կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-20 22:11
Քաղաքական

Ակնարկ. Ճգնաժամն Ու Յառաջիկայ Խորհրդարանը

Ակնարկ. Ճգնաժամն Ու Յառաջիկայ Խորհրդարանը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Ա. տարելիցի նախօրեակին ենք, եւ արդարադատութեան տեսանկիւնէն որեւէ հիմնական յառաջխաղացք չէ արձանագրուած: Հետաքննութիւնը որեւէ գործնական արդիւնքի չէ յանգած, եւ տակաւին իրաւականօրէն անորոշ է հարցաքննելի անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան առկախման գործընթացի աւարտը:

Հարցերը փոխկապակցուած են: Պետական հաստատութիւններու ոչ լիարժէք աշխատիլը, նոր կառավարութեան կազմութեան առկախումը, խորհրդարանական նիստերու պարագայական գումարումներու պատկերը կը յուշեն ամբողջ երկրին փապուղիին խորքը գտնուած ըլլալու իրականութիւնը:

Վարչապետին հրաժարումը` կառավարութիւն կազմելու պարտականութենէն եւ հետեւաբար նաեւ վարչապետի պաշտօնէն, առիթ տուաւ բողոքի սահմանափակ դրսեւորումներու: Բանակն էր, որ պահեց վերահսկողութիւնը` միաժամանակ մասնակցելով ներքին գործոց նախարարի բնակարանին դէմ գործուած ցուցարարները զսպելու գործողութիւններուն:

Վարչապետի հրաժարականի նախօրէին արդէն ո՛չ միայն քաղաքական շրջանակներու, այլ նաեւ հանրային կարծիքին մօտ կար այն համոզումը, որ վերջին արարն էր, որ կը գրանցուէր նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան կազմի շուրջ նախագահ-վարչապետ անհամաձայնութեան: Վերջինը, որովհետեւ վարչապետը պիտի հրաժարէր իր պարտականութիւնը շարունակելէ:

Վերջին օրերուն ոչ շատ համոզիչ հիմնաւորումներ շրջանառութեան մէջ դրուեցան, որ կառավարութիւնը լոյսին պիտի գայ եւ դուռ բանայ նոր շրջափուլի մը:

Արագօրէն աւարտած հանդիպումները երկու օրուան վրայ, համոզեցին, որ վերջին արարն էր, որ կը գրանցէր վարչապետը` յայտարարելու համար իր հրաժարականը:

Այնուհետեւ, լիբանանեան դրամանիշի անկման սուր միտումներ, անորոշութեան հաւաքական զգացումի մասին հրապարակումներ, տեղեկատուական հարթութեան վրայ սուր բանավէճեր, մեղադրանքներու փոխանակումներ եւ լիբանանեան ճգնաժամի հերթական փուլին վերաբերող երեւոյթներ:

Վառելանիւթի, դեղորայքի, սննդեղէնի եւ կենցաղային այլ տարրական անհրաժեշտութիւններու հետ կապուած տագնապի շարունակութիւնը սկսած է կապուիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Անոնք ըլլան կանխահաս թէ ատենին, այնուամենայնիւ կայ ճնշող մտայնութիւն, որ այս բոլոր տագնապներուն տուն տուող էական պատճառները կապուած են ձեւաւորուելիք փոփոխութիւններուն հետ:

Այս տրամաբանութեամբ ալ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն մէջ Իրանի կողմէ դադար վերցնելը չի նպաստեր լիբանանեան հանգուցալուծումներուն:

Կը թուի, թէ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ պարագայական օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին: Պատահական չէ, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կը կատարեն այն, ինչ որ պետութիւնը այսօր ի վիճակի չէ կատարելու: Պատահական չէ, որ բանակին ճամբով կը կազմակերպուին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ` համապատասխան ժողովուրդի տարրական կարիքներուն: Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Իրաքին կ՛արտօնուի վառելանիւթ հասցնել Լիբանան:

Ճնշամիջոցները չեն վերանար: Ֆինանսական պաշարումը ըստ էութեան պատժամիջոցային միջազգային քաղաքականութեան կիրարկում է այս երկրին նկատմամբ: Նոյն կեդրոնները սակայն այլ տեսքերով, կառավարութիւնը շրջանցելով կը հեռակառավարեն օժանդակութիւններու տրամադրումը` տարբեր տեսքերով եւ տարբեր միջոցներով:

Մէկ կողմէ ճնշելով, միւս կողմէ տարբեր բնագաւառներու մէջ կենսական թթուածինը ապահովելով իրավիճակը շարունակել մինչեւ ընտրութիւններ: Եթէ այս է ընթացքը, ընկերային-տնտեսական կացութենէն հիմնական բան չի փոխեր ուրեմն նոյնիսկ շուտով կազմակերպելի խորհրդարանական խմբակցութիւններու խորհրդակցութիւններուն հիման վրայ նշանակելի վարչապետին գլխաւորութեամբ կազմելի կառավարութիւնը:

Եթէ մինչեւ ընտրութիւն կայանայ նաեւ տարածաշրջանային-միջազգային ուժերու միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւնը, այդ պարագային նոյն ուժերուն համար երկրորդական կը դառնայ նաեւ ընտրելի խորհրդարանին բաղադրութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com