում եւ Արցախում ՀՄԸՄի կառոյցի հիմնադրմանգործունէութեան ծաւալման աշխատանքներում»։ Ապա, հրաւիրեց եղբ. Մկրտիչեանին այրին՝ Մարալ Մկտիչեանը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանն ու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեանը կատարելու յուշաքարի բացումը։

Յուշաքարը ծածկող եռագոյն դրօշը վար առնելէ ետք, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ ցաւ յայտնելով եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ աներեվակայելի մահուան, վեր առաւ անոր մատուցած ծառայութիւնը ՀՄԸՄի կեանքէն ներս եւ ընդգծեց ըսելով. «Եղբ. Գառնիկը իր անջնջելի դրօշմ ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի փառաւոր հանդիսութիւններու պատուաւոր ձեւով իրականացման, մասնաւորապէս միութեան վերջին քսան տարուան պատմութեան կերտման մէջ ընդհանրապէս»։

Ապա, ներկայացնելով հանգուցեալ եղբօր ՀՄԸՄական հարուստ կեանքը, յայտնեց, թէ ան սկիզբ առած էր ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն եւ աւարտած էր ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնով, ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան մնալով աշխոյժ ու կորովի ղեկավար։ Իսկ անդրադառնալով եղբօր ժողովականի կարողութիւններուն, եղբայրը ընդգծեց թէ «Եղբ. Մկրտիչեան յատկութիւնը ունէր նիւթերը նախապէս լաւ ձեւաւորելու, համադրելու եւ հետապնդելու, որ իր դրական արդիւնքը ունեցած է նախատեսուած աշխատանքներուն վրա»յ։ Եղբ. Նաճարեան նկատել տուաւ նաեւ, թէ Գառնիկ Մկրտիչեան մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրի բարեզարդման եւ ընդարձակման գործին։

Այնուհետեւ բացատրելով բանակավայրի անուանակոչման դրդապատճառները, բացատրեց. «Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, Կեդրոնական Վարչութիւնը համախորհուրդ եղբ. Գառնիկի ընտանիքին հետ, որոշեց ստեղծել ֆոնտ մը, միութեան օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական ժառանգը։ Հետեւաբար ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրը Գառնիկ Մկրտիչեան անուանելով եւ այդ ֆոնտը նուիրելով բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն։ Այս ֆոնտին կատարուած մնայուն նուիրատուութիւններով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ոչ միայն բանակավայրի արդիականացումը, այլ նաեւ նորութիւններու յաւելումը անոր կառոյցին վրայ»։

Եզրակացնելով, եղբ. Նաճարեան, բանակավայրը պաշտօնապէս «ՀՄԸՄի Գառնիկ Մկրտիչեան Սկաուտական Բանակավայր» յայտարարեց, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ներկաներուն,  որոնք ցնծութեան երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին զայն։

Մկրտիչեան ընտանիքի անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի կրտսեր որդին՝ Նժդեհը, որ ցաւով յիշելով իր հօր բացակայութիւնը իր այնքան սիրած վայրէն ըսաւ. «Այս պահուն կրնամ միայն պատկերացնել, որ որքան ուրախ է հիմա հայրս՝ եղբ. Գառնիկը։ Կը հաւատամ, որ ան մեզի հետ է։ Լուռ կը հետեւի, կը դիտէ ու իր յատուկ ժպիտով կը վայելէ մեր բոլորին ներկայութիւնը, մեր այս հաւաքը իրեն համար շատ սիրելի վայրէն՝ Բիւրականի մէջ։ Կը հաւատամ ու վստահ եմ, որ ան այսուհետեւ պիտի հսկէ այս վայրը, ոչ իր աչքերով, այլ իր բարձունքէն։ Ոչ ֆիզիքապէս հոս կանգնած, այլ երկնային իր նոր բնակարանէն, իր շուրջ հաւաքած ՀՄԸՄական բոլոր քոյր-եղբայրները, որոնք առ յաւէտ հեռացած են երկրային մեր կեանքէն, այս աշխարհէն եւ բանաւոր բացակայութեամբ մը, հեռու կը մնան միութենական գործունէութենէն։ Սակայն անոնք միանալով Արարատ ու Արագած լեռներուն պիտի պաշտպանեն այս բանակավայրը։ Բանակավայր մը, որ էր, է ու պիտի շարունակէ մնալ հաւաքավայրը ՀՄԸՄական տարբեր սերունդներու, հազարաւոր սկաուտներու, որոնցմով միշտ հպարտ էր եղբ. Գառնիկը»։

Ապա, եղբայրը վստահեցուց, որ լեցուն կեանքով այս բանակավայրը պիտի շարունակէ հանդիսանայ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄականներուն հանդիպման վայրը, իսկ իր ընտանիքի՝ կեանքի անբաժան մէկ մասը, իրենց ներշնչարանը, յոյսի եւ ուժի աղբիւրը, յենարանն ու ուխտավայրը։ 

Եռբ. Նժդեհ, Մկրտիչեան ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան, այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ իրագործման համար, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի, «Որոնք մեզի հետ էին, յիշեցին, յարգեցին ու կը շարունակեն վառ պահել եղբ. Գառնիկի Մկրտիչեանի յիշատակը»։

Օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Անբերդի շրջանի սպասաւոր հոգեւոր հովիւ Վրթանէս քհնյ. Բաղալեանը։ Ան առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց բանակավայրի անուանակոչման համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բանակավայրը ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ հոս բանակող քոյր-եղբայներուն համար։  

Յուզիչ, միաժամանակ խրախուսիչ ու մանաւանդ յուսադրիչ այս անուանակոչման արարողութիւնը վերջ գտաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ ցեղի անմահներ» գեղցիկ ու իմաստալից քայլերգով։  Ներկաները անձնապէս շնորհաւորելով Մկրտիչեան ընտանիքն ու ներկայ ՀՄԸՄականները վերադարձան տուն եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի տիպարին ծանօթացած ըլլալու մեծ գոհունակութեամբ։

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ