կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-11-01 14:10
Աշխարհ

Հակոբ Բագրատունիի անդրադարձը՝ Լիբանանի նախագահական ընտրությանը

Հակոբ Բագրատունիի անդրադարձը՝ Լիբանանի նախագահական ընտրությանը

Աղբյուրը՝ «Ազդակ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ իր դաշնակիցներուն նկատմամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքները հաստատ են ու անշեղ:

«Նախագահական ընտրութիւնը կը փափաքիմ կոչել պատմական պահ մը`  փակելու անցեալի էջը եւ հայեացքները ուղղելու դէպի ապագայ: Բոլորս պէտք է գործակցինք վերակառուցելու այն ինչ որ անցեալին փճացած է», նշեց ան:

Ան շեշտեց, որ զօր. Աունի նախագահ ընտրութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն երազն է` աւելցնելով, որ անոր ընտրութենէն ետք պէտք է փակել անցեալի էջը եւ անկէ դասեր քաղել, ինչպէս նաեւ միասնաբար գործել, որպէսզի կարելի ըլլայ արժանապատիւ Լիբանանը կտակել յաջորդող սերունդներուն:

Նախագահական պալատին մէջ զօր. Աունը շնորհաւորելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահի ընտրութենէն ետք բոլորս պէտք է պատրաստ ըլլանք հսկայական աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ թօթափել նախորդ տարիներու յուսալքումը:

«Զօր. Աունի ընտրութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ պայքարի, համբերութեան եւ շարունակականութեան ըմբռնումը, եւ անիկա օրինակելի պէտք է ըլլայ քաղաքացիներուն համար, որպէսզի անոնք պայքարին իրենց ձգտումներուն համար եւ կերտեն ազատ, գերիշխան ու արժանապատիւ հայրենիք մը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահը իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն է, որ ճանչցուած է բոլորին նկատմամբ բաց ըլլալու իր յատկանիշներով, անկեղծութեամբ եւ վճռակամութեամբ: «Ան կառավարիչ է, իրաւարար եւ իմաստուն: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այլեւս հանրապետութեան նախագահ կայ, եւ բոլորս պէտք է նեցուկ կանգնինք անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը վերականգնել», ըսաւ Յ. Բագրատունի: