Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին հրաւէրով, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը պիտի ժամանէ Կեդրոնական «Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Իւան Արտալճեան:
Արտալճեան մեքենական մարզի ճարտարագէտ է՝ վկայեալ Պոսթընի համալսարանէն: 2009ին, ան ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ 2010էն ի վեր կը ղեկավարէ «Զուարթնոց» օդակայանի ելեկտրական բաժինը:
Որպէսզի Ջաւախքի կարեւորութիւնը յատուկ շեշտաւորում ունենայ շրջանի հայութեան մօտ, յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Մարտ ամիսը հռչակուած է «Ջաւախքի ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի հրապարակային, քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին հանրութեան պիտի ծանօթացուի Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնը եւ ջաւախքահայութեան կարիքները հոգալու հրամայականը:
ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը ամբողջ տարին ջանք չի խնայեր զանազան ծրագիրներով օգտակար հանդիսանալու ջաւախքահայութեան կեանքի բարելաւման գործին: Այս նպատակով յանձնախումբը, Վրաստանի հարաւային Ջաւախք շրջանին մէջ կը հովանաւորէ երեք երիտասարդական կեդրոններ, որպէսզի ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը ձեզ կը հրաւիրէ իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 20 Մարտին, Legacy Banquet սրահին մէջ. հասցէ՝ 6410 San Fernando Rd. Glendale, CA 91201:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, Իւան Արտալճեանի հետ նաեւ կազմակերպած է հանրային զրոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Մարտին. հասցէ՝ 211W. Chestnut St. Glendale, CA 91206:
«Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» կարգախօսով առաջնորդուող այս յանձնախումբը, 2001էն ի վեր աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ շրջանին մէջ եւ տարեկան իր հանգանակային, դաստիարակչական եւ գործնական զանազան նախաձեռնութիւններով կը խրախուսէ շրջանի հայութիւնը՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն:
Հովանաւորութեան, տոմսերու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք դիմել ՀՕՄի գրասենեակին՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ դիմելով [email protected] հասցէին:
Аsbarez.com