Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական Կոմիտեի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Հակոբ Բագրատունին գրում է.
«Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի թելադրանքով, այսօր, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու պետերուն, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն եւ ՀԲԸՄ-ի, ՀԿԲՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն, հաստատուեցաւ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը։
Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք պայթումի զոհերուն յիշատակը, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս 2020-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ մամուլին յանձնեց հայաշխարհին ուղղուած հայրական կոչ մը, որով աշխարհացրիւ հայութեան կը յիշեցնէր, թէ Լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապը մեծ է, եւ հետեւաբար, կը թելադրէր, որ Լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի գործին մէջ ամէն մարդ ստանձնէ պարտքի եւ պարտաւորութեան բաժին։
Ապա Շահէ Արք․ Փանոսեան ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին կոչը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է, պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է, մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է եւ մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Կոչին մէջ Արամ Ա․ Կաթողիկոս կը հաստատէր, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով՝ մեր հայրենիքին, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մարմինին աշխատանքներուն առանցքը պէտք է կազմեն տուներու, եկեղեցիներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգումը, առողջապահական ծրագիրները եւ կրթական օժանդակութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մարմինը պէտք է անմիջապէս դիմէ գործնական քայլերու եւ ճշդէ համապատասխան աշխատելաոճ՝ արագ, արդիւնաւէտ եւ նպատակայարմար ծրագիրներ իրականացնելու համար։ Սրբազանը հաստատեց, որ հարկ է առանց կանխակալ մտածումի, առանց անձնական նախասիրութիւններու եւ կեցուածքներու, դրական մտքով միասին մտածել, միասին կացութիւնը գնահատել, միասին մեր կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւնները ճշդել, միասին նախաձեռնել եւ միասին պարատկանութիւնները բաժնեկցիլ, որպէսզի մեր աշխատանքի որակին մէջէն մեր ժողովուրդն ալ զգայ, թէ տակաւին ունինք ապրելու կամք, կառուցելու եւ կերտելու եռանդ, տոկալու ու յարատեւելու ուժականութիւն։
Ապա երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները կազմեցին գործադիր մարմին մը, որ անմիջապէս գործի պիտի անցնի։ Յետ քննարկումներու, հանդիպումին մասնակիցները շեշտեցին, որ դժուարին պայմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով ճիգերը պէտք է կեդրոնացնել, որպէսզի հաւաքաբար յաղթահարենք դժուարութիւնները, հասնինք մեր ժողովուրդի կարիքներուն, ամուր պահենք մեր կառոյցները եւ վերականգնենք լիբանանահայութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ»: