կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-11 11:10
Հասարակություն

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերը Նորանոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին ՀՄԸՄի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերը Նորանոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին ՀՄԸՄի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

Երկար ամիսներու մարզական մաքրամաքուր պայքարէ ետք Շաբաթ, 6 Յուլիսի կէս գիշերին, իրենց յաղթական աւարտին հասան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ ՀՄԸՄական համեստ հայորդիներ՝ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններուն: Նաւասարդեանը նաեւ գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու հիւրընկալ այս երկրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ շնորհաւորելու անոր անկախութեան 243րդ տարեդարձը, որ ամէն տարի կը զուգադիպի Նաւասարդեանի եզրափակիչ շաբաթավերջին: Երկու սիրտի խօսող տօնախմբութիւններ, որոնք արդիւնք են ազատատենչութեան, որ ի գին մեծ զոհողութիւններու ձեռք բերուած են:

Այս ձգտումով, Նաւասարդեան մարզախաղերու եզրափակիչ շաբաթավերջը եղաւ իւրայատուկ, տպաւորիչ, համախմբող եւ մանաւանդ յուսադրիչ:

Այո յուսադրիչ, որովհետեւ ան ոտքի հանեց շրջանի հայութիւնը, մարդկային հեղեղի վերածեց «Պրմինկհեմ»ի շրջափակը, ուր անոնք վերապրեցան հայութեան անցեալի փառահեղ պատմութիւնը, վայելեցին հայկական մեր մշակոյթը, ականատես եղան մեր երիտասարդութեան յաղթանակներուն: Անոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան ՀՄԸՄի սկաուտական եւ մարզական խումբերու շքերթին ու ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին: Մէկ Խօսքով անոնք ապրեցան հայկական հին նոր տարին՝ Նաւասարդը:

Եւ այս բոլորին հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ Նաւասարդեան փակման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, «Պըրմինկհեմ» վարժարանի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Օրուան խօսնակներն էին՝ Թալին Ապանեան (հայերէն) եւ Մարիթա Մեծաչեան-Հարպոյեան (անգլերէն), որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը:

Ժամը 6:30ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ, մարզադաշտ ներկայացան եւ պատուոյ հարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները, Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանը եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանը:

Գեղեցիկ անակնկալ էր Պատուոյ նախագահի սկաուտական տարազով մարզադաշտ մուտքը: Առաջին անգամն էր, որ նման գեղեցիկ երեւոյթի մը առաջ կը գտնուէր ՀՄԸՄասէր հանրութիւնը: Երեւոյթ մը, որ հարազատ ՀՄԸՄականի տիպարը կը ներկայացնէր: Ահա ՀՄԸՄի շարքերէն անցած հայորդի մը, կեանքի դժուարութիւնները քաջաբար յաղթահարած եւ իր կեանքի ասպարէզին մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած, սակայն երբեք չշլացած ազգային մը, որ հպարտանքով կը կրէր սկաուտական իր տարազը. սիրելի իր այն կազմակերպութեան տարազը, որուն շարքերուն մէջ հասակ նետած, դաստիարակուած եւ ազգային նկարագիր կերտած էր: Եւ ահա սկաուտական տարազով Պատուոյ նախագահ մը, որ համայն աշխարհին կը բարձրաձայնէր, թէ ՀՄԸՄը այն եզակի կազմակեր- պութիւնն է, որ առողջ սերունդ կը դաստիարակէ եւ իր ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ հայորդիներ կը պարգեւէ:

Բիւրաւոր ՀՄԸՄասէրներուն առընթեր մարզադաշտ փութացած էին նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւիթեան եւ Արմանտօ Թորգոմեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իսմիրլեան ու Գօգօ Թոփալեան, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրէթա Չրախճեանները: Հոն էին նաեւ ՀՕՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի նախորդ տարիներու Պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, ՀՄԸՄի համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ ՀՄԸՄականներ:

ՀՄԸՄի Շրջանայինի խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան, ՀՄԸՄի բարձրագոյն խմբապետական փողկապ մը նուիրելէ ետք Պատուոյ նախագահ Կարօ Էշկիեանին, արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանէն սկսելու հանդիսութիւնը: Դրական պատասխան ստանալէ ետք, ան հրահանգեց սկսելու հանդիսութիւնը՝ դրօշակի արարողութեամբ: Ազգային երգերու խանդավառ քայլեղանակներու նուագումով մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի նուագախումբը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Մթնոլորտը առաւել շիկացաւ, երբ ժողովուրդին մէջէն ինքնավստահ քալուածքով ՀՄԸՄի արի-արենուշները մարզադաշտ ներկայացան, իրենց հետ բերելով Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեանի դրօշները: Ապա, գեղեցիկ տեսարան մը կազմելով մարզադաշտին վրայ, պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, զորդ դարձեալ նուագեց ՀՄԸՄի նուագախումբը: Ապա, անոնք մարզադաշտի վրայ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմին կողքին յարգանքով զետեղեցին դրօշները, որոնք ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին ծածանեցան, առաւել փայլք մը տալով հանդիսութեան:

Պաշտօնական յայտագիրը սկիզբ առաւ քոնկրեսական Շըրմընի ելոյթով, որուն ընթացքին ան, մատնանշելով հայութեան լաւ բարեկամներէն մէկը ըլլալու իր հպարտանքը, թուեց հայութեան ուղղուած բոլոր այն բարիքները, որոնց իրականացման նպաստած էր: Ան հերթով մատնանշեց Հայաստանի, Արցախի, սուրիահայերու եւ ջաւախքահայութեան տրամադրուած եւ տրամադրելի ամերիկեան նպաստները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացման ուղղուած իր ճիգերը եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Հայաստան:

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց փոխատենապետ Սեւակ Կարապետեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ուրախութեամբ մատնանշեց ըսելով. «Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէն ետք, այսօր հանգամանօրէն իրենց աւարտին կը հասնին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը, որոնց յաջողութեան լաւագոյն վկան դուք՝ բոլորդ էք, որ խուռներամ ներկայ կը գտնուիք եզրափակիչ այս հանդիսութեան: Բարի եկած էք»։

Ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄի Հարաւային Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններուն մասնակցութեան համար, ընդգծեց. «44 տարիներ անընդմէջ իրականացուող Նաւասարդեան այս մարզախաղերը լոկ մրցումներ չեն, պարզապէս յաղթանակներ արձանագրող ձեռնարկներ չեն. անոնք մեր երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր մթնոլորտի մը մէջ համախմբող ծրագիրներ են, որոնք ոչ միայն կը հարստացնեն ՀՄԸՄի պատմութիւնը, այլ նաեւ գեղեցիկ յուշերով կը ոգեւորեն մեզ եւ մեր հաւատքը կը զօրացնեն անոր հանդէպ: Նման աշխատանքներն են լաւագոյն թարգմանը ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ նպատակներուն»:

Եղբայրը յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղելէ ետք Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններուն եւ տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանին՝ Շրջանային վարչութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄական կամաւոր քոյր-եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան եւ իսկական թարգմանը հանդիսացան ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» կարգախօսին:

Կեդրոնական վարչութեան ա-նունով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Դաւիթեան, որ ՀՄԸՄը շրջանի ամենագործօն եւ ազդեցիկ հայ երիտասարդական միութիւնը նկատելով, ըսաւ. «Դուք բոլորդ էլ մեծ դեր էք ունեցել այս յաջողութիւնների մէջ, ինչպէս մեր նմոյշները՝ Պատուոյ նախագահներ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները եւ Տիպար ՀՄԸՄական սիրելի եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեանը»:

Կարեւորելով երիտասարդութեան դերը ՀՄԸՄի հզօրացման մէջ, ան ընդգծեց. «Հաւատացած ենք, որ միութեան ապագայի բանալին մեր գործունեայ երիտասարդների ձեռքին է: Անցեալ Մայիս ամսուայ մէջ, Աթէնքում 17 շրջաններից 40 երիտասարդ ղեկավարներ, դեսպաններ հիմքը դրեցին ՀՄԸՄի 3րդ գործնական մասնիկին՝ Երիտասարդական բաժանմունքին, հետեւելով մեր ռազմավարական ծրագրի ամենակարեւոր կէտերից մէկին: Ապագան պայծառ ենք տեսնում. ապագան հոս է»։ Ան ինքնզինք բախտաւոր նկատեց, որ ութ տարիներ եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնկան վարչութեան ներկայացուցիչը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին եւ խոստացաւ այսուհետեւ եւս շարունակել իր ծառայութիւնը ՀՄԸՄին:

Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայեց համախմբուելու Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութեան եւ տողանցքի առիթով:

«Մեր գաղութի զաւակներուն համար տօնախմբութեան վերածուած եւ անցեալի ուխտի օրերը յիշեցնող այս հաւաքները, անկասկած կը հետապնդեն միասնութեան եւ բռնցքուելու նպատակները, քաջ գիտնալով, որ ո՛չ միայն Նաւասարդեան օրերու պարուրանքը կը վերապրինք, այլ անհամբեր կը սպասենք հանդիպելու այս խաչմերուկին, ուր ՀՄԸՄի մարզիկներն ու սկաուտական շարքերը մեզ ի մի կը բերեն Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս փառահեղ հանդիսութեան, որ հաւաքական կամքի եւ աշխատանքի արդիւնք է», հաստատեց սրբազան հայրը:

Ապա, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը ՀՄԸՄի հաւատամքի խօսուն վկայութիւնը նկատելով, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին շնորհած է ՀՄԸՄի նման կազմակերպութիւն մը, ինչպէս նաեւ երախտիք յայտնեց անցեալի եւ ներկայի բոլոր ՀՄԸՄականներուն, որոնք «ՀՄԸՄը վերածեցին մարմնական թէ հոգեւոր դաստիարակութեան հնոց եւ կարգապահ մեր նորափթիթ փոքրերուն, մատղաշ պատանիներուն եւ խոստմնալից երիտասարդութեան՝ իսկական առաջնորդներ դառնալու դարբնոց»:

Փոխանցուած երեք տպաւորիչ պատգամներէն ետք, տեղի ունեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ շատ սպասուած տողանցքը: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նուագախումբի ազգայնաշունչ քայլեղանակներով ոգեւորուած, յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան՝ ՀՄԸՄի Հարաւային Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններու խումբերը, որոնց հետեւեցան «Հրաշքի» հրաշքները, ՀՄԸՄի Երիտասարդական բաժանմունքն ու շրջանի նորագոյն՝ ՀՄԸՄի «Կիլիկիա» միաւորէն եւ մինչեւ շրջանի հիմնադիր Լոս Անճելըս մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերը, յանձնախումբերն ու անդամները, իրենց վարչութիւններու գլխաւորութեամբ:

Անոնք տողանցեցին հպարտ եւ ինքնավստահ, հրճուանքով բարեւեցին ներկաները, գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ եւ հետեւեցան յանձնումի արարողութեան մարզական մր-ցումներու յաղթանակի բաժակներու, որոնք յանձնուեցան ա-ռաջնորդին, Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու, Վարդգէս Շխրտըմեանի, Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի ձեռամբ:

Մասնաճիւղերու ամիսներու երկար պայքարի արդար արդիւնքը հանդիսացող այս բաժակներու յանձնումը մեծապէս ոգեւորեց ներկաներն ու յատկապէս մասնաճիւղերը:

Այնուհետեւ, Շրջանայինի խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան մարզադաշտին վրայ ծածանած Նաւասարդեան դրօշը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետին, որ իր հերթին նուիրեց զայն Պատուոյ նախագահին:

Հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրի վերջին բաժինով, ելոյթ ունեցաւ գաղութիս սիրուած ՀՄԸՄական երգիչ Վարանդը, որ ապրումով ներկայացուց ՀՄԸՄի նուիրուած գեղեցիկ երգերու փունջ մը:

Այնուհետեւ Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ փառատօնի շրջափակին մէջ, ուր շրջանի սիրուած արուեստագէտներուն հրամցուցած երգերուն ընկերակցեցաւ հրավառութիւնը, առաւել շիկացնելով տիրող արդէն իսկ զուարթ մթնոլորտը:

Ստորեւ ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու արդիւնքները.

 

ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ

Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ

Գ. ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղ

 

ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ

Ա. ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ

 

ԹԵՆԻՍ

Ա. ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ

Գ. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

 

ԼՈՂ

Ա. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ

Գ. ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղ

 

ՎՈԼԻՊՈԼ

Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄ Հարաւային Ամերիկա

Գ. ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ

 

ՖՈՒԹՊՈԼ

Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

Բ. ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ

Գ. ՀՄԸՄի «Շանթ» Մասնաճիւղ

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, «Ասպարեզ»